Նախագահ Սահակեան Մարտունիի Մէջ Մասնակցած է Մանկապարտէզի, Մարզասրահի եւ Մարզադաշտի Բացման Արարողութիւններուն

Հայաստան

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան Յունիս 2-ին այցելած է Մարտունի քաղաք եւ մասնակցած նոր մանկապարտէզի, մարզասրահի եւ մարզադաշտի բացման հանդիսաւոր արարողութիւններուն:

Ինչպէս կը տեղեկացնէ Արցախի նախագահի մամլոյ ծառայութիւնը, նոյն օրը նախագահը դիտած է Մարտունիի մէջ տեղի ունեցած CONIFA-ի ախոյեանութեան ֆութպոլային խաղը: