Արմէն Սարգսեան Պելառուսիոյ մէջ Այցելած է Բարձր Արհեստագիտութիւններու Պարկ

Հայաստան

Աշխատանքային այցով Պելառուսիա գտնուող Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան այցելած է Բարձր արհեստագիտութիւններու պարկ:

Նախագահին ուղեկցած են Հայաստանի տեղեկատուական արհեստագիտութիւններու շարք մը յայտնի ընկերութիւններու ղեկավարներ:

Բարձր արհեստագիտութիւններու պարկի տնօրէն Վսեուոլոտ Եանչեւսկի նախագահին ծանօթացուցած է այնտեղ գործող ընկերութիւններու նախագիծերուն եւ արտադրանքին: Նախագահին ներկայացուած են տարբեր բնագաւառներու` բժշկութիւն, բնութիւն, գիւղատնտեսութիւն, ժամանց եւ այլն, բարձր արհեստագիտական լուծումներն ու մշակումները: Անոնց մեծ մասը արդէն բաւական արդիւնաւէտ կը կիրառուին տնտեսութեան տարբեր ճիւղերու մէջ:

Նախագահը նաեւ փորձարկած է virtual իրականութեան մէջ գործող մ շարժակաւոր հեծանիւը: