Հայ Մօր Կերպարը Գեղարուեստական Գրականութեան Մէջ

Յօդուածներ – Զրոյցներ

ՍՕՍԻ ՄԻՇՈՅԵԱՆ-ՏԱՊՊԱՂԵԱՆ

Մայիս: Դիմատետրի «արեւմտեան կողմն աշխարհի»-ն մայրերու տօն կը տօնէ: Գեղեցիկ ու անձնազոհ մայրերու նկարներ կը տողանցեն: Բանաստեղծութիւններ ու քառեակներ կը նուիրուին սիրելի մայրիկներուն: Ու պահ մը կ՛անդրադառնաս, որ գեղարուեստական գրականութեան մէջ որքա՜ն հարուստ ատաղձ ունինք` մայրերգութեան վերաբերող: Արդարօրէն, մօր յուշարձանը կանգնեցուցած է Յովհաննէս Շիրազ իր քերթուածներու հատորով. թէեւ երբեմն գրիչը ծայրայեղութեան կը տանի, մանաւանդ երբ համեմատութեան տակ կ՛առնէ կինն ու մայրը. «Կինը սատանայ, մայրը` հրեշտակ», կամ երբ կը փորձէ համոզել, որ` «կին կը գտնես, բայց մայր երբեք չես գտնի»: Շիրազին նման` այլ բանաստեղծներ ալ ինկած են նոյն ծայրայեղութեան մէջ, ինչպէս` Աւետիք Իսահակեան, օրինակ, երբ կնոջ բնորոշումը կու տայ` ըսելով. «Ամենալաւ կինը մայրն է»:

Ծայրայեղութիւնը` ծայրայեղութիւն, սակայն բարեբախտութիւն է, որ մայրը յարգող ու սիրող ժողովուրդ եղած ենք ազգովին: Թէեւ զարմանալի կը թուի ինծի Վահէ Հայկի մօր նուիրուած «Կաթիդ փարան չմոռնաս, մամա՛» խորագիրը կրող պատմուածքը, ուր կը նկարագրուի ապերախտ զաւակին անարգալից վերաբերմունքը իր մօր նկատմամբ: Միւս կողմէ` կը հաւատանք, որ գրականութիւնը կեանքի հայելին է, ուստի կը մաղթենք, որ նման պարագաներ երբեք չըլլան իրական կեանքին մէջ:

Վերադառնալով գեղարուեստական գրականութեան` հարկ է նշել, որ մեր գրողները մեծ մասամբ մայրը պատկերած են իբրեւ խեղճ, սեւազգեստ, լաչակը գլխուն, տառապանքէն կքած, մտատանջ ու յոգնատանջ, խոնարհ ու գորովագութ էակ. «Հիմա, մայր իմ, նստած ես դու / գիշերուայ մէջ` մութ ու խոր…» (Ժագ Յակոբեան), «Սուրբ գորով, սէր անարատ, քաղցր գոգ» (Ա. Չօպանեան):

Եղան ժամանակներ, երբ հայրենիքի ազատագրութիւնը վեհ խնդիր դարձաւ հայ ժողովուրդին համար. առ այդ, գրականութեան մէջ մօր այլ կերպար մը ստեղծուեցաւ: Մայրը դարձաւ հերոսածին, պայքարի մղող ու հայրենասիրութիւն ներշնչող:

«Բայց, մայրի՛կ, Ալին թուրքի զաւակ է,
Աչքին մէջ հեռ կայ եւ մէջքը փալա:
Իսկ դուն ալ Հայ ես, եւ մէջքդ ըլլա՛յ
Թող իմ մկրատս, իլս, ի՛նչ որ կ՛ուզես… Դո՜ւրս»  (Դանիէլ Վարուժան)

Ու մայրը նոյնացաւ հայրենիքին հետ. «Դու իմ միակն էիր, ինչպէս Հայաստանս» (Համօ Սահեան), մայրը նոյնացաւ լեզուին հետ. «… Թէ մայրդ անգամ մտքից հանես, քո մայր լեզուն չմոռանաս» (Սիլվա Կապուտիկեան):

Այս բոլորով հանդերձ, տասնամեակներէ ի վեր մօր կերպարը տակաւին կը յամենայ ներկայացուիլ խեղճի կերպարով. «Մայրս փոքրիկ, մայրս խեղճ…» (Յ. Շիրազ), կա՛մ ծեր ու վշտահարի` «Յիշում եմ դէմքը քո ծեր, մայր իմ անուշ ու անգին» (Ե. Չարենց), կա՛մ հիւանդ ու դողահարի եւ կա՛մ մահացած ու երազ դարձածի:

Այնպէս կը թուի, որ մօր թեման սպառած նիւթ է հայ գրականութեան մէջ այսօր: Այնքան կրկնութիւն կայ մէկ գրութենէն միւսը, որ երբեմն չկարդացած, գիտես, թէ ինչպէ՛ս պիտի ծաւալի նիւթը, եւ դուն կրկին անգամ տխրութեամբ եւ թախիծով պիտի համակուիս: Մայր եւ արցունք` հոմանիշներ ըլլան կարծէք. «Ծովի մէջ նկատեցի մի կաթիլ, որը նման չէր միւսներին / դա մօրս արցունքն էր» (Սոնա Համբարձում): Յօրինուած երգերն անգամ նոյն հոգեվիճակը կը փոխանցեն ունկնդրողին: Ինչո՞ւ կը կրկնենք արդէն եղածն ու գրուածը, ինչո՞ւ ժամանակին շունչը չենք դառնար ու ներկայացներ, թէ ինչպիսի՛ն է այսօրուան հայ մօր կերպարը: Արդեօք տակաւին սեւազգեստ ու խեղճացած կերպա՞րն է ան. ի՞նչ ընելիք կամ ըսելիք ունի այսօր` ընտանիքէն ներս թէ դուրս: Ինքնազարգացումով կը զբաղի՞, թէ՞ խոհանոցային գործը զինք կը բաւարարէ:

Հայ գրականութիւնը նորոգման կարիքը ունի այս իմաստով` դուրս գալու մռայլութենէն ու զգացականութենէն եւ զարկ տալու մանաւանդ իմացականութեան ու տրամաբանութեան:

Մօր Ձեռքերը

Այս ձեռքերը` մօ՜ր ձեռքերը,
Հինաւուրց ու նո՜ր ձեռքերը…
Ինչե՜ր ասես, որ չեն արել այս ձեռքերը…
Պսակուելիս ո՜նց են պարել այս ձեռքերը`
Ի՜նչ նազանքով,
Երազանքո՜վ:
Ինչե՜ր ասես, որ չեն արել այս ձեռքերը…
Լոյսը մինչեւ լոյս չեն մարել այս ձեռքերը,
Առաջնեկն է երբ որ ծնուել,
Նրա արդար կաթով սնուել:
Ինչե՜ր ասես, որ չեն առել այս ձեռքերը…
Զրկանք կրել, հոգս են տարել այս ձեռքերը
Ծով լռութեա՜մբ,
Համբերութեա՜մբ,
Ինչե՜ր ասես, որ չեն արել այս ձեռքերը…

ՊԱՐՈՅՐ ՍԵՒԱԿ

Մօրս Համար Գազել

Յիշում եմ դէմքը քո ծեր, մայր իմ անուշ ու անգին,
Լոյս խորշոմներ ու գծեր, մայր իմ անուշ ու անգին:
Ահա նստած ես տան դէմ, ու կանաչած թթենին
Դէմքիդ ստուեր է գցել, մայր իմ անուշ ու անգին:
Նստել ես լուռ ու տխուր, հին օրերն ես յիշում այն,
Որ եկել են ու անցել, մայր իմ անուշ ու անգին:

ԵՂԻՇԷ ՉԱՐԵՆՑ

Մայրիկիս

Վա՜ղ թառամեց սիրուդ գարունը, մա՛յր իմ,
Անփոյթ մահը սէրդ տարա՜ւ, շո՛ւտ տարաւ,
Ու միայն ե՜ս մնացի մտերիմ,
Որպէս կորած սիրոյ մի յուշ, հին մի ցաւ:
Նոր բողբոջած ուռին ջահել հասակիդ
Օրօրոցիս վրայ թեքուած` ծերացա՜ւ.
Դու չուզեցիր ուրիշ մի սէր, ուրիշ խինդ
Աղբիւր լինի քո ճիւղերին չորացած…

ՍԻԼՎԱ ԿԱՊՈՒՏԻԿԵԱՆ

Մայրիկիս

Հայրենիքէս հեռացել եմ,
Խեղճ պանդուխտ եմ , տուն չունիմ,
Ազիզ մօրէս բաժանուել եմ,
Տըխուր-տըրտում, քուն չունիմ:

Սարէն կու գաք, նախշուն հաւքե՛ր,
Ա՜խ, իմ մօրս տեսել չէ՞ք.
Ծովէն կու գաք, մարմանդ հովե՜ր,
Ախըր բարեւ բերել չէ՞ք:

Հաւք ու հովեր եկան կըշտիս,
Անձէն դիպան ու անցան.
Պապակ-սրտիս, փափաք-սրտիս
Անխօս դիպան ու անցա՜ն:

Ա՜խ, քո տեսքին, անուշ լեզուին
Կարօտել եմ, մայրի՛կ ջան.
Երնէ՜կ, երնէ՜կ, երազ լինիմ,
Թռնիմ մօտդ, մայրի՜կ ջան:

ԱՒԵՏԻՔ ԻՍԱՀԱԿԵԱՆ

Մայրս

ՅովհաննԷս Շիրազ,
Մեր յոյսի դուռն է մայրս,
Մեր տան մատուռն է մայրս,
Մեր օրօրոցն է մայրս,
Մեր տան ամրոցն է մայրս
Մեր հերն ու մերն է մայրս,
Մեր ճորտն ու տէրն է մայրս,
Մեր տան անտունն է մայրս,
Մեր արծուաբունն է մայրս,
Մեր տան ծառան է մայրս,
Մեր տան արքան է մայրս,
Մեր տան անճարն է մայրս,
Մեր դեղ ու ճարն է մայրս,
Մեր տան աղբիւրն է մայրս,
Մեր ծարաւ քոյրն է մայրս,
Մեր տան անքունն է մայրս,
Մեր անուշ քունն է մայրս,
Մեր տան ճրագն է մայրս,
Մեր արեգակն է մայրս:
Մայրս, մեր հացն է մայրս,
Մեր տան աստուածն է մայրս:

ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ՇԻՐԱԶ

Մայրիկ

Մայրիկ, ինձ յաճախ
Ապտակում էիր
Սխալիս համար
Եւ սաստում էիր,
Որ լաց չլինեմ:
Բայց ցաւած տեղս
Համբուրում էիր
Եւ իմ փոխարէն
Ինձանից թաքուն
Լաց էիր լինում:
Ա՜խ, վերջին անգամ,
Չեմ իմանում ո՞ր
Սխալիս համար
Ինձ ապտակեցիր
Կորուստով քո մեծ…
Էլ սաստող չեղաւ,
Որ լաց չլինեմ,
Եւ ցաւած տեղըս
Համբուրող չեղաւ,
Եւ իմ փոխարէն
Իմ ցաւն զգացող
Ու լացող չեղաւ:
Ի՜նչ անեմ, մայրիկ:

ՀԱՄՕ ՍԱՀԵԱՆ