Հ.Մ.Ը.Մ.ի Յունաստանի Շրջ. Վարչութիւնը կը Պատուէ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Անթիլիասի Յոյն Մարզիչը

Աշխարհ, Սփիւռք

Չո­րեք­շաբ­թի՝ 15 ­Մա­յի­սի 2019-ին, Հ.Մ.Ը.Մ.-ի ­Յու­նաս­տա­նի Շրջ. ­Վար­չու­թիւ­նը յու­շա­նո­ւէ­րով մը պա­տո­ւեց ­Յու­նաս­տա­նի «Օ­լիմ­պիա­քոս» կո­ղո­վագն­դա­կի աղջ­կանց խում­բի մար­զիչ Է­լե­նի Քա­փո­յա­նին, որ ան­ցեալ տա­րեշր­ջա­նի ըն­թաց­քին ստանձ­նած էր ­Լի­բա­նա­նի Ան­թի­լիա­սի շրջա­նին մէջ գոր­ծող Հ.Մ.Ը.Մ.-ի կո­ղո­վագնդա­կի աղջ­կանց խում­բի մար­զի­չի պաշ­տօ­նը։ Այս մասին կը հաղորդէ «Ազատ օր»-ը։

Հ.Մ.Ը.Մ.-ի խում­բը, յոյն մար­զի­չի պա­տաս­խա­նա­տուու­թեան տակ, տա­րեշր­ջա­նի ըն­թաց­քին ու­նե­ցաւ փայ­լուն յա­ջո­ղու­թիւն­ներ եւ ստա­ցաւ չորս ա­ռաջ­նու­թիւն­ներ, ինչ­պէս՝ ­Լի­բա­նա­նի կո­ղո­վագն­դա­կի ա­խո­յեա­նու­թեան եւ ա­րա­բա­կան եր­կիր­նե­րու ա­խո­յեա­նու­թեան զոյգ բա­ժակ­նե­րը։

Պար­գե­ւատ­րու­մը կա­տա­րեց Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Շրջ. ­Վար­չու­թեան ան­դամ քոյր Ար­շա ­Սա­մո­ւէ­լեան։ Ներ­կայ էին նաեւ Ա­թէն­քի մաս­նա­ճիւ­ղէն եղ­բայր­ներ ­Կար­պիս ­Ճա­նի­կեան եւ ­Յով­հան­նէս Թէր­զեան։

Յոյն մար­զի­չը գո­վա­սան­քով ար­տա­յայ­տո­ւե­ցաւ հա­յու­թեան եւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի մա­սին՝ մաս­նա­ւո­րա­պէս նշում ը­նե­լով ջերմ մթնո­լոր­տին հա­մար, որ տի­րեց Ան­թի­լիա­սի խում­բին ու վար­չու­թեան հետ իր գոր­ծակ­ցու­թեան ամ­բողջ շրջա­նին։

Իր հա­յա­սի­րա­կան զգա­ցում­նե­րը եւ շնոր­հա­կա­լու­թիւն­նե­րը յայտ­նե­լով Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Շրջ. Վար­չու­թեան՝ ­Քա­փո­յա­նի ը­սաւ.- «Հ­պարտ եմ, որ ա­ռի­թը ու­նե­ցայ ճանչ­նա­լու ազգ մը, որ յոյ­նե­րէն տար­բեր չէ։ Ես այ­լեւս որ­պէս հայ կը զգամ։ ­Պատ­րաստ եմ իմ մար­զա­կան ծա­ռա­յու­թիւն­ներս եւ ա­մէն տե­սա­կի օգ­նու­թիւն ըն­ձե­ռե­լու Հ.Մ.Ը.Մ.-ին եւ յու­նա­հայ հա­մայն­քին»։