Հայաստանն ու UNMAS-ի Սուրիական Գրասենեակը Պիտի Գործակցին

Աշխարհ, Հայաստան

Սուրիոյ մէջ ՀՀ դեսպան Տիգրան Գէորգեան եւ ՀՀ մարդասիրական խումբի ներկայացուցիչ Արկադի Տօնոյեան մասնակցած են ՄԱԿ-ի Ականազերծման ծառայութեան (UNMAS) սուիրիական գրասենեակի ղեկավար կազմի հետ քննարկումին:

ՀՀ Արտաքին գործոց նախարարութենէն  կը նշեն, որ անդրադարձ եղած է ՀՀ մարդասիրական խումբի կազմին մէջ եղող սակրաւորներու եւ UNMAS-ի սուրիական գրասենեակի միջեւ համագործակցութեան հնարաւորութիւններուն:

Տիգրան Գէորգեան ընդգծած է, որ երկու կողմերու ջանքերու ճիշդ համադրումը կրնայ Սուրիոյ մէջ մարդասիրական իրավիճակի բարելաւման համար դրական արդիւնքներ տալ:

UNMAS-ի ներկայացուցիչները բարձր գնահատած են Հայաստանի մարդասիրական առաքելութիւնը Սուրիոյ մէջ`  նշելով, որ մարդասիրական ականազերծման ոլորտին մէջ առկայ են համագործակցութեան բազմաթիւ եզրեր: