Համազգայինի «Գուսան» Երգչախումբը Արժանավայել Կերպով Նշեց Կոմիտասի 150-ամեակը

Սփիւռք

Հովանաւորութեամբ Համազգայինի Պէյրութի «Կոմիտաս» մասնաճիւղին, Համազգայինի «Գուսան» երգչախումբը Կիրակի, 30 Յունիս 2019-ի երեկոյեան, արժանավայել կերպով նշեց իր հիմնադիրին` Կոմիտասի ծննդեան 150-ամեակը: Համերգը տեղի ունեցաւ վարչապետարանին դիմաց գտնուող Ազգային աւետարանական եկեղեցւոյ մէջ, Զոքաք Պլաթ, ներկայութեամբ պաշտօնական, միութենական ներկայացուցիչներու եւ երաժշտասէր բազմութեան: Այս մասին կը հաղորդէ «Ազդակ»-ը։

Ձեռնարկին բացումը կատարեց Կարէն Արաբկիրեան, որ հայերէնով եւ անգլերէնով հերթաբար թուեց յայտագիրին կէտերը` նշելով երգերուն եւ անոնց կատարողներուն անունները: Խմբավար Գրիգոր Ալոզեանի հմուտ ղեկավարութեամբ շուրջ յիսուն անդամ հաշուող «Գուսան» երգչախումբը հմայեց ներկաները` զանոնք փոխադրելով կոմիտասեան օրերու «աշխարհը»: «Գուսան»-ի երկսեռ երգչախումբը, երգեհոնի մենակատարութեամբ Յասմիկ Գասպարեանի, ներկաներուն հրամցուց Կոմիտասի երաժշտութենէն փունջ մը երգեր ու խմբերգներ: Յատկապէս ուշագրաւ էին մեներգողներ Աւետիս Ագրապեան եւ Շողիկ Թորոսեան: Երգչախումբը նաեւ ներկայացուց «Իմ չինարի եարը» խորագրեալ երգը ընդգրկող յատուկ տեսահոլովակ մը` կատարողութեամբ «Գուսան» երգչախումբին:

Նշենք, որ այս առիթով եւ գործակցաբար Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» տպարանին, «Գուսան» երգչախումբը հրապարակած է Կոմիտասի տասներկու երգերն ու լուսանկարները ընդգրկող բոլորին հասանելի, փոքրածաւալ  յատուկ գրքոյկ մը:

Աւարտին, Համազգայինի Շրջանային վարչութեան անդամ, «Գուսան» երգչախումբի պատասխանատուներէն Կարէն Եոսուլքանեան հայերէնով եւ արաբերէնով անդրադարձաւ նշեալ գրքոյկի հրատարակութեան եւ յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք նպաստեցին այս երեկոյի համերգի իրագործման, յատկապէս` «Վ. Սէթեան» հրատարակչատան տնօրէն Յակոբ Հաւաթեանին, Համազգայինի Պէյրութի «Կոմիտաս» մասնաճիւղին եւ օրուան մեկենասներուն` Սարգիս Ճապաղջուրեանին եւ տէր եւ տիկին Հրայր եւ Անահիտ Տանձիկեաններուն: