Բակօ Սահակեան ու Արկադի Ղուկասեան Երաշխաւորեցին Քոչարեանի Ազատութեան Համար

Հայաստան

Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեան եւ Արցախի նախկին նախագահ Արկադի Ղուկասեան Մայիս 16-ին դատարան նեկայացան եւ երաշխաւորեցին ՀՀ երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի ազատութեան համար:

 Դատարանը տեղեկացուց, որ  երաշխաւորողները 500.000 ական դրամ վճարած են Երեւանի ընդհանուր իրաւասութեան դատարանի հաշուին։

Նշենք, որ դատարանը երկու նախագահներուն պարզաբանեց իրենց իրաւունքներն ու պարտականութիւնները` զգուշացնելով, որ երաշխաւորութեան համար մուծուած գումարը կրնայ պետականացուիլ, եթէ մեղադրեալը ոչ պատշաճ վարքագիծ դրսեւորէ: Բացի այդ, դատարանը պարզաբանեց, որ այն անձը, որ կ՛երաշխաւորէ կալանքի տակ գտնուող անձի համար, պատասխանատւութիւն կը կրէ քրէական պատասխանատւութեան ենթարկուելու առումով:

Դատարանը յայտարարեց, որ անձնական երաշխաւորութեան միջնորդութիւնը պիտի քննուի խորհրդակցական սենեակը` խափանման միջոցի վերաբերեալ դատական ակտ կայացնելու ատեն:

Յիշեցնենք, որ Քոչարեանի պաշտպանները Մայիս 14–ին դատարանին ներկայացուցին Արցախի հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեանի եւ Արցախի Հանրապետութեան երկրորդ նախագահ Արկադի Ղուկասեանի երաշխաւորութիւնը:

Արցախի ներկայ եւ նախկին նախագահները երաշխաւորած են, որ Արցախի Հանրապետութեան եւ Հայաստանի Հանրապետութեան երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի նկատմամբ, որպէս խափանման միջոց կալանաւորումը դադրեցնելու պարագային,  վերջինս պիտի դրսեւորէ պատշաճ վարքագիծ, պիտի չխոչընդոտէ գործի քննութիւնը,  պիտի չխուսափի վարոյթ իրականացնող մարմնին ներկայանալէն եւ պիտի չկատարէ քրէական օրէնսգիրքով չթոյլատրուող արարք: