Յովհաննէս Թումանեանի Թանգարանը Հանրութեան Ներկայացուց Թումանեանական Գինիներու Շարքը

Այլեւայլ, Հայաստան

Յովհաննէս Թումանեանի 150-ամեայ յոբելեանի ծիրէն ներս գրողի թանգարանը եւ «Արմենիա Վայն» ընկերութիւնը համատեղ նախաձեռնութեամբ թողարկած են «Տակառ» գինիներու յատուկ շարքը: Գինիները փաթեթաւորուած են յոբելեանական յատուկ դիմապիտակներով եւ թումանեանական քառեակներով:

«Արմենփրես»-ի հաղորդմամբ` գինիներու շարքը ներկայացուած է Մայիս 16-ին Յովհաննէս Թումանեանի թանգարանին մէջ:

«Թումանեան բանաստեղծը, պոէտը ու հասարակական գործիչը հանրութեան ներկայացնելէն բացի, թանգարանը կը ցանկայ մարդոց ծանօթացնել Թումանեան հօր, ընկերոջ հետ:

Յայտնի է, որ ան շատ հիւրասէր մարդ էր, եւ Թումանեանի տան դռները միշտ բաց էին մարդոց առջեւ: Ընկերական միջավայրին մէջ բանաստեղծը յայտնի էր նաեւ որպէս թամատա: Սիրած է քէֆ եւ ուրախութիւն: Անոր ձեռքին միշտ եղած է գինիի թասը, որմով կենացներ խմած է»,-նշած է թանգարանի տնօրէնի ժամանակաւոր պաշտօնակատար Անի Եղիազարեան ու աւելցուցած, որ թանգարանին մէջ կը պահուի այն բաժակը, որմով Թումանեան կենացներ ըսած է:

Ան ընդգծած է, որ Թումանեան այդ տեսանկիւնէ ներկայացնելու լաւագոյն միջոցը գինիի տեսքով յուշանուէրներ թողարկելն էր:

Յուշանուէրներուն կցուած է փոքրիկ գրքոյկ, ուր կը պատմուի, թէ Թումանեան ինչ մեծ վարպետութեամբ խնջոյքներ վարած է:

Նոր գինիները հնարաւոր է ձեռք բերել թանգարանի յուշանուէրներու բաժինէն: Շուտով անոնցմէ սահմանափակ քանակով հասանելի պիտի ըլլայ նաեւ առեւտրային եւ ժամանցային կեդրոններու մէջ:

Տնօրէնի ժամանակաւոր պաշտօնակատարը ըսած է, որ «Արմենիա Վայն» ընկերութեան հետ ձեռք բերած են պայմանաւորուածութիւն, որուն համաձայն ընկերութիւնը թանգարանին պիտի աջակցի տարբեր ծրագիրներու իրականացման համար: