Հայուհի Մը՝ Ռուսիոյ Խոստմնալից Գիտնականներու Ցանկին Վրայ

Սփիւռք

«Ֆորպզ» պարբերաթերթը կը գրէ որ Ռուսիոյ մէջ հրապարակած է խոստմնալից 30 երիտասարդ գիտնականներու ցանկը, որուն վրայ է նաեւ հայուհի մը։

30 տարեկանէն վար 30 երիտասարդ մասնագէտներու կարգին կը դասուի Մոսկուայի Պետական համալսարանի Բնագիտութեան համալսարանէն շրջանաւարտ Ելիզավեթա Մելիք Հայկազեան։

Նշենք, որ Ելիզավէթա աշխատանք կը տանի արեւու ճառագայթներէն ցոլացող նիւթերու վրայ։ Հայուհին շահած է Սինկափուրի Գիտութիւններու ակադեմիոյ կրթաթոշակը։