Աննա Յակոբեան Լիբանանի Մէջ Պիտի Մասնակցի Հայ Մամուլին Նուիրուած Համահայկական Համաժողովին

Հայաստան, Սփիւռք

ՀՀ վարչապետի տիկին, «Իմ քայլը» եւ «City of smile/Ժպիտների քաղաք» բարեգործական հիմնադրամներու հոգաբարձուներու խորհուրդի նախագահ, «Հայկական ժամանակ» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Աննա Յակոբեան Յուլիս 1-ին Մեծի Տան Կիլիկիոյ Արամ Առաջին կաթողիկոսի հրաւէրով պիտի այցելէ Լիբանան` մասնակցելու Հայ մամուլին նուիրուած համահայկական համաժողովին:

Ինչպէս կը տեղեկացնէ Աննա Յակոբեանի գրասենեակը, Յուլիս 2-ին` համաժողովի բացման արարողութեան, տիկ․ Յակոբեան հանդէս պիտի գայ հայ մամուլի արդիական խնդիրներու վերաբերեալ ելոյթով:

Այցի ընթացքին ան պիտի հանդիպի Լիբանանի Հանրապետութեան նախագահի տիկնոջ Նատիա Աունի հետ: Պիտի այցելէ նաեւ Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ԵՈՒՆԻՖԻԼ առաքելութեան կեդրոնակայան եւ այնտեղ պիտի հանդիպի առաքելութեան կազմին մէջ ծառայող հայ խաղաղապահներու հետ: Վարչապետին տիկինը պիտի այցելէ նաեւ Հայոց Ցեղասպանութեան որբերու «Արամ Պեզիքեան» թանգարան: