Ատրպէյճանը Կը Փորձէ Իւրացնել Աղթամարի Սուրբ Խաչ Եկեղեցին

Աշխարհ

Ատրպէյճանի միջազգային սփիւռքի կեդրոնի ղեկավար Իսմայիլ Աղաեւը եւ իր հայատեացութեամբ յայտնի` Թուրքիոյ մէջ գործունէութիւն ծաւալող, այսպէս կոչուած, «Հայկական անհիմն պնդումներու դէմ պայքարի միութեան» նախագահ Կէոքսէլ Կիւլբէյը, այցելելով Աղթամար կղզի, տարածած են պատմութիւնը կեղծող հերթական յայտարարութիւնները: Այս մասին կը հաղորդէ Yerkir.am-ը։

Երկու կազմակերպութիւններու պատուիրակութիւնները՝ ատրպէյճանական դրօշներով՝ այցելած են Սուրբ Խաչ եկեղեցի, եւ Աղաեւն ու Կիւլբէյը համատեղ յայտարարած են, թէ իբր Աղթամարի Սուրբ Խաչ եկեղեցին կը պատկանի քրիստոնեայ թիւրքերուն, եւ շուտով, այդ ուղղութեամբ, պիտի իրականացուին հետազօտական աշխատանքներ:

«Հայերը, ուր խաչ տեսնեն, այդ հողերն ու եկեղեցիները հայկական կը համարեն: Աղթամար կղզիին մէջ գտնուող եկեղեցին հայերուն չի պատկանիր, այլ քրիստոնեայ թիւրքերուն, ասիկա քրիստոնեայ թիւրքերու յուշարձան է: Ասկէ քանի մը տարի առաջ հայերը ցերեկով թաքուն եկած են եւ եկեղեցւոյ վրայ հայկական տառեր գրած ու, մարդոց յիմարացնելով, ցոյց կու տան, որ ասիկա իրենց կը պատկանի: Բայց թող բոլորը գիտնան, որ ասիկա քրիստոնեայ թիւրքերուն կը պատկանի: Մենք` իբրեւ աշխարհի ատրպէյճանցիներ, իբրեւ սփիւռք, միջոցներ պիտի ձեռնարկենք հայերու դէմ»,- յայտարարած է Աղաեւը:

Կէոքսելն ալ Վանը հայկական մայրաքաղաք ներկայացնելը կեղծ համարած է: «Հայերը Վանը յայտարարած են մայրաքաղաք: Կարծես թէ այս տարածաշրջանին մէջ ո’չ թուրք, ո’չ քիւրդ, ո’չ ալ ատրպէյճանցիներ չեն ապրած: Կարծես այստեղ միշտ հայեր ապրած են, իսկ մենք ալ հայերու թափթփուկներն ենք: Անոնց միակ նպատակը ծովէ ծով ստեղծելն է: Սակայն մենք հզօր ենք: Որեւէ պահ Ղարաբաղը պիտի ազատագրենք»,- յոխորտացած է ան:

Պատմակեղծարարները նաեւ յայտարարած են, որ Ատրպէյճանի ազգային գիտութիւններու ակադեմիային մէջ սկսած են եկեղեցւոյ` թիւրքերուն պատկանելուն ուղղուած ուսումնասիրութիւնները եւ մօտ ժամանակներս խորհրդաժողով պիտի իրականացնեն ու «քրիստոնեայ թիւրքերը» այստեղ բերեն` պատարագ մատուցելու: