Մալխաս Ամոյեանը՝ Եւրոպայի Երիտասարդական Ախոյեան

Այլեւայլ, Աշխարհ, Հայաստան

Սպանիոյ Փոնդեւետրա քաղաքին մէջ աւարտին մօտեցող յունահռոմէական ոճի ըմբշամարտի Եւրոպայի երիտասարդական առաջնութեան վերջին օրը՝ Հայաստանի ներկայացուցիչները նուաճեցին մէկական ոսկիէ, արծաթէ եւ պրոնզէ մետալ։ Այս մասին կը հաղորդէ Yerkir.am-ը։

Մալխաս Ամոյեանը (72 քկ)՝ հռչակուեցաւ Եւրոպայի երիտասարդական ախոյեան, Հայկ Մելիքեանը (67 քկ) դարձաւ արծաթէ մետալակիր, իսկ Սահակ Յովհաննիսեանը (60 քկ) նուաճեց պրոնզէ մետալ:

Մալխաս Ամոյեան ոսկէ մետալը վիճարկեց մոլտովացի Միհա Փեդիչի հետ եւ յաղթեց 2 վայրկեան 30 երկվայրկեանի մէջ՝ 8:0:

Ամոյեանը, Յունիս 4-ին, մեկնարկած էր որակաւորման փուլէն եւ ունեցած էր 4 յաղթանակ: Ան ուժեղ գտնուած էր իտալացի (9:0), թուրք (6:1), վրացի (8:4) եւ ռուս մրցակիցներէն (5:4) եւ հասած եզրափակիչ:

Հայկ Մելիքեանը եզրափակիչին մրցած էր վրացի Գէորգի Շօթաձէի հետ եւ պարտուած 0:9 հաշուով:

Մելիքեանը, Յունիս 4-ին, պայքարը սկսած էր 1/8 եզրափակիչէն եւ, յաղթելով սերպ (8:0), աւստրիացի (14:5) եւ ռուս (10:1) ըմբիշներուն, նուաճած էր եզրափակիչի ուղեգիր:

Սահակ Յովհաննիսեանը (60 քկ)՝ պրոնզէ մետալին համար գօտեմարտ ժամանակ՝ 9:0 հաշուով վստահ յաղթանակ տարաւ ուքրանացի Միրոսլաւ Սլովիանի նկատմամբ:

Նախօրէին պարտութիւն կրած Կարէն Խաչատրեանը (82 քկ) հնարաւորութիւն ստացած էր պայքարելու պրոնզէ մետալի համար, սակայն Յունիս 5-ին պարտուած էր երկրորդ սփոփիչ գօտեմարտին եւ լքել պայքարը:

Յունիս 4-ին, պրոնզէ մետալակիր դարձած էր Հրաչեայ Պօղոսեանը (63 քկ):

Յունահռոմէական ըմբշամարտի Հայաստանի երիտասարդական հաւաքականը Եւրոպայի առաջնութեան մեկնած էր 9 ըմբիշով եւ ելոյթը աւարտած մէկ ոսկիէ, մէկ արծաթէ եւ 2 պրոնզէ մետալով: