Ընկերվար Միջազգայնականը Դէմ Է Որեւէ Խտրականութեան. Մարիօ Նալպանտեան

Հայաստան, Սփիւռք

Ընկերվար միջազգայնականի փոխնախագահ, ՀՅԴ Բիւրոյի նախկին անդամ Մարիօ Նալպանտեան, որ նոյնպէս ներկայ եղած է օրեր առաջ Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած «Միտքերու հայկական գագաթնաժողով»-ին, «Երկիր»-ին հետ զրոյցի մը ընթացքին ըսաւ, որ նախագահ Արմէն Սարգսեանի նախաձեռնած ձեռնարկը բացառիկ էր, եւ պէտք է շնորհակալութիւն յայտնել անոր:

Ըստ անոր, ե՛ւ կազմակերպչական, ե՛ւ խորքային իմաստով լուրջ ներկայացուածութիւն ապահովուած էր, լուրջ քննարկում ծաւալած էր  առանձնացուած հարցերու շուրջ: «Շատ լուրջ մարդիկ կային, բոլորն ալ` արհեստավարժ իրենց մասնագիտութեան մէջ: Համաժողովին ժամանակ աւելի շատ խօսուեցաւ «Հայթեքի» եւ նորարարութեան նիւթերուն մասին: Կարեւոր էր Ֆրանսայի նախկին վարչապետ Տոմինիք տը Վիլիենի, ամերիկացի նախկին զօրավարներէն մէկուն ներկայութիւնը: Պարոն նախագահին բացման խօսքն ալ բաւական տպաւորիչ էր, ու անոր ներկայացուցած ճառը, որուն մէջ կը խօսէր Հայաստանի տեսլականին մասին: Այդ ամէնը մեծ յոյս կը ներշնչէր: Ես ալ կրցայ իմ խօսքս ըսել իբրեւ Ընկերվար միջազգայնականի փոխնախագահ»,- ըսաւ Մ. Նալպանտեան` աւելցնելով, որ ընտրուած օրակարգն ու նիւթերը լուրջ են, իրատեսական:

Մարիօ Նալպանտեան ընդգծեց, որ Հայաստանի տնտեսութիւնը կրնայ  աւելի արագ զարգանալ, եթէ համաժողովի ժամանակ հնչած բոլոր միտքերը կեանքի կոչուին, ու միտքերու բախումը, որ տեղի ունեցաւ երեք օրուան ընթացքին, հետեւութիւն ձգէ, շարունակութիւն ունենայ: Ան յոյս յայտնեց, որ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահը կարենայ այնպէս մը ընել, որ այդ բոլորը իրականանան, այլ ոչ թէ մնան իբրեւ գեղեցիկ գաղափար կամ միջոցառում:

Ինչ կը վերաբերի Ընկերվար միջազգայնականի գործունէութեան` Մարիօ  Նալպանտեան ընդգծեց, որ կազմակերպութիւնը, հետեւողական ըլլալով  իր անցեալին, թէ՛ այսօր, թէ՛ ընդհանրապէս իր առջեւ նպատակ դրած է խաղաղութեան ամրապնդումը այնտեղ, ուր տագնապներ կան: «Թէ՛ լատինամերիկեան երկիրներուն, թէ՛ մեր շրջանին մէջ եթէ  տագնապներ կան, կը փորձենք երկխօսութեան հարթակներ ստեղծել` Ընկերվար միջազգայնականի անդամ կուսակցութիւններուն միջեւ: Այսօրուան դրութեամբ` տնտեսական եւ ազատական  քաղաքականութեան պայմաններու մէջ կը ներկայանանք այն գաղափարախօսութեամբ, որ մարդու աշխատանքն ու աշխատանքային իրաւունքները ոտնակոխ չըլլան: Գաղթականութեան հարցերուն կ՛օժանդակենք` ընդունելով, որ գաղթականութիւնը համաշխարհային թիւ մէկ տագնապն է, ու Ընկերավար միջազգայնականը յայտնած է, որ դէմ է որեւէ տեսակի խտրականութեան»,- ըսաւ Մ. Նալպանտեան: