«Ազդակ»-ի Ընտանիքի Անդամներէն Պօղոս Շահմելիքեանի «Ճամբորդութիւն Յիշողութեան Մէջ» Գիրքին Շնորհահանդէս` Պէյրութի Մէջ

Սփիւռք

Հովանաւորութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Նարեկ արքեպիսկոպոսին, կազմակերպութեամբ «Ազդակ» օրաթերթին եւ Համազգայինի Գիր ու գրականութեան մասնաճիւղին, երէկ` Հինգշաբթի, 13 Յունիս 2019-ին, երեկոյեան ժամը 7:30-ին «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Պօղոս Շահմելիքեանի «Ճամբորդութիւն յիշողութեան մէջ» գիրքին շնորհահանդէսը: Այս մասին կը հաղորդէ «Ազդակ»-ը։

Բացման խօսքը արտասանեց «Ազդակ»-ի պատասխանատու խմբագիրներէն Ժագ Յակոբեան, որ դիտել տուաւ, թէ գրական այդ հանդիպումով մեկնարկը կը կատարեն ձեռնարկներու շարքի մը, որուն ընդմէջէն, «Ազդակ»-ի խմբագրութիւնը եւ Համազգայինի Գիր եւ գրականութեան մասնաճիւղը համագործակցաբար պիտի կազմակերպեն գիրքերու շնորհահանդէսներ եւ գրական-մտաւորական լսարանային հանդիպումներ: Ըստ անոր, թէեւ կայ այն տպաւորութիւնը, որ հայ մտաւորական կեանքը հետզհետէ աւելի կը խամրի, մտաւորականներ, գրողներ կը լքեն պատնէշը, անոնք ազդու խօսք չունին այլեւս, բայց եւ այնպէս, մանաւանդ սփիւռքի մէջ, տակաւին կը մնան հայ մտքի մշակներ, ձեւով մը մարտիկներ, որոնք տակաւին կը ստեղծագործեն եւ իրենց ստեղծագործական աշխատանքով կու գան բան մը աւելցնելու հայ գրականութեան բազմադարեան ժառանգութեան վրայ:

Ժագ Յակոբեան նշեց, որ այդ սակաւաթիւ մտքի մշակներէն մէկն է գրող Պօղոս Շահմելիքեան, որուն նոր լոյս տեսած «Ճամբորդութիւն յիշողութեան մէջ» հատորը յուշագրական բնոյթի գեղարուեստական պատկերներով ստեղծագործութիւն մըն է, որուն նուիրուած է այդ երեկոն:

«Ազդակ»-ի խմբագրութեան անունով խօսք առաւ «Ազդակ»-ի պատասխանատու խմբագիր Նորա Բարսեղեան, որ անդրադարձաւ մարդկային յարաբերութիւններուն` զանոնք նմանցնելով օղակուող շղթայի մը, որուն կազմութեան համար հիմնական տեղ կը գրաւեն անկեղծութիւնը, հարազատութիւնը, հասկացողութիւնը, յարգանքն ու սէրը: Այս հաստատումէն մեկնելով ան ըսաւ. «Խօսիլ «Ազդակ»-ի մեծ ընտանիքին եւ մեր սիրելի Պօղոս Շահմելիքեանի մասին, կը նշանակէ անպայման խօսիլ վերոյիշեալ անքակտելի եւ փայլուն շղթային մասին, որուն իւրաքանչիւր օղակին ստեղծման մէջ իր անմիջական եւ մեծ դերակատարութիւնը ունեցած է Պօղոս Շահմելիքեան, որ հետամուտ եղած է այս յարաբերութիւնը ո՛չ միայն աչքի լոյսի նման պահպանելու, այլ նաեւ ամրապնդելու եւ հետզհետէ զօրացնելու, իսկ իր այս մօտեցումին հիմքը «Ազդակ»-ի նկատմամբ անոր մեծ յարգանքն ու արժեւորումն է, «Ազդակ»-ի անձնակազմին նկատմամբ միշտ դրական եւ հոգածու վերաբերումը, մեր եւ անպայման ի՛ր օրաթերթը ո՛չ միայն իր անմիջական շրջանակին, այլեւ աշխարհով մէկ տարածուած ընկերներուն հասանելի դարձնելու մնայուն ճիգը»:

Ան ըսաւ, որ 6 տարի անընդմէջ Պօղոս Շահմելիքեանը ուրախութեամբ արտադրած, ստեղծագործած, պրպտած ու «Ազդակ»-ին վստահած է իր մտքին, հոգիին ու սրտին արգասիքները, իսկ «Ազդակ» իր կարելիութեան սահմաններուն մէջ, միշտ փորձած է գուրգուրանքով, բծախնդրութեամբ եւ ուշադրութեամբ վերաբերիլ հետեւողական կերպով իրեն ուղարկուած յօդուածներուն հետ, որոնք ունեցած են ընթերցողներու լայն խաւ մը, որ սիրած է գրութիւններուն նիւթերը, հեղինակին պարզ ու հաղորդական ոճը, իրական կեանքին առնչուած ըլլալը, տողերուն մէջ թաքնուած սրամտութիւնները, երգիծական ակնարկութիւնները, մարդոց ցաւերն ու հոգերը, ուրախութիւններն ու անմոռանալի պահերը, աւանդութիւններն ու կեանքը ամբողջ:

Խօսելով Պօղոս Շահմելիքեանին ու «Ազդակ»-ի միջեւ կապին մասին` Ն. Բարսեղեան շեշտեց, որ անիկա եղած է միշտ հեզասահ, դիւրահաղորդ, անկեղծ ու անմիջական: Կապ մը, որով միշտ հպարտ զգացած է Պօղոս Շահմելիքեան, սակայն «Ազդակ»-ի խմբագրակազմը եւս շատ ուրախ էր ու է անոր ստորագրած յօդուածներով, որոնց նիւթերը մերթ առնուած են հայ առօրեայէն, մերթ պեղումներն են յիշատակներու` ո՛չ միայն իրեն վերաբերող, այլեւ յաճախ լիբանանահայութեան, ինչպէս նաեւ ազգային մեր կեանքին ընդհանրապէս:

Ան ըսաւ, որ Պօղոս Շահմելիքեան սիրած է «Ազդակ»-ը, եղած է հարազատ մէկ անդամը ամէն օր թերթը լոյսին բերելու պայքար մղող այս ընտանիքին, ան երբեք չէ նեղուած ու չէ նեղացուցած, երբ կամայ թէ ակամայ իր յօդուածներու հրատարակութիւնը ուշացած է, երբեք չէ բողոքած, որ բառ մը կամ տող մը փոխած ենք իր գրութեան մէջ, երբեք իրերայաջորդ հեռաձայններ չէ ըրած տեղեկացնելու, որ յօդուած գրած է ու պահանջած հրատարակութեան թուականը:

Խօսքի աւարտին Նորա Բարսեղեան` խօսքը ուղղելով Պօղոս Շահմելիքեանին ըսաւ. «Ազդակ»-ի անունով շնորհակալութիւն կը յայտնենք քեզի, որ մէկ թանկագին անդամն ես մեր ընտանիքին, երախտապարտ ենք, որ մեր էջերը հարստացուցիր քու գրութիւններով, միշտ հետամուտ ըլլալով, որ ըլլանք զանոնք լոյսին բերող առաջինը, ուրախ ենք, որ այսօր անոնք համախմբուած են եւ հանրութեան կը ներկայանան գիրքի տեսքով` միասնաբար յաւերժանալու համար քու ընթերցողներուդ գրադարաններուն մէջ: Արժանի ես ասոր:

Հաւատա՛, որ պիտի շարունակենք քեզմէ նորանոր յօդուածներ պահանջել, պիտի խնդրենք, որ մեր ընտանիքէն երբեք չհեռանաս, որովհետեւ բացակայութիւնդ անպայման զգալի պիտի ըլլայ, յօդուածներուդ չգոյութիւնը մեծ բաց մը պիտի ստեղծէ»:

Հատորը ներկայացուց Յունաստանէն յատկապէս այս առիթով Լիբանան գտնուող կրթական-հասարակական գործիչ Միհրան Քիւրտօղլեան, որուն առաջին հաստատումը եղաւ այն, թէ Շահմելիքեանի յօդուածներէն վճիտ կերպով կը ցոլայ մարդակեդրոն մտածողութեամբ հեղինակ մը, որ կը հաւատայ մարդ կոչուած տեսակին ու անոր գերազանց արժէքին, նոյնպէս անոր գրութիւններէն կը ցոլայ հեղինակին «հայօղլու հայ անհատը` հայու ներքին խռովքներով, մերթ վհատ ու մելամաղձոտ, երբեմն հպարտ ու գալիքով յուսալի, բայց միշտ զգաստ, որեւէ պարագայի, վհատութեան թէ հպարտութեան մէջ միշտ զուսպ, առանց հռետորական աւելորդ ու անհարկի զեղումներու»:  Ան դիտել տուաւ, որ «Ճամբորդութիւն յիշողութեան մէջ» գիրքին առանցքը գրեթէ միշտ հեղինակն է, ան գլխաւոր դերակատարն է իր բացած կեանքի բեմին ու պարզած վիճակներուն, սակայն այս հանգամանքը ո՛չ մէկ պատկեր գունատած է, ո՛չ մէկ վիճակ նսեմացած կամ իմաստազրկուած է իր ներկայութեան պատճառով: «Ամէն տեղ ընթերցողին տիրապետողն ու անոր վրայ ներազդողը ներկայացուած վիճակներն են: Ան ինքզինք հոն դրած է այնպիսի հմտութեամբ, նրբազգաց վարպետութեամբ, որ կը զգաս, թէ կրնար հեշտութեամբ իր անձը փոխարինել ուրիշով մը: Հոս է արդէն, իմ կարծիքով, իր արուեստին մեծ հրապոյրը», շեշտեց Քիւրտօղլեան` աւելցնելով, որ հեղինակին ներկայութիւնը դէպքերուն մէջ աւելի վաւերագրական ու հարազատ կը դարձնէ գրութիւնը: Ըստ անոր, Պօղոս Շահմելիքեանի յօդուածները ընթերցողը կը մղեն խորհրդածութեան, ան ողբերգութիւնները կ’ապրի առանց ողբի, ճիգ չկայ ընթերցողը յուզելու կամ տպաւորելու, այլ բառերուն մէջ թաքնուած իմաստներ կան: Ան նաեւ օժտուած է երգիծանքի, զուարթամտութեան զգայարանքով, որով յաճախ համեմուած են իր գրութիւնները, եւ որոնք կ’աւելցնեն անոնց գրաւչութիւնը:

Անկէ ետք Միհրան Քիւրտօղլեան անդրադարձաւ ընդհանրապէս գրութեան մէջ լեզուի ու ոճի կարեւորութեան եւ դերակատարութեան, ապա շեշտը դրաւ Պօղոս Շահմելիքեանի իւրայատկութիւններուն վրայ. «Ան նիւթն ու լեզուն, ձեւն ու բովանդակութիւնը ներդաշնակող, զանոնք իրարու կապող ու մէկ միաւորի վերածող, յաճախ նաեւ թեթեւ երգիծանքով համեմուած, պարզ ու հաղորդական ոճ մը ունի, որուն շնորհիւ իր գրութիւնները հաճելիութեան սահմանէն անդին կը տանին ընթերցողը եւ իրենցմով կը յափշտակեն զայն, ինչ որ յատկանիշն է արուեստի որեւէ ժանրի պատկանող երկերու: Խօսելով գիրքին բովանդակութեան մասին` ան ըսաւ, թէ դէպի յիշողութիւն ճամբորդութեան մէջէն հեղինակը մակերես կը բերէ ընդհանրապէս Լիբանանի եւ յատկապէս լիբանանահայ կեանքի գերազանցօրէն մարդկային երեսը, յարաբերութեանց ջերմութիւնը, «հրէշային» յիշողութեամբ կը նկարագրէ հին օրերու հայ տիպարներ, բարքեր, միջավայր, վայրեր, մթնոլորտ, մանկութեան սովորութիւններ ու խաղեր, հայկական հին թաղեր, ուր մարդիկ կ’ապրէին իբրեւ ընտանիքի անդամներ:

«Կը ներկայացնէ այդ թաղերու ջերմ ու մտերմիկ, այլեւ դժխեմ կեանքը եւ հայ մարդոց ու ընտանիքներուն վերապրումի մղձաւանջային մաքառումները, որոնք տարիներու հետ հետզհետէ ձեւ ու կերպարանք կ’առնեն` ողորմելի վիճակէն վերածուելու համար լիբանանեան կազմակերպ հայօճախի` դպրոցներու, եկեղեցիներու, ակումբներու ցանցով, մշակութային ու մարզական աշխուժութիւններով, քաղաքական ազդու ներկայութեամբ, Հայ դատի պայքարունակ նախաձեռնութիւններով եւ տնտեսական բարգաւաճումով` հասնելու համար հոն, ուր ամրան 3-4 ամիսներուն Տուհուր Շուէյրէն Պոլոնիա ու Մրուժ բոլոր ճաշարաններէն կը լսուէին հայկական երգն ու երաժշտութիւնը:

«Պօղոս Շահմելիքեանի գիրքին ամբողջութիւնը ապրուած կեանքի պատմութիւն մըն է` գրուած մերախով, կարօտով ու անուշ թախիծով, պարզ ու հաղորդական ոճով եւ իբրեւ այդպիսին, ըստ ինծի, անիկա նոր հարստութիւն մը կ’աւելցնէ մեր գեղարուեստական գրականութեան վրայ», եզրափակեց Միհրան Քիւրտօղլեան:

Ապա ողջոյնի խօսք ուղղեց հատորի խմբագիր Արմէն Իւրնէշլեան, որ դիտել տուաւ, թէ գիրքը զրոյց է ընթերցողին հետ, որմէ կը ծնի Պօղոս Շահմելիքեանի ոճին ու լեզուին պարզութիւնը: Անոր համաձայն, իւրաքանչիւր պատումի մէջ հեղինակը ընթերցողը կը մղէ մտածելու տողերուն բովանդակած նիւթերուն մասին, որոնք բազմազան են: Արմէն Իւրնէշլեան հիմնականօրէն կեդրոնացաւ «լիբանանապատում»-ին վրայ, որ տիրական է այս գիրքին մէջ, որուն հեղինակը Միացեալ Նահանգներ կ՛ապրի, սակայն հոն տեղի ունեցող ամէն դէպք զինք կը բերէ Լիբանան, կը վերադարձնէ լիբանանեան կեանքին ու անցեալին, իր յիշատակներուն, ընկերներուն, միջավայրին: Ըստ անոր, թէեւ հատորին մէջ կան լիբանանեան դառնութիւններ, ծանր օրեր, սակայն անոնք անուշցած կը ներկայացուին, որովհետեւ անցած են յիշողութեան մաղէն:

Արմէն Իւրնէշլեան ըսաւ, թէ լիբանանահայութեան պատմութիւնը գեղարուեստական ոճով, հարազատութեամբ, համով ու հոտով ներկայացնող եւ լիբանանահայ պատկանելիութեան զգացումը շեշտող ծաղկաքաղի մը պատրաստութեան պարագային, անպայման հոն իր տեղն ու դերը պիտի ունենայ «Ճամբորդութիւն յիշողութեան մէջ» հատորը:

Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Սելլա Թնճուկեանին խօսքը կարդաց Սալբի Խաչատուրեան-Աւետիս: Ս. Թնճուկեան կը վկայէ, որ Պօղոս Շահմելիքեանի գրական քայլերուն հետեւած են ճեմարանական խումբ մը ընկերներով, որոնց համախմբման խթանը հանդիսացած է Յակոբ Եափուճեան, որ նաեւ եղաւ «Ազդակ»-ին եւ Պօղոս Շահմելիքեանին միջեւ կապը: Այդ խումբին մէջ մտածումներ, յուշեր, յօդուածներ բաժնեկցելու կողքին, յայտնուեցան նաեւ հայերէն գրելու ծարաւ անձեր` Պօղոս Շահմելիքեանն ու Հուրիկ Թուխանեանը, որոնք տասնեակ տարիներէ ի վեր Միացեալ Նահանգներ կը գտնուէին, սակայն պահած էին իրենց սահուն հայերէն գրելու սէրն ու կարողութիւնը:

«Ականատես եղանք մեր մէջէն  գրողի մը օրէ օր վերելքին: Պօղոսին գրիչը թափ առաւ, եւ ան շարունակեց գրել, անոր յօդուածները յաջորդեցին իրարու: Պօղոսին գրութիւնները բազմապատկուեցան` շօշափելով այլազան նիւթեր: Պօղոսին հայերէնը մատչելի է բոլորին, ան չունի մեծ գրողի մը յաւակնութիւնները: Կ’ուզէ հասանելի ըլլալ ժողովրդային լայն զանգուածին, այդ պատճառով ալ որդեգրած է պարզ ու անմեղ ոճ` լաւատեսութեամբ թաթաւուն», հաստատեց Ս. Թնճուկեան, որ աւելցուց, որ յօդուածներուն մէջ կայ այլազանութիւն` վայրերու, նիւթերու, զգացումներու: Շեշտելով, որ Պօղոս Շահմելիքեանը քաջալերողներէն հանդիսացած է նաեւ Պօղոս Սնապեան` Սելլա Թնճուկեան շնորհաւորութիւններ փոխանցեց եւ մաղթեց, որ ապագայ երիտասարդ գրողները քաջալերող ըլլայ այս հատորը:

«Վանայ ձայն»-ի տնօրէն Վիգէն Աւագեան իր ողջոյնի խօսքին մէջ նշեց, որ «Ճամբորդութիւն յիշողութեան մէջ» գիրքը կ’ընթերցուի մեծ հետաքրքրութեամբ, մէկ շունչով, որովհետեւ հոն բառեր չկան միայն, այլ նաեւ զգացումներ, ապրումներ, յիշատակներ, որոնք լիբանանահայը կը տանին դէպի անցեալ: «Պօղոս Շահմելիքեան կը նմանի վարպետ ճարտարապետի մը, որ կը փորձէ գրիչո՛վ վերականգնել լիբանանահայ անցեալը իր բոլոր բաղադրիչներով, մթնոլորտով, միջավայրով, համով ու հոտով, բայց մանա՛ւանդ հերոսներով, որոնք անպայման իրենց ժամանակի հանրածանօթ դէմքեր չեն, հռչակ ու անուն ունեցող մարդիկ չեն, այլ` սովորական թաղեցիներ են, հարազատներ են, բարեկամներ ու գործակիցներ, որոնք, սակայն, իրեն շնորհիւ կը մեծնան մեր դիմաց, կ’անմահանան ու պատմութեան կը յանձնուին», շեշտեց Աւագեան:

Ապա ան խօսեցաւ «Վանայ ձայն»-ին եւ Պօղոս Շահմելիքեանին միջեւ համագործակցութեան մասին` դիտել տալով, որ ան յատուկ է աշխատասիրութեամբ, ճշդապահութեամբ, պարտաճանաչութեամբ եւ բծախնդրութեամբ: Ձայնասփիւռի կայանէն արդէն իսկ վաւերագրական յայտագիրներու շարք մը սփռուած է` Շահմելիքեանի նախորդ գիրքին հիման վրայ պատրաստուած եւ մեծ յաջողութիւն գտած, իսկ յառաջիկային այս գործակցութիւնը պիտի արդիւնաւորուի յայտագիրներու երկրորդ շարքով մը, որ աւելիով պիտի հարստացնէ սփիւռքահայ երգարուեստի մեր պատմութիւնը: Վիգէն Աւագեան նշեց, որ Պ. Շահմելիքեան կը գրէ ինչպէս կը նուագէ` կատարեալ հարազատութեամբ եւ անկեղծութեամբ, մարդկային տաք շունչով եւ երաժշտական կտորի մը գեղեցկութեամբ, այդ պատճառով ալ մամուլի փնտռուած ներկայացուցիչներէն է:

Իր սրտի խօսքը ուղղեց նաեւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, որ յայտնեց, թէ Պօղոս Շահմելիքեանի գրութիւններուն ընդմէջէն ինք եւս վերապրած է հին օրերը, տարբեր շրջաններու մէջ, տարբեր ժամանակներու եւ տարբեր մթնոլորտով: Ան հաստատեց, որ, թէեւ գիրքը գիտական վաւերագրութիւն մը չէ, սակայն յիշողութեան գանձարան մըն է անպայման, որ լիբանանահայ գաղութի պատմութեան մէջ հսկայական ներդրում ունի, որովհետեւ անոնք մանրամասն կը նկարագրեն ամէն ինչ, պատկերներ կը վերականգնեն, մեծ դէմքերու, խոնարհ մարդոց, պարզ անհատներու մասին կը խօսին, իսկ այս բոլորը պիտի փոխանցուին յաջորդող սերունդներուն` աւելցնելով, որ այս առումով հսկայական գործ կատարած է Պօղոս Շահմելիքեան, նաեւ տիպարներ կենդանացնելով: Յ. Բագրատունի ըսաւ, թէ գիրքին մէջ կը ներկայացուին մարդկային պարզ ու անմիջական յարաբերութիւնները, անցեալի չարաճճիութիւնները, երիտասարդական արկածախնդրութիւնները, ուսուցիչ-աշակերտ յարաբերութիւնը, ամավերջի հանդէսներուն պարզութիւնը, ընտանեկան մտերմիկ հաւաքոյթները, կապերը, ակմբային կեանքը, Լիբանանէն հեռացած, սակայն Լիբանանով ապրողի մը հոգեկան վերիվայրումներն ու իրավիճակը: Ան հաստատեց, որ Պօղոս Շահմելիքեան, այս բոլորին կողքին, իր գրութիւններով կ’ապրեցնէ լեզուն, լիբանանահայութեան կեանք մը ամբողջ կը վերակենդանացնէ, ինչ որ կարեւոր աշխատանք է:

Ապա խօսքը տրուեցաւ հատորի հեղինակ Պօղոս Շահմելիքեանին, որ անդրադարձաւ իր յօդուածագրութեան ուղիին սկիզբին` նշելով, թէ այսօր արդէն իսկ աւելի քան 150 գրութիւններ լոյս աշխարհ եկած են «Ազդակ»-ի էջերուն մէջ: Ան նշեց, որ մշակոյթի հանդէպ բացառիկ սէր ունեցած է միշտ, սակայն պայմաններու բերումով կլանուած է երաժշտութեամբ, որ եղած է իր գլխաւոր զբաղումը, որուն նուիրուած գիրք մըն ալ գրած է` այն մտածումով, որ ատիկա պիտի ըլլայ իր միակ հատորը: Սակայն դիպուածով, բարեկամներու, «Ազդակ»-ի ու ամբողջ փաղանգի մը քաջալերանքով արդէն իսկ լոյս տեսած է իր երկրորդ գիրքը` Անթիլիասի մայրավանքի «Ռիչըրտ եւ Թինա Գարոլան» հիմնադրամէն: Այս առիթով ան յատկապէս յիշեց ճեմարանական ընկերը, ողբացեալ Յակոբ Եափուճեանը, որ բանիւ ու գործով քաջալերող հանդիսացաւ իրեն, «Ազդակ»-ի ընտանիքէն Շահան Գանտահարեանն ու Նորա Բարսեղեանը, Եփրեմ արք. Թապագեանը, որոնք տարբեր ձեւերով իրենց ներդրումը ունեցան յօդուածներու տպագրութեան եւ գիրքի հրատարակութեան մէջ:

Պօղոս Շահմելիքեան ցաւ յայտնեց, որ գրելու այս հունին մէջ չէ մտած երիտասարդ տարիքին, երբ իր ծնողները տակաւին կենդանի էին, որպէսզի անոնցմէ տեղեկութիւններ ստանար, յուշեր քաղէր ու անմահացնէր: Բայց եւ այնպէս ան խոստովանեցաւ, որ տակաւին անհատնում գրելիք ունի` հաստատելով, թէ պիտի շարունակէ արտադրել ու մոռացութենէ փրկել դէպքեր ու դէմքեր, այնքան ատեն որ ունի կարողութիւնը:

Իր խօսքի աւարտին Պօղոս Շահմելիքեան շնորհակալութիւն յայտնեց շնորհահանդէսի յաջողութեան սատարողներուն, գիրքի հրատարակութեան նեցուկ կանգնողներուն եւ ներդրում ունեցողներուն, նաեւ բոլոր անոնց, որոնք իր կողքին եղած են այս ուղիին վրայ` հաստատելով, որ շնորհակալութիւն յաճախ կ’ըսուի, սակայն «երախտագիտութիւն կայ այսօրուան շնորհակալութեան մէջ, որ կու գայ սրտիս խորքէն»:

Եզրափակիչ խօսքը արտասանեց հեղինակին բարեկամը` Եփրեմ արք. Թապաքեանը, որ հաստատեց, թէ երեկոն ուրախութեան առիթ է, որովհետեւ մեծաթիւ անձեր համախմբուած են նման հրատարակութեան մը լոյս ընծայումը տօնելու: Ան անդրադարձաւ Պօղոս Շահմելիքեանի հետ իր ծանօթութեան, որուն մղիչ ուժը «Ազդակ»-ի մէջ լոյս տեսած համով-հոտով, Արամ Հայկազը յիշեցնող անոր յօդուածներն են, որոնց հեղինակին ծանօթանալու նախաձեռնութեան դիմած է անձամբ հեռաձայնելով անոր տունը եւ հանդիպում խնդրելով անոր հետ: Այսպիսով տրուած է առաջին այցելութիւնը, որ վերածուած է բարեկամութեան, որուն արգասիքն ալ «Ճամբորդութիւն յիշողութեան մէջ»-ն է: Ան նկարագրեց Պօղոս Շահմելիքեան բարեկամը` իբրեւ շատ զգայուն, բարի, ամչկոտ եւ ազնուական անձնաւորութիւն մը, որուն նկարագիրը լաւագոյնս կը յարմարի իր մականունին` արքայազուն ընտանիքէն եկող:

Եփրեմ արքեպիսկոպոս ըսաւ, թէ ինչպէս եղած է ընթացքը նման գիրքի մը հրատարակութեան առաջարկը իր կողմէ Արամ Ա. կաթողիկոսին կատարուելուն, ապա հիմնադրամին ներկայացուելուն եւ գիրքի ծննդոցին: Ան հաստատեց, որ կապն ու գործակցութիւնը պիտի շարունակուին եւ արգասաւորուին:

Աւարտին տեղի ունեցաւ գինեձօն եւ գիրքի մակագրութիւն: