Լիմպոս Ապրող Հայրենիքին Մէջ Արմէն Սարգսեանն Է Ու Պիտի Մնայ Լուսաւոր, Բանիմաց Ու Հաւասարակշռուած Ղեկավարի Աւելի Քան Կենսական Կերպարը

Յօդուածներ – Զրոյցներ
Տեսանկիւն

ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ

Շաբաթավերջին, Հայաստանի Դիլիջան քաղաքին մէջ, բացումը կատարուեցաւ «Մտքերի հայկական գագաթնաժողով» խորագիրը կրող հանդիպման: Աւանդաբար Ֆրանսայի Շամոնի քաղաքին մէջ կազմակերպուող  «Մտքերու գագաթնաժողով» միջոցառումը այս անգամ հիւրընկալուած էր Հայաստանի մէջ եւ ստացած «Մտքերի հայկական գագաթնաժողով» անուանումը, այնտեղ համախմբուած էին  հայաստանցի եւ օտարերկրացի աւելի քան երկու հարիւր մասնակից:

Չգիտնալով, որ ի՞նչ չափանիշներով ընտրուած էին մտքի այդ տիտանները, կ՛ենթադրեմ, որ օրինակի համար` բաւարար է վճարել քանի մը հազար եւրօ եւ յայտնուիլ դարի «հայ միտքերու» վերնախաւին մէջ։ Այս համագումարի բացումին խօսք ունեցան Հայաստանի նախագահն ու վարչապետը։ Նախագահին իմաստալից խօսքը հաճոյքով լսեցի ու գնահատեցի: Վարչապետինը չդիմացայ մինչեւ վերջ լսել…:

Վերադառնանք «գագաթաժողովին» անուան եւ մասնակցութեան չափանիշներուն: Երկիր մոլորակի վրայ տեղի ունեցած կեանքի եղափոխութեան առաջին օրէն, երբ անասունը դարձաւ ասուն եւ սկսաւ կանգնիլ երկու ոտքի վրայ, քալել երկու ոտքով, այդ ապագայ մարդ/ասունը արդէն ունեցած էր խելք եւ միտք։ Այդ օրէն ան զանազանուեցաւ անասունէն՝ ճիշդ այդ միտքին պատճառով։ Միշտ ալ՝ տուեալ ժամանակաշրջանի ասուն մարդու համար, իր դարը եղած  է մտքի դար։ Այս բանին մասին այսքան:

Աւելի նպատակայարմար կրնար ըլլալ միջոցառման ելոյթ ունեցողներուն ուրիշ բառ-եզրոյթ գործածել․ օրինակ՝ «Դարը նեղ մասնագիտութիւններու դար է»: Այս պարագային չափանիշն ալ կը յստականար եւ ժողովին կը մասնակցէին նեղ մասնագիտութեանց տէր անձիք:

Հասկնալի է, որ կազմակերպողները օգտագործած էին արդէն իսկ գոյութիւն ունեցող ձեւաչափ մը, սակայն փոխանակ ընդօրինակելու, անոնք պէտք է փորձէին ըլլալ իւրայատուկ եւ ճիշդ:

Ինչ կը փորձեմ ըսել:

Սիրելի’ կազմակերպողներ, ֆրանսական կամ հայկական տարբերակին. մտքի դարը մարդ էակի համար բնաւ նոր չէ: Ան շատո՜նց կայ եւ դուք նոր գիւտ չէք ըրած։ Բան մը անուանելէն առաջ, պէտք է քիչ մը մտածել: Պէտք է մտածել խօսելէ առաջ, բառերը ճիշտ ընտրել, որպէսզի այսպիսի անյարմար վիճակներ չստեղծուին։ Իսկ եթէ կազմակերպողները ձեւով մը հիմնաւորեն, թէ ի՞նչ չափանիշներով  ընտրուած են «մտքի վերնախաւի» անդամները, շատ շնորհակալ կ՛ըլլամ։

Սիւնակս շարունակելէ առաջ կ՛արժէ կարեւոր յիշեցում մը ընել,- Հայ գիրերու գիւտէն ետք հայերէն թարգմանուած առաջին նախադասութիւնն էր,-

“Ճանաչել զիմաստութիւն եւ զխրատ, իմանալ զբանս հանճարոյ”։

Արդեօք ասիկա նոյնինքն միտք ու խելք ունենալու մասին չէ՞։

Այստեղ փակագիծ բանալով հաւանաբար պէտք է բացատրել, որ Ոսկեդարի ժամանակ «խրատ» բառը ունեցած է տարբեր մեկնութիւն եւ իմաստ։ Անիկա պարսկերէն  «Խարատ» բառն է, որ կը նշանակէ խելք։ Հայերէն “խրատել” նաեւ կը նշանակէ “խելք սորվեցնել”։ Փակենք փակագիծը։

Ինչքան լաւ կ՛ըլլար, որ այդքան յաւակնոտ եւ ամպագորգոռ միջոցառումներու հետ միասին, Հայաստանի ղեկավարութիւնն ու հասարակութիւնը հիմնական բան մը մտածէր՝ երկրին դասակարգային տարբերութիւնները մեղմացնելու եւ մեր թաքուն եւ լուսանցքին վրայ  գտնուող միտքերուն երեւալու հնարաւորութիւն տային։ Առիթներ ստեղծուէին, որպէսզի բոլորը բազմակողմանի զարգանալու հնարաւորութիւն ունենային, մարդիկ հաւասար հնարաւորութիւններ ունենային դրսեւորելու իրենք զիրենք ․․․ Այս պարագային ես վստահ եմ  նման հանդիպումներ տեղի պիտի ունենային Հայաստանի ամբողջ տարածքին մէջ․ Երեւանէն, Դիլիջանէն, Գիւմրիէն սկսեալ մինչեւ Հայաստանի բոլոր մարզերու քաղաքներուն ու գիւղական համայնքներուն մէջ․․․

Ո՞վ համաձայն չէ։

Կը մնայ անդրադառնալ այս միջոցառման հետ առնչուած շատ դրական երեւոյթի: Այդ մէկը Հայաստանի իւրօրինակ նախագահին պարն է նոյն միջոցառման ընկերային հաւաքոյթին ընթացքին, որ այսօր արդէն լայնօրէն տարածուած է ընկերային համացանցին վրայ: Ո՞վ համաձայն չէ, որ իմ կարծիքով իր կողմնացոյցն ու տրամաբանութիւնը կորսնցուցած` լիմպոսի մէջ ապրող  Հայրենիքի այս մռայլ օրերուն, Արմէն Սարգսեանը է ու պիտի մնայ լուսաւոր, բանիմաց ու  հաւասարակշռուած ղեկավարի աւելի քան կենսական կերպարը, որ իր կարելին ու անկարելին կ՛ընէ դրական լիցք հաղորդելու բոլորին: Բոլորին: