Յուլիսին Հայաստանի Մէջ Կ՝ակնկալուի Զով եւ Տեղումնառատ Եղանակ

Այլեւայլ, Հայաստան

Հայաստանի մէջ Յուլիսին կ՝ակնկալուի համեմատաբար զով եւ տեղումնառատ եղանակ: Այս մասին, Facebook-ի իր էջին գրած է ՀՀ ԱԻՆ օդերեւութաբանական ծառայութեան օդերեւութաբանութեան կեդրոնի պետ Գագիկ Սուրէնեանը:

«Այս տարուան Յուլիսին հանրապետութեան տարածքի եղանակակլիմայական պայմաններու ձեւաւորման վրայ իրենց հիմնական ազդեցութիւնը կը ձգեն Սեւ Ծովէն ներթափանցող խոնաւ եւ պաղ օդային հոսանքները, որուն իբրեւ արդիւնք, Յուլիսին, միջին ամսական ջերմաստիճանը հանրապետութեան ողջ տարածքին կը կանխատեսուի 1 աստիճանով բնականէն ցած, իսկ տեղումներուն քանակը բնականէն աւելի։ Ասիկա կը նշանակէ, որ պիտի ունենանք համեմատաբար զով եւ տեղումնառատ Յուլիս։ Հանրապետութեան ամենատաք վայրերուն մէջ (Արարատեան դաշտ, Սիւնիքի հովիտներ, Երեւան) ամսուան ընթացքին ընդամէնը 2-3 օր օդի ջերմաստիճանը կրնայ բարձրանալ ընդամէնը +37․․․+38 աստիճան»,- նշած է Գագիկ Սուրէնեան: