Հակադաշնակցականութիւնը Ընդդիմախօսութիւն Չէ, Այլ Մոլուցք

Հայաստան, Յօդուածներ – Զրոյցներ

ԸՆԿԵՐԱԿԱՆ ԶՐՈՅՑ ՇԱՐՔԷՆ

ԽԱԺԱԿ ՄԿՐՏԻՉԵԱՆ

Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը, ծնունդէն մինչեւ այսօր, 129-ամեայ իր պատմութեան ընթացքին, դիմագրաւած է ընդդիմախօսութեան տարբեր դրսեւորումներ: Հիմնադրութեան առաջին տարիներուն, հայ իրականութեան մէջ գործող այլ քաղաքական կուսակցութիւններ, շատ յաճախ գաղափարական հիմնաւորումներով, ընդդիմախօսած են Դաշնակցութեան: Քրիստափոր Միքայէլեան, 1901-ին, «Պատմական Չարիք» յօդուածին մէջ կը գրէ, «Զանազան կարգի, զանազան բնազդների հայեր, ընդունելով միեւնոյն երեւոյթը իբր փաստ, տարբեր բացատրութիւններ են տալիս դրան»: Քրիստափորի ակնարկած «զանազան կարգի հայեր»ուն մէջ կային «յեղափոխականներ», «գաղափարակիցներ», «յեղափոխական կռիւի համակիրներ», «անտարբերներ», պայքարը «աննպատակայարմար նկատողներ» եւ իրենց ունեցածը աւելցնելու համար «Հնդկաստան, Անգլիա, Ամերիկա, Աֆրիկա, ճհանամ» գացողներ:

Այստեղ շատ պարզ բաժանում կարելի է կատարել ընդդիմախօսի ու հակադաշնակցան մոլուցքի միջեւ: Ազգային պայքարին միւս հաւատացողներուն մէջ են ընդդիմախօսները, որոնք կը հաւատան ազգային պայքարին, բայց գուցէ տարբեր մօտեցումներ ունին: Իսկ անտարբերներու, պայքարը աննպատակայարմար նկատողներու եւ «ճհանամ» գացածներու մէջ բոյն դրածը հակադաշնակցական մոլուցքն է:

Այսպէս էր առաջին 30 տարիներուն, մինչեւ կոմունիզմի գալուստը: Հայ ապազգային կոմունիստները հակադաշնակցական մոլուցքի աստիճանը բարձրացուցին հալածանքի, կացինահարման, սուտի ու կեղծիքի վրայ հիմնուած քարոզչութեան ու թշնամանքի մակարդակին: Կոմունիստները յաջողեցան նաեւ ընդդիմախօսութիւնը ի սպառ վերացնել եւ ընդդիմախօսին ալ ներքաշել հակադաշնակցականութեան մոլուցքի դաշտ:

Խորհրդային Միութեան փլուզումով, որոշ չափով վերականգնեցաւ ընդդիմախօսութիւնը: Որոշ խաւ մը, զրկուելով կոմունիստական աջակցութենէն՝ վերադարձաւ գաղափարական ու քաղաքական հայեացքներու վրայ կառուցուած ընդդիմախօսութեան: Բայց կոմունիստներու եօթանասունամեայ սուտի ու կեղծիքի վրայ խարսխուած քարոզչութիւնը, ոչ միայն անհետեւանք չմնաց, այլ շարունակեց դրսեւորուիլ ՀՀՇական ապազգային ու պայքարը «աննպատակայարմար նկատելու» տրամաբանութեամբ: Այդ տրամաբանութիւնը իր հարազատ արտայայտութիւնը գտաւ Արցախեան գոյապայքարի օրերուն:

Այսպէս, սահուն կերպով, հակադաշնակցականութեան դրօշը անցաւ ՀՀՇ-ին, Լեւոն Տէր Պետրոսեանի գլխաւորութեամբ: Հակառակ դրօշակակիրի փոփոխութեան՝ մոլուցքի տրամաբանութիւնն ու գործելակերպը կը մնային նոյնը: Տրամաբանութիւնը կրկին կը մնար այն, որ պայքարը աննպատակայարմար է եւ ազգային գաղափարախօսութիւնը՝ կեղծ քաթեկորիա է: Իսկ գործելակերպը եւս նոյնն էր, սուտն ու կեղծիքը, բռնութիւնն ու հալածանքը, ամբոխավարութիւնն ու անցեալին հետ ածանցելը: Նոյնիսկ չվարանեցան ըսելու, որ Դաշնակցութիւնը կը համագործակցի կոմունիստներուն հետ, ընդդէմ ժողովուրդի «ընտրեալ» ՀՀՇ-ին:

Այսօր եւս հակադաշնակցականութիւնը, գուցէ տարբեր փաթեթաւորումով, գլուխ ցցած է, ամբոխավարական նոյն տրամաբանութեամբ, քիչ մը աւելի հայհոյախառն, բայց նոյնքան ապազգային եւ նոյնքան սուտի ու կեղծիքի վրայ հիմնուած:

Հետեւաբար, հակադաշնակցականութիւնը նոյնքան հին է, ինչքան Դաշնակցութիւնը: Ի վերջոյ, ովքե՞ր են հակադաշնակցականները: Անոնք ազգային գաղափարախօսութիւնն ու արժէքները ժամանակավրէպ ու կեղծ քաթեկորիա նկատողներն են, ազգային իրաւունքներու համար մղուած պայքարը աննպատակայարմար նկատողներն են, սուտի ու կեղծիքի ամբոխավար քարոզիչներն են եւ ներազգային բռնութեան ու հալածանքի կողմնակիցներն են: Ասոնցմէ դուրս, Դաշնակցութեան հասցէին քննադատական խօսք արտայայտողները՝ յարգարժան ընդդիմախօսներն են, որոնք ունին տարբեր հայեացք ու համոզում եւ կը փորձեն իրենց գաղափարները հակադրել ՀՅԴ-ի համոզումներուն ու գաղափարներուն:

Այստեղ հարց կը ծագի, ինչպէս վերաբերիլ հակադաշնակցական մոլուցքին: Կրկին դիմենք ՀՅԴ հիմնադիր Քրիստափոր Միքայէլեանին: Երբեմն «արտայայտել արդար վրդովմունք, երբ տեսնում ես, որ մարդիկ օգտւում են մտքից միայն նրա համար, որ արդարացնեն իրենց անարդարութիւնները»: Կարելի է «բաւականանալ սոսկ արհամարհանքով, որովհետեւ կան դէպքեր, երբ անարժան հակառակորդների հետ լուրջ խօսելը միայն անպատւութիւն է բերում ձեր դաւանած գաղափարին»: «Կարող է նոյնիսկ ներողամիտ լինել՝ ի նկատի ունենալով, որ մարդիկ շատ յաճախ կարող են իրենք էլ չիմանալ՝ թէ իրենց եւ ձեր մէջ նկատուող զանազանութիւնները բղխում են ոչ թէ պարզ գիտակցութիւնից կամ բարեխիղճ վերաբերմունքից դէպի ձեզ, այլ այն կոյր բնազդներից, որոնց արմատները շատ հեռու են թաղուած»:

«Բայց մի բան,- կ’աւելցնէ Քրիստափոր, որ պէտք է անկասկած արտայայտուի բոլոր դէպքերում՝ եւ բոլոր ընկերների մէջ, դա վերջիվերջոյ այն արիութիւնն է, որով նրանք երբբք չպէտք է ազդուեն այդպիսի երեւոյթներից: Մենք մնում ենք փոքրամասնութիւն, բայց այդ փոքրամասնութիւնը չէ, որ պիտի ենթարկուի անտարբերների, ձեռնպահների եւ ամէն կարգի Ճիզւիթների, իմաստակների կամ շառլատանների բազմութեանը»: Այժմէական հնչելու համար, Քրիստափորին թուածներուն շարքին կարելի է այսօր աւելցնել նաեւ անլուրջներու բազմութիւնը: