Գերմանիոյ Մէջ Բացուած է Թրքական Առաջին Համալսարանը

Աշխարհ

Պեռլինի միջազգային համալսարանը, Գերմանիոյ բարձրագոյն կրթական մարմին հանդիսացող Գիտութեան խորհրդէն (Wissenschaftsrat) ստանալով արտօնագիր, դարձաւ Գերմանիոյ առաջին համալսարան, որուն կեդրոնը կը գտնուի Թուրքիոյ մէջ:

2012-ին որպէս Թուրքիոյ Պահչեշեհիր համալսարանի Պեռլինի մասնաշէնք ան 2014-ին ստացած է “BAU International Berlin” անուանումը, կը փոխանցէ  «էրմենիհապեր»ը:

Այժմ արդէն գերմանական պետութեան կողմէ պաշտօնապէս արտօնագիր ստացած թրքական համալսարանը դարձաւ Գերմանիոյ 465 համալսարաններէն մէկը: Այս համալսարանին մէջ 66 տարբեր երկիրներէ 375 ուսանող կ՛ուսանի։