ԱԺ-ն Ընդունեց Ոսկիկանութեան Զօրքերու Ծառայողներու Աշխատանքային Փորձը Կրկնակի Հաշուելու Օրինագիծը

Հայաստան

Հակառակորդի հետ սահմանագիծին վրայ մարտական հերթապահութիւն իրականացնելու ժամանակահատուածը կրկնակի պիտի հաշուառուի աշխատանքային փորձին մէջ նաեւ այն պարագային, երբ անիկա կ՝իրականացուի ոչ զինուած ուժերու կողմէ:

Ըստ Armenpress.am-ի՝ ՀՀ Ազգային ժողովը երկրորդ ընթերցումով եւ ամբողջութեամբ ընդունեց կառավարութեան կողմէ ներկայացուած «Պետական կենսաթոշակներու մասին» Հայաստանի Հանրապետութեան օրէնքին մէջ փոփոխութիւններ եւ լրացումներ կատարելու մասին օրէնքին նախագիծը:

Նախագիծը պատգամաւորներուն ներկայացուցած էր ՀՀ աշխատանքի եւ հասարակական հարցերու նախարարի տեղակալ Սմբատ Սաիյեանը: Նախագիծով մասնաւորապէս կ՝առաջարկուի սահմանել, որ հակառակորդի հետ սահմանագիծին վրայ մարտական հերթապահութիւն իրականացնելու ժամանակահատուածը կրկնակի հաշուառուի աշխատանքային փորձին մէջ նաեւ այն պարագային, երբ անիկա կ՝իրականացուի ոչ միայն զինուած ուժերու, այլ նաեւ այլ զօրքերու պարագային: Ասիկա կապուած է անոր, որ 2018-էն ետք հակառակորդի հետ անմիջական սահմանագիծին վրայ հերթապահութիւն սկսան իրականացնել նաեւ ոստիկանութեան զօրքերը:

Առաջինէն երկրորդ ընթերցումով քննարկման միջեւ ինկած ժամանակին՝ կառավարութիւնը ներկայացուցած էր առաջարկներ: Մասնաւորապէս յստակեցուած են  կենսաթոշակի նշանակման ժամկէտին հետ կապուած խնդիրները: «Մենք օրէնքի 14-րդ յօդուածէն կը հանենք նաեւ այն դրոյթը, որուն համաձայն՝ համատեղութեամբ աշխատած ժամանակահատուածը մասնակի կենսաթոշակի իրաւունք տուող փորձին մէջ չի հաշուառուիր: Համաձայն գործող իրաւակարգաւորումներուն, եթէ անձը աշխատած է համատեղութեամբ, օրինակ աշխատած է իբրեւ ուսուցիչ եւ այլ տեղ՝ իբրեւ ճարտարապետ, ուստի այդ ժամանակահատուածը անոր մասնակի կենսաթոշակի իրաւունք տուող փորձին մէջ չի հաշուառուիր: Կ՝առաջարկենք հանել այդ սահմանափակումը, որ կը նշանակէ, որ այսուհետեւ համատեղութեամբ աշխատած ժամանակահատուածը եւս պիտի հաշուառուի մասնակի կենսաթոշակի իրաւունք տուող եւ մասնակի կենսաթոշակի չափը հաշուարկելու համար հիմք ընդունուող աշխատանքային փորձին մէջ»,- ներկայացուցած է Սաիյեանը:

Նախագիծին կողմ քուէարկած է 102 պատգամաւոր: