Սուրիոյ Ուղերձները

Յօդուածներ – Զրոյցներ

«Գանձասար»-ի խմբագրական

Նախորդ շաբթուան ընթացքին Սուրիոյ մէջ արձանագրուած զարգացումները յստակ ուղերձներ յղեցին երկրի տարածաշրջանային դերը նսեմացնելու, տարածքային ամբողջականութիւնը քայքայելու ու սուրիական ընկերութեան պատկերը աղաւաղելու համար տարիներ շարունակ նկրտողներուն, ծաւալապաշտ ախորժակներու յագուրդ տալով խաղաղ բնակչութեան կեանքը չխնայողներուն, ահաբեկչական շարժումներուն զօրակցութիւնը հարցերու լուծման միջոց համարողներուն:

Սոչիի համաձայնագրին անսալով, Սուրիոյ կառավարութիւնը երկար ատեն համբերեց՝ իրականացած տեսնելու յոյսով Թուրքիոյ միջնորդութեամբ Իտլիպի հարցին խաղաղ լուծումը, ահաբեկչական խմբաւորումներուն դուրս գալով տեղւոյն բնակչութիւնը արիւնահեղութենէ փրկելու բարի կամքի դրսեւորումը, լարուածութեան մեղմացման գօտիներու երկայնքին ապահովութեան հաստատումը, Համա-Հոմս Հալէպ եւ Լաթաքիա-Հալէպ ճամբաներու վերաբացումն ու այդ ճամբաներու լայնքին 10 քլմ. խորութեամբ ապահով տարածքներու ապահովումը:

Թուրքիա, սակայն, ոչ միայն խոստումնադրուժ դուրս եկաւ, այլեւ ամէն միջոցի դիմեց երկարաձգելու տագնապը եւ զօրակցելու զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներուն, միեւնոյն ժամանակ փորձելով իր վերահսկողութեան տակ պահել որոշ տարածքներ, ինչպէս Աֆրինը եւ Սուրիոյ հիւսիսային կարգ մը գիւղերը:

Կացութիւնը Սուրիոյ եւ Ռուսիոյ համար անհանդուրժելի դարձաւ յատկապէս, երբ Իտլիպի ահաբեկչական խմբաւորումները հրթիռակոծման թիրախ դարձուցին Համայի ու Հալէպի գիւղերը, սուրիական բանակին կեդրոնները, նոյնիսկ ռուսական Հմէյմիմ զինուորական կայանը:

Սուրիական բանակը կացութեան տէր դարձող միակ երաշխաւորն էր… Այսպիսով ընթացք առին Համայի, Հալէպի եւ Իտլիպի արուարձաններուն ազատագրութեան մարտերը:

Կարճ ժամանակուան ընթացքին սուիրական բանակը ազատագրեց Համայի արեւմտեան շարք մը գիւղերը՝ յառաջանալով դէպի Իտլիպի արուարձաններ:

Սուրիական բանակին յառաջխաղացքը բնականաբար անել կացութեան մատնեց զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումները, որոնց վերջին թաքստոցը կը համարուի Իտլիպը: Ահաբեկիչները սկսան հրթիռակոծել Համայի գիւղերն ու յատկապէս Հալէպը՝ արգելք հանդիսանալու ազատագրուած Հալէպի վերականգնումի աշխատանքներուն եւ սպառնալու խաղաղասէր բնակչութեան:

Սուրիական բանակը իր դաշնակիցներուն օժանդակութեամբ շարունակեց իր յառաջընթացը՝ ազատագրումի մարտերը յաղթանակով պսակելու վճռակամութեամբ:

Թրքական կողմին առայժմ լուռ մնալը, Իրանի Սուրիոյ զօրակցութիւնն ու Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Փոմփէոյի հետ հանդիպման ընթացքին Սուրիոյ տարածքային ամբողջականութեան շեշտադրումը սուրիական բանակին յառաջընթացը ամրագրող ազդակներ հանդիսացան: Փաստօրէն սուրիական բանակը երկիրը ազատագրելու իր յստակ ուղերձը հասանելի դարձուց բոլոր կողմերուն:

Սուրիական ընկերութեան հարազատ պատկերը ցոլացնող այլ երեւոյթ մըն էր ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Կաթողիկոսին եւ անոր ընկերակցող պատուիրակութեան հանդիպումը Սուրիոյ նախագահին եւ Մուֆթիին հետ:

Սուրիոյ նախագահը կը շեշտէր, որ Սուրիան բոլոր սուրիացիներուն հայրենիքն է, անկախ կրօնական եւ ցեղային տարբերութիւններէն, վեր կ’առնէր սուրիահայութեան հաւատարմութիւնը եւ դրական մասնակցութիւնը Սուրիոյ յառաջդիմութեան, լուսարձակի տակ կ’առնէր հայ ժողովուրդին կոտորածը Օսմանեան Կայսրութեան տարիներուն: Աւելին. նախագահը իր զօրակցութիւնը յայտնելով սուրիահայութեան եւ վերադարձի ու վերակառուցման կոչ ուղղելով երկրէն մեկնած սուրիահայերուն, կը հաստատէր, որ հայութիւնը անբաժան մասնիկն է սուրիական ընկերային հիւսուածքին, իսկ Սուրիան կրօններու եւ քաղաքակրթութիւններու խաղաղ գոյակցութեան երկիրն է, այս է անոր ճշմարիտ պատկերը: Նոյնը կը հաստատէր Հանրապետութեան Մուֆթին՝ Նորին Սրբութեան հետ իր ջերմ հանդիպումին ընթացքին:

Սուրիական տագնապի տարիներուն, արտաքին ուժեր, դրացի կարգ մը երկիրներ Սուրիոյ պատկերը աղաւաղել փորձեցին: Անոնք, սակայն, երկիրը քանդելով մէկտեղ չյաջողեցան քայքայել սուրիական ընկերութեան հիւսուածքը:

Սուրիոյ ղեկավարութիւնը այս յստակ ուղերձներով երկրի ամբողջական ազատագրումի եւ վերականգնումի իր յանձնառութիւնը կը վերահաստատէ: