ՀՀ Կեդրոնական Դրամատունը Շրջանառութեան Մէջ Դրած է «ԵՊՀ Հիմնադրման 100-ամեակ» Արծաթէ Յուշադրամը

Այլեւայլ, Հայաստան

Հայաստանի Հանրապետութեան կեդրոնական դրամատունը Մայիս 16-էն շրջանառութեան մէջ դրած է «ԵՊՀ հիմնադրման 100-ամեակ» արծաթէ յուշադրամը: Այս մասին կը յայտնեն ՀՀ Կեդրոնական դրամատան հասարակայնութեան հետ կապերու ծառայութենէն:

«ԵՊՀ հիմնադրման 100-ամեակ»

 

Դիմերես` հայ գիտնականներուն նուիրուած յուշասիւնի հատուած (կը գտնուի Երեւանի պետական համալսարանի սրահին մէջ, քանդակագործ` Վահան Ղազարեան, ճարտարապետ` Լեւոն Բալայեան, ճարտարագէտ` Սօս Մանուկեան) եւ «SCIENTIA POTENTIA EST» մակագրութիւնը:

 

Դարձերես` «Սահակ Պարթեւ եւ Մեսրոպ Մաշտոց» խմբաքանդակէն հատուած (կը գտնուի Երեւանի պետական համալսարանի մուտքին մօտ, քանդակագործ` Արա Սարգսեան, ճարտարապետ` Ռոմէօ Ջուլհակեան): Հիմքին` ԵՊՀ շէնքի ուրուագիծի եւ զինանշանի պատկերներն են:

 

Ճարտարագիտական չափանիշները

 

Անուանական արժէքը՝ 1000 դրամ

մետաղը եւ յարգը՝ արծաթ 925

կշիռքը՝ 33,6 կր

տրամագիծը՝ 40,0 մմ

որակը՝ փրուֆ

դրամաշուրթը՝ ատամնաւոր

տպաքանակը՝ 500 հատ

 

Էսքիզներու հեղինակներ` Յարութիւն Սամուէլեան (դիմերես) եւ Վարդան Վարդանեան (դարձերես):

Հատուած է Լիթվիայի դրամահատարանին մէջ: