Մարդն Է Ստեղծագործութեան Տիրակալը

Յօդուածներ – Զրոյցներ

ԶԱՐԵՀ ՎՐԴ. ՍԱՐԳԻՍԵԱՆ
ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆ

Քրիստոնէական գրականութեան մէջ Համբարձման տօնը ընդհանրապէս լուսանցքի տակ մնացած է: Ինչպէս տարեկան տօնակարգէն կրնանք անդրադառնալ, մեր կեդրոնացումը անհամեմատելիօրէն Քրիստոսի ծնունդը, խաչելութիւնն ու յարութիւնն է, որ կը գրաւեն: Անհերքելի իրականութիւն է, որ Ս. Ծնունդի ու Ս. Յարութեան ժամանակաշրջանին ո՛չ միայն եկեղեցական, այլ նաեւ ընկերա-կրօնական «ծիսակատարութիւնները» կը ճոխանան: Ճիշդ է, որ մեր մէջ համբարձումին այլազան սովորութիւններ կազմուած են` պատմական հայրենիքի զանազան շրջաններէն մեզի հասած աւանդութիւններով, սակայն անոնք ընդհանրապէս զուրկ են կրօնական նկարագրէն եւ զուտ ժողովրդական (շատ անգամ` սարսափելի նախապաշարումներով յորդազեղ) բնոյթ կը կրեն:

Ինչ կը վերաբերի Նոր կտակարանին, առաւելաբար Ղուկաս Աւետարանիչն է, որ իւրայատուկ տեղ կու տայ Քրիստոսի համբարձումին: Ան ո՛չ միայն իր աւետարանը կ՛աւարտէ համբարձման դրուագով, այլեւ իր «Գործք առաքելոց» գիրքը կը սկսի համբարձումով: Կարելի է ըսել,  որ համբարձումը, աստուածաբանական առումով,  ամէնէն անկիւնադարձային եղելութիւններէն մին է ո՛չ միայն Նազովրեցի Յիսուսի պատմութեան մէջ, այլեւ` իրմէ ծնունդ առնող եկեղեցւոյ պատմութեան համար: Այս իմաստով, պատահական չէ որ Ղուկաս Աւետարանիչ իր երկրորդ աշխատութիւնը անով սկսի: «Գործք առաքելոց»-ը, որ սկզբնական եկեղեցւոյ պատմութեան գիրքը կը համարուի, իրականութեան մէջ չէր կրնար տարբեր դրուագով մը սկիզբ առնել` հետեւեալ երկու պատճառներով.

Ա.- Յստակացնելու համար աստուածային ծրագիրը:

Յիսուս Քրիստոս յարութիւն չառաւ, որպէսզի երկրի վրայ մնար: Հրէական կրօնական տեսլականին մաս կը կազմէր այն գաղափարը, որ Մեսիան զինուորական ուժով իր յաւիտենական թագաւորութիւնը պիտի հաստատէր երկրի վրայ` միանգամընդմիշտ նուաճելով Աստուծոյ բոլոր թշնամիները: Նոյնիսկ Քրիստոսի աշակերտները  տարօրինակ կերպով մինչեւ համբարձում ա՛յս կը սպասէին տակաւին: Սա յստակ կը դառնայ մեզի, երբ կարդանք համբարձումէն քիչ առաջ աշակերտներուն կատարած այն հարցադրումը, թէ արդեօք մօ՞տ էր Իսրայէլի թագաւորութեան վերականգնումի ժամանակը (տե՛ս Գրծ. 1.6), կամ երբ անդրադառնանք Էմմաւուսի ճամբուն վրայ Յիսուսի երկու աշակերտներու յայտարարութեան, թէ` «Մենք կը յուսայինք որ Իսրայէլը ազատողը ինք [Յիսուս] պիտի ըլլար» (Ղկ. 24.21):

Խաչելութենէն մինչեւ համբարձում տարածուող ժամանակամիջոցին Քրիստոսի հետեւորդները ոչ միայն վշտաբեկ, այլ նաեւ խորագոյն յուսախաբութեամբ ու ապշահար, անտէր հօտի մը նման, խուճապի մատնուած ու շուարած վիճակի մը մէջ մնացած էին: Էմմաւուսի ճամբուն վրայ արդէն կը տեսնենք, թէ ինչպիսի՛ անել կացութեան մը ենթարկուած էին բոլորը: Ասով կը բացատրուի նաեւ նոյն դրուագներուն մէջ Քրիստոսի շեշտաւոր թելադրութիւնը իր աշակերտներուն` Երուսաղէմէն չհեռանալու մասին (տե՛ս Ղկ. 24.49, Գրծ. 1.4, հմմտ. Գրծ. 1.8, Ղկ. 24.53 ):

Բ.- Յստակացնելու համար եկեղեցւոյ առաքելութիւնը:

Յիսուս Քրիստոս իր համբարձումէն անմիջապէս առաջ է միայն, որ ամէնէն բացայայտ կերպով իր հետեւորդներուն բացայայտեց իրենց առաքելութեան բնոյթը, որ բաւական տարբեր էր իրենց ակնկալածէն: Համբարձումի խորհուրդով է, որ առաքեալները ամրապնդուեցան ու յուսադրուեցան իրենց հաւատքին մէջ: Անկասկած համբարձումի պատգամով է, որ եկեղեցին իր գոյութեան պատճառը ստացաւ: Այն ատեն կը տեսնենք, որ բաժան-բաժան եղած ու աննպատակ ամբոխը միացաւ եւ մէկ նպատակ ունեցաւ: Փաստօրէն, համբարձումէն միայն քանի մը օրեր ետք, աշակերտները ո՛չ միայն միասին էին, այլեւ

անհաւատարիմ Յուդային տեղ արդէն կ՛ընտրէին Մատաթիան: Կը տեսնենք, որ համբարձումով եկեղեցին իր առաքելութիւնը ստացաւ` Քրիստոսի «վկան» դառնալու (տե՛ս Գրծ. 1.8) ու «ապաշխարութիւն եւ մեղքերու թողութիւն» քարոզելու ամբողջ աշխարհի տարածքին (Ղկ. 24.47-49): Ներկայիս, հաւատարիմ իրեն տրուած պատգամին, եկեղեցին ի՛նչ բանի որ ձեռնարկէ, Քրիստոսի վկան դառնալու իր պարտականութիւնն է, որ կը փորձէ իրագործել: Անշուշտ Պենտեկոստէի օրով էր, որ եկեղեցին Ս. Հոգիով պիտի մկրտուէր ու զօրանար, սակայն` գործադրելու համար միմիայն ա՛յն, ինչ որ արդէն յստակացած էր համբարձումի պատգամով:

Համբարձման դրուագներուն մէջ արդի քրիստոնեայ ընկերութեան համար անհրաժեշտ երկու պատգամներ կան.

Ա.- Յիսուս այլեւս ֆիզիքապէս ներկայ պիտի չըլլար, սակայն…

Համբարձումով Քրիստոսի հետեւորդներուն կը պարզուէր, որ մինչեւ երկրորդ գալուստ այլեւս Յիսուս ֆիզիքապէս ներկայ պիտի չըլլար իրենց հետ: Սակայն հետաքրքրական երեւոյթ մը կայ, որ այս դրուագներուն մէջ տեղ գտած է: Երբ Յիսուս յարութենէն ետք իր աշակերտներուն կ՛երեւի, առիթ կ՛ունենայ անոնց հետ սեղան նստելու: Կը կարդանք, որ Էմմաւուսի ճանապարհին Յիսուսի երկու աշակերտները կը քալէին: Յիսուս մօտենալով` անոնց հետ կը զրուցէ, մինչ անոնք տակաւին զինք չեն ճանչնար: Երբ անոնց հետ տուն կը մտնէ ու սեղան կը հրաւիրուի, հացի բեկանումի ժամանակ, աւետարանիչը կը յայտնէ, որ` «Անմիջապէս անոնց աչքերը բացուեցան եւ ճանչցան զինք» (Ղկ. 24.30,31,35): Ի՞նչ պատահեցաւ այդ բեկանումի ժամանակ, որ Յիսուս յանկարծ ճանաչելի դարձաւ անոնց: Թէ ի՛նչ պատահեցաւ, չենք գիտեր, բայց նոյն հացի բեկանումի խորհուրդին վերաբերեալ էր, որ Պօղոս առաքեալ պիտի ըսէր. «Այսուհետեւ ո՛վ որ անարժանութեամբ ուտէ այս հացը կամ խմէ Տիրոջ բաժակէն, Տիրոջ մարմինին եւ արեան դէմ մեղանչած կ՛ըլլայ… ով որ անարժանութեամբ կ՛ուտէ եւ կը խմէ` այդ ուտելովն ու խմելովը ինքզինք դատապարտութեան կ՛ենթարկէ…» (Տե՛ս Ա. Կր. 11.26-29):

Էմմաւուսի դրուագով աւետարանիչը կը յայտնէ,  որ թէեւ Յիսուս ֆիզիքապէս համբառնալով` այլեւս մարմինով ներկայ պիտի չըլլայ մեզի հետ, այնուամենայնիւ, հացի բեկանումին միջոցով մարդիկ պիտի ճանչնան ու տեսնեն զինք` իր ներկայութիւնը դարէ դար, սերունդէ սերունդ ապրելու եւ վայելելու համար: Ս. հաղորդութեան նկատմամբ մեր մակերեսային ու պարզունակ մօտեցումները այս վկայութիւններուն ընդմէջէն, կ՛ենթադրեմ, ճակատագրուած են ամբողջական խորտակումի: Այս եղելութիւններուն մասին կարդացողը կը ստիպուի աւելի լուրջ ու զգուշաւոր կերպով ընկալելու ս. հաղորդութիւնը: Հացի բեկանման խորհուրդը իր անըմբռնելի, սակայն կենսատու զօրութեամբ ահաւասիկ կը գործէ այս դրուագներուն մէջ: Ճիշդ այս նկատառումով է, որ ս. եկեղեցին կոչ կ՛ուղղէ իր զաւակներուն` ս. պատարագին մասնակցելու ո՛չ թէ պարզապէս զԱստուած փառաբանելու կամ աղօթելու, այլ (մինչեւ երկրորդ գալուստ)` Քրիստոսի ճշմարիտ եւ հարազատ ներկայութիւնը ստանալու ս. հաղորդութեան խորհուրդին ընդմէջէն:

Բ.- Մարդկային բնութեան կարեւորութիւնը:

Համբարձումի երկրորդ կարեւոր պատգամը մեր բնութեան հետ կ՛առնչուի: Յիսուս Քրիստոս յարութենէն ետք իր մարդկային բնութիւնը չլքեց: Ասոր մասին բազմաթիւ անգամ Նոր կտակարանի էջերը կը վկայեն: Քրիստոս իր աշակերտներուն զանազան առիթներով կ՛երեւի, ներկաներուն իրեն դպնալ կ՛արտօնէ, անոնց հետ կը ճաշէ… առաւելագոյնս համոզելու համար զանոնք, թէ իր ներկայութիւնը միայն աչքին երեւցող զառանցանք մը չէ, այլ` իսկական ու շօշափելի իրողութիւն: Հետեւաբար մարդկային բնութիւնը մնաց անբաժան Յիսուս Քրիստոսի անձէն: Ներկայ ժամանակներուն, երբ «բնապաշտութեան» (naturalism) ու «տեսակաբանութեան» (speciesism) փիլիսոփայութիւններու տարօրինակ ու զարտուղի տեսութիւնները մարդկային բնութիւնը համահաւասար կը նկատեն ստեղծագործութեան միւս արարածներուն հետ, անհրաժեշտ կը նկատեմ համբարձումի խորհուրդին ընդմէջէն ընդգծել այն իրողութիւնը, որ Մարմնացեալն Աստուած` Յիսուս Քրիստոս, իր մարդկային բնութեամբ է,  որ մինչեւ օրս կը մնայ եւ մարդկային ա՛յդ բնութեամբ է, որ կը թագաւորէ երկինքէն, ինչպէս Ս. Ստեփանոս հիանալի կերպով կը վկայէ (Տե՛ս Գրծ. 7.55-56, հմմտ. Մր. 16.19, Ղկ. 22.69, Յհ. 20.17, Գրծ. 1.9,11,2.33, Եփ. 1.20, Կղ. 3.1 Եբր. 1.3, 8.1, 10.12, 12.2):

Մարդկային բնութիւնը չի կրնար համահաւասար նկատուիլ բնութեան միւս ստեղծագործութիւններուն հետ: Մեզի համար մարդկայի՛ն բնութիւնն է, որ Աստուծոյ շունչով ստեղծուեցաւ, մարդկայի՛ն բնութիւնն է, որ Աստուծոյ պատկերը կրեց, մարդկայի՛ն բնութիւնն է, որ Աստուած իր վրայ առաւ, եւ մինչ օր պիտի գար, երբ ամբողջ բնութիւնը իր արժէքը կորսնցնէր իր մահկանացու բնոյթին պատճառով, համբարձումով միայն ՄԱՐԴԿԱՅԻ՛Ն ԲՆՈՒԹԻՒՆՆ է որ Քրիստոսի միջոցով յաւիտենական արժէք ունեցաւ: Հետեւաբար, համբարձեալ Քրիստոսի խորհուրդին լոյսին տակ, պարտ ենք բոլորս գիտակցելու, թէ ո՛վ ենք մենք, ի՛նչ արժէք կը ներկայացնենք եւ ինչպէ՛ս պէտք է ապրինք մեզի պարգեւուած այս կեանքը: Քրիստոսի փառաւոր ու մարմնաւոր համբարձումէն մեկնելով` կրնամ հաստատօրէն ըսել, որ իրօք Մարդն է ստեղծագործութեան տիրակալը: