Հայաստան Անդամակցած է Intel Արհեստագիտական Փառատօնին

Այլեւայլ, Հայաստան

Այս ուսումնական տարուան ընթացքին, առաջին անգամ, Հայաստանի աւագ դպրոցներ յաճախող աշակերտները հնարաւորութիւն պիտի ունենան իրենց նորարարական գաղափարները ներկայացնելու Intel միջազգային արհեստագիտական փառատօնին (Intel International Science and Engineering Fair), որուն ծիրէն ներս իրականացուող մրցոյթի մրցանակային ֆոնտը կը կազմէ 5 միլիոն ԱՄՆ տոլար: Այս մասին կը տեղեկացնեն ՀՀ կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան հասարակայնութեան հետ կապերու եւ տեղեկատւութեան վարչութենէն:

Ամէն տարի աշխարհի աւելի քան 75 երկրէ շուրջ 1800 աշակերտ համախմբող փառատօնին մասնակցելու համար՝ հայ պատանիները պէտք է ներկայացնեն իրենց հետազօտական ծրագրերը, որոնք պիտի անցնին միջազգային չափանիշներուն համապատասխան գնահատանքի։ Այս փուլը յաղթահարած մասնակիցները 2020 թուականին հնարաւորութիւն պիտի ունենան մասնակցելու ԱՄՆ-ի մէջ իրականացուող Intel միջազգային արհեստագիտական փառատօնին եւ իրենց ծրագրերով մրցելու այլ երկիրներու ներկայացուցիչներու հետ: Մրցոյթին առաջին տեղը գրաւած ծրագիրը կ՝արժանանայ Gordon Moore Award մրցանակին` ստանալով 75,000 ԱՄՆ տոլար:

ՀՀ կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարար Արայիկ Յարութիւնեան՝ խօսելով Intel միջազգային արհեստագիտական փառատօնին Հայաստանի մասնակցութեան մասին՝ ընդգծած է, որ նման ծրագրերու շնորհիւ աշակերտները վաղ տարիքէն կը սկսին հետաքրքրուիլ գիտութեամբ:

«Տարիներ շարունակ գիտութիւնը կտրուած եղած է հասարակութենէն, այդ իսկ պատճառով գիտական շատ հետազօտութիւններ չեն կիրառուած իրական կեանքի մէջ եւ չեն համապատասխանած գոյութիւն ունեցող պահանջներուն։ Այժմ մեր նպատակն է գիտութիւնը վերադարձնել ուսումնական հաստատութիւններ, որպէսզի մեր երիտասարդները վաղ տարիքէն սորվին հետազօտել ու ստեղծել նորը, եւ այս առումով Հայաստանի մասնակցութիւնը Intel միջազգային արհեստագիտական փառատօնին մեծ քայլ մը առաջ է»,- նշած է նախարարը։

Փառատօնին մասնակիցները կը մրցին 22 բնագաւառի մէջ, որոնց շարքին են մաթեմաթիքան, բնագիտութիւնը, աստղագիտութիւնը, կենսաքիմիան, ռոպոթիքան եւ այլն: Բացի առաջին տեղը գրաւած ծրագրէն՝ մրցոյթով սահմանուած է նաեւ երկու մրցանակ, իւրաքանչիւրը՝ 50,000 ԱՄՆ տոլար պարգեւով։ Առանձին բնագաւառներու մէջ նախատեսուած են նաեւ այլ մրցանակային տեղեր՝ համապատասխանաբար 3000, 1500, 1000 եւ 500 ԱՄՆ տոլար պարգեւներով։

Մրցոյթին մասնակցելու գործընթացին եւ չափորոշիչներուն մասին ՀՀ կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութիւնը հանդէս պիտի գայ առանձին յայտարարութեամբ: