Հայաստանի Մէջ Կիներու Միջին Աշխատավարձը 32.5 Տոկոսվ Ցած Է Տղամարդոց Աշխատավարձէն

Հայաստան

Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ կիները միջին հաշիւով 32.5 տոկոսվ նուազ աշխատավարձ կը ստանան քան տղամարդիկ, կը հաղորդէ “Փանարմինիըն”։

«Աշխատանքի շուկան Հայաստանի Հանրապետութիւնում մէջ, 2018» հրապարակման համաձայն՝ եկամուտներու մասով տարբերութիւնը շատ աւելի մեծ է եւ կը հասնի 40 տոկոսի, թէեւ աշխատող կիներուն 57.9 տոկոսը, իսկ տղամարդոց՝ 47 տոկոսը ունին բարձրագոյն կամ միջին մասնագիտական կրթութիւն:

Ղեկավար պաշտօններու վրայ գտնուող տղամարդոց թիւը 2.4 անգամ աւելի է քան կանանց թիւը:

Ազգային ժողովի կազմի մէջ կին պատգամաւորները 25 տոկոս կը կազմեն, Հայաստանի 500 համայնքներէն միայն 8-ը ունի կին ղեկավար, կառավարութեան կազմի 12 նախարարներէն միայն մէկը կին է, փոխնախարարներու պարագային կիները 3.5 տոկոս կը կազմեն եւ ոչ մէկ կին մարզպետի պաշտօնի վրայ է: