Freedom House. «Թուրքիան Մամուլի Ազատութեան Հարցով Կրկին «Քննութիւնը Չէ Յաղթահարած»»

Աշխարհ

«Freedom House» միջազգային իրաւապաշտպան կազմակերպութիւնը հրապարակած է մամուլի ազատութեան համաշխարհային զեկոյցը, որմէ պարզ կը դառնայ, որ Թուրքիան կրկին «քննութիւնը չէ յաղթահարած»: Այս մասին կը հաղորդէ Ermenihaber.am-ը՝ վկայակոչելով Diken.com.tr-ը։

Տարեկան այդ զեկոյցին մէջ կը նշուի, որ մամուլի ազատութիւնը վերջին 13 տարին զգալիօրէն նահանջած է: Թուրքիան այս տարի եւս յայտնուած է այն երկիրներու ցանկին վրայ, որոնք մամուլի ազատութեան ցուցակին վրայ որեւէ յառաջխաղաց չեն ունեցած:

Մամուլի ազատութիւնը ապահովելու հարցով՝ համացանցի կարեւորութիւնը ընդգծող զեկոյցին մէջ Թուրքիան, Սերպիան եւ Զիմպապուէյը տեղ գտած են «մասամբ ազատ» երկիրներու ցանկին վրայ:

«Համացանցը կարեւոր տեղ կը զբաղցնէ այն երկիրներուն մէջ, ուր մամուլի ազատութիւնը անսպասելիօրէն եւ սաստիկ կերպով կը սահմանափակուի: 2016-ի ռազմական յեղաշրջման փորձէն սկսեալ՝ Թուրքիոյ մէջ փակուած 150 լրատուամիջոց: Հարիւրաւոր լրագրողներ անհիմն կերպով մեղադրուած են ահաբեկչութեան աջակցելու մէջ: Այս ամէնուն հետեւանքով՝ լրագրողները տեղափոխուեցան դէպի համացանցային հարթակներ»,- նշուած է զեկոյցին մէջ:

«Նահանջող ժողովրդավարութիւն» վերնագիրով զեկոյցը նկատել կու տայ, որ թրքական իշխանութիւնները կ՝անհանգստացնեն համացանցային ԶԼՄ-ները:

Վերջին 5 տարին այնպիսի երկիրներու մէջ, ինչպէս Թուրքիան, Ռուսիան, Չինաստանը, Իրանը եւ Սէուտական Արաբիան, լրագրողները եւ ԶԼՄ-ները կ՝ենթարկուին բռնութեան: Օրինակ կը բերուի Պոլսոյ մէջ գտնուող Սէուտական Արաբիոյ գլխաւոր հիւպատոսութեան շէնքին մէջ սէուտցի լրագրող Ճեմալ Խաշոգճիի սպանութիւնը:

Զեկոյցին մէջ անդրադարձ կատարուած է նաեւ խօսքի ազատութեան: Այստեղ նշուած է, որ Թուրքիոյ մէջ միայն 2017-ին՝ «վարչապետը վիրաւորելու» պատճառով՝ սկսած է աւելի քան 20,000 հետաքննութիւն, իսկ 6000 քաղաքացիի նկատմամբ յարուցուած է քրէական գործ: