Հայաստանի Վերնախաւի Պառակտումները Շատ Հեռու Են Ժողովուրդի Առօրեայէն

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Մարք Յարութիւնեան

Բանն ասանկ եւ ոչ բամբասանք:

Հայաստանի մամուլը, տպագիր թէ հեռատեսիլային, անդադար կը սփռէ տեղեկութիւններ ոճիրներու, պատահարներու, կուսակցութիւններու, դատերու, ցոյցերու, ամբաստանութիւններու, մրցակցութիւններու, փոխադարձ անհատնում քննադատութիւններու, չարաշահումներու մասին: Պարզ. կարծէք երկիրը անհակակշռելի է եւ սովորական է, որ ամէն ոք կը փորձէ ինքն իրեն իրաւունքներ տալ, իշխանութիւն ձեռք բերել:

Տասնեակներով կուսակցութիւններ կան, նորեր կը յայտնուին: Լրատուամիջոցները կը յորդին դատաւորի, տնօրէնի եւ այլ պաշտօններէ հրաժարումներու եւ նոր նշանակումներու մասին տեղեկութիւններով:

Գումարեցէք անվերջանալի ճամբորդութիւնները, պաշտօնական անձերու եւ պատուիրակութիւններու ժամանումները, ժողովներու նկարահանումները եւ ճեպազրոյցները կրկնութիւններով՝ օրը քսանչորս ժամ:

Լրատուամիջոցները առատ նիւթ ունին:

Այսինքն Հայաստանի կեանքը կարծէք կը թաւալի այն իւրայատուկ շրջագիծէն ներս միայն՝ ինչ որ կարելի է կոչել վերնախաւ, եւ այդ վերնախաւի աշխարհագրութիւնը Երեւանն է:

Նոյնիսկ Աշտարակը կամ Եղվարդը, որոնք Երեւանի դռներուն կը գտնուին, տարբեր աշխարհներ են. անոնց բնակիչներն ալ իրենց աչքերը յառած են Երեւանի վրայ:

Ինչպէս որ էր Ֆրանսայի Վերսայի պալատը, Լուդովիկոս ԺԴ. թագաւորի ժամանակ:

Հայաստանի հեռատեսիլէն կայ միայն յայտագիր մը, զոր հաճոյքով կը դիտեմ, որ կը ներկայացնէ գիւղերը եւ գիւղացիները, իրենց կեանքի եւ աշխատանքի վայրին մէջ: Կը զգամ, որ Երեւանէն դուրս երկիր մը կայ, որ կը շնչէ, որ Երկիրն է: Լրագրողը իւրաքանչիւր հաղորդման ընթացքին կը կրկնէ՝ «Երկիրը երկիր է»: Արդարեւ այդ է: Այդ «երկիր»ն է ապագայի երաշխիքը. այդ է Հայաստանը: Անիկա կարիք ունի ճանապարհներու, դպրոցական շէնքերու, ոռոգման ջուրի: Այս մարդոց հետաքրքրութիւնը առաւելագոյնը կանգ կ՛առնէ մարզպետի եւ քաղաքապետի մակարդակին: Անոնցմէ անդին պատահածը եւ պատահելիքը լուսինին չափ հեռու են իրենցմէ, այսինքն՝ նախագահներու, վարչապետի, դատաւորի շանակումները, արտասահմանէն եկած հիւրերը եւ ընդունելութիւններն ու դէպի արտասահման վերնախաւի ճամբորդութիւնները:

«Նախկին»ի եւ «նոր»ի փոխադարձ քննադատութիւնները «Երկիրը երկիր է» խօսքի յայտագրին հաղորդավարի զրուցակիցներուն չեն վերաբերիր: Չաւարտող եւ ընդլայնուող, նոր ճակատներ բացող պառակտումները այլմոլորակային են իրենց համար: Այդ պառակտումները ոչ ճանապարհներու շինութեան կը ծառայեն, որպէսզի «Երկիրը երկիր է»ի մարդոց եւ թոշակառուներու առօրեան բարելաւեն, ոչ դպրոցներու:

«Վերնախաւ»ը բնաւ մտածա՞ծ է, թէ ի՛նչ կրնայ ընել համեստ քաղաքացին ամսական 25,000 դրամով: Պոտրումը, Անթալիան կամ Սոչին պարիկի պատմութիւն են 25,000 դրամով ապրողներուն համար: Իսկ Նիցցան եւ Էյֆէլի աշտարակը՝ մենաշնորհեալներու:

Զարմանալի կրնայ թուիլ թերեւս, եթէ ըսեմ, որ Հայաստանի մէջ դրամ կայ: Կը բաւէ շրջիլ տեսնելու համար բարձրացող շէնքերը, ինչպէս կ՛ըսուի՝ «էլիտար» շէնքերը, ընտրանիի յատուկ, շրջող ինքնաշարժներու (աւդոներու) յարաճուն թիւը, խճողուած ճաշարանները, վերջին նորոյթ սարքերը: Բայց պէտք է տեսնել մադրուշքաները (ցած առաստաղով հանրակառքերը), որոնց ճամբորդները կը թխ-մուին, եւ դժբախտութիւնը ունին միջահասակ կամ բարձրահասակ ըլլալու, եւ երբ ոտքի մնան, աթոռ չգտնեն, ամէն վայրկեան իրենց գլուխը կրնան վիրաւորել:

Կան նաեւ անմիջապէս փուլ գալու վտանգին ենթակայ բնակարաններ, որոնք անտեսանելի են վերնախաւի բարձունքէն: Մեծ վաճառատուներէն լեցուն եւ ուռած պայուսակներով դուրս եկողներ կան, բայց կայ նաեւ այն զանգուածը, որ հացին մէջ խաշած գետնախնձոր (կարտոֆիլ) կը փաթթէ եւ օր կ՛անցնէ:

Զբօսաշրջիկները այս բոլորը չեն տեսներ: Իրենց համար «տաքսի»ն աժան է, կեդրոնի սրճարանները եւ ճաշարանները աժան են, ձանձրանալու պատճառ չունին, տեսարժան վայրեր տանող ընկերութիւններ կան, անոնք փուլ գալու վտանգին ենթակայ տան ընտանիքը ցոյց չեն տար:

25,000 դրամ թոշակ ստացողները հէքիաթային անուններով ճաշարանները եւ խաղատուները պիտի չերթան: Տեսարժան վայրերու այցելու յաճախորդ չեն:

Բայց վերնախաւը, ինչպէս ամէն տեղ, ամբոխայնացում (populisme) խաղալով յոյս պիտի ծախէ, կը ծախէ, յոյս՝ որուն ինք պէտք չունի, ինք Ռուպիքոնին միւս կողմը կը գտնուի, կրնայ նոյնիսկ Ֆրանսայի թագուհիին պէս ըսել, որ եթէ հաց չունին՝ թող կարկանդակ ուտեն, հոս պիտի ըսեն՝ թխուածք:

Վերնախաւը կրնայ պառակտիլ, ողողել լրատուամիջոցները: 25,000 դրամ թոշակ ստացողներուն համար այդ պառակտումները կը նմանին թատրոնի: Ճիշդ այնպէս, ինչպէս ֆրանսացի քաղաքական գործիչ մը զանոնք սահմանած էր՝ bonnets blancs, bonnets blancs, բառակառուցումով, զոր դժուար է թարգմանել, ըսենք՝ սպիտակ գլխարկաւորները, գլխարկաւոր սպիտակները։

Եթէ քիչ մը Կանտիի դպրոցին հետեւէին վերնախաւի մարդիկ եւ կիներ, պետական եւ ազգային հարստութիւնը չհամարէին սեփական ագարակ, «Երկիրը երկիր է»ի հաղորդման ճանապարհները եւ փոխադրամիջոցները այլ կ՛ըլլային, մարդիկ մեծով պզտիկով փուլ գալու վտանգի ենթակայ յարկի տակ չէին ապրեր, եւ օր ու շաբաթ չէին անցըներ բաւաւարարուելով լաւաշի մէջ փաթթուած կարթոշկայով:

Վերնախաւի մարդիկ եւ կիներ ինչո՞ւ չեն ընկերանար «Երկիրը Երկիր Է» հաղորդաշարի նկարահանողին, ազգային վերաորակաւորման ենթարկուելու համար։