Հայաստան Համահայկական Հիմնադրամին Իրագործումը

Յօդուածներ – Զրոյցներ

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

Մայիս 14-ի օրը հայոց յուշատետրին մէջ կը յատկանշուի համահայկական առաջին ազգային-պետական կառոյցը կեանքի կոչելու պատմական քայլով:

Արդարեւ, 29 տարի առաջ, Մայիս ամսու 14-րդ այս օրը, գործնականացման իր առաջին քայլը նետեց «Հայաստան Համահայկական Հիմնադրամ»ը, որ կեանքի կոչուած էր իբրեւ հայ ժողովուրդին համազգային ու ներկայացուցչական՝ ազգային-պետական գլխաւոր կառոյցը: Կառոյց՝ որ կոչուած էր ծառայելու Հայաստանի ու հայութեան զարգացման եւ բարելաւման մարտահրաւէրները միասնական ուժերով նուաճելու նպատակին:

1992-ի Մայիս 14-ին, վերանկախացեալ Հայաստանի Հանրապետութեան մայրաքաղաք Երեւանի մէջ, հանդիսաւորապէս բացումը կատարուեցաւ նորաստեղծ «Հայաստան Համահայկական Հիմնադրամ»ի Հոգաբարձուներու Խորհուրդին առաջին լիագումար նիստին:

Հայաստանի Հանրապետութիւնը, 23 Սեպտեմբեր 1991-ի հանրաքուէով, վերականգնեց իր անկախութիւնն ու ազատութիւնը, իսկ վեց ամիս ետք՝ 3 Մարտ 1992-ին, Հայաստանի առաջին նախագահ Լեւոն Տէր Պետրոսեանի պաշտօնական հրամանագրով՝ կեանքի կոչուեցաւ «Հայաստան Համահայկական Հիմնադրամ»ը (ՀՀՀ):

Հիմնադրամի ստեղծման պետական որոշումը իրագործման հունի մէջ մտաւ 14 Մայիսին, երբ համահայկական պետական, հոգեւորական, քաղաքական եւ հասարակական բարձրագոյն ներկայացուցչութեան հիմունքով կազմուած Հոգաբարձուներու Խորհուրդը գումարեց իր անդրանիկ նիստը:

Պատմական փաստ է, որ հայրենիքին, երկրի հայութեան եւ հայոց ազգային պետականութեան օգնութեան փութալու գաղափարը միշտ ալ վառ եղած է աշխարհասփիւռ հայութեան կեանքին մէջ:

Հայաստանի անկախութեան նուաճման օրերուն իսկ, 1919 թուականին, Մեծ Եղեռնէն վերապրած արեւմտահայ քաղաքական միտքը իր մէջ բաւարար ուժ գտաւ, որպէսզի Պոլսոյ մէջ նախաձեռնէր Հայաստանի օգնութեան համահայկական կառոյց մը ստեղծելու քայլին:

Այդ քայլին անվերապահօրէն եւ անմիջապէս ընդառաջեց ու տէր կանգնեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան ատենի ղեկավարութիւնը:

Իսկ Հայաստանի անկախութեան կործանումէն ետք, խորհրդայինները առաւելագոյնս չարաշահել փորձեցին մեր ժողովուրդին ազգային-հայրենասիրական այդ վառ ապրումները…

Հայաստանին օգնութեան հասնելու նշանաբանին տակ, Կարմիր Երեւանը հետամուտ դարձաւ, Սփիւռքի տարածքին իրեն հարկատու կառոյցներու սերմանումով, խորհրդային համայնավարութեան ազդեցութիւնը աշխարհով մէկ տարածելու այլասերիչ նպատակին իրականացման:

Անշուշտ յուշատետրի այսօրուան էջը տեղը չէ անդրադառնալու – «Հայաստանի Օգնութեան Կոմիտէ» եւ «Հայրենիքի Օգնութեան Ֆոնտ» անուններու տակ – խորհրդայիններուն կողմէ կեանքի կոչուած «համահայկական կառոյցներ»ու դառն ու տխուր պատմութեան, այլեւ՝ ազգը պառակտող անոնց գործունէութեան:

Այսօր տարեդարձն է մեր ժամանակներու Հայաստան Համահայկական Հիմնադրամին, որ իր շուրջ համախմբած է աշխարհասփիւռ հայութիւնը եւ, իր իրագործած ռազմավարական մեծ կարեւորութիւն ունեցող ծրագիրներով, հպարտութեամբ լեցուցած է հայոց սերունդները:

Անմիջապէս պէտք է ընդգծել, որ Հայաստան Համահայկական Հիմնադրամի նուաճած ազգանուէր ծառայութեան հպարտառիթ ուղին այնքան ալ հեզասահ չեղաւ: Ընդհակառակն՝ հարթուեցաւ ծանր փորձութիւններ յաղթահարելու եւ քաղաքական խոչընդոտներ վնասազերծելու գնով:

Մեր սերունդներու ազգային յիշողութեան մէջ տակաւին կը յամենան վերապրուկները քաղաքական ու գաղափարական պառակտման այն հեղձուցիչ մթնոլորտին, որ Հիմնադրամի գործունէութեան սկզբնական տարիներուն, յատկապէս մինչեւ Լեւոն Տէր Պետրոսեանի նախագահական պաշտօնէն հրաժարումը, հետեւեցաւ Հայաստան Համահայկական Հիմնադրամի քայլերուն:

Վերանկախացեալ Հայաստանի նախագահական առաջին իշխանութիւնը փաստօրէն փորձեց եւ հետեւողական ճիգ թափեց, որպէսզի «քաղաքականացնէ» եւ սեփական իշխանութեան հաշիւներուն ծառայեցնէ համազգային այնքա՜ն կենսական այս կառոյցը եւս…

Ծնունդի այդ արատը փաստօրէն իր ազդեցութիւնը զգալի դարձուց նաեւ անցեալ տարի՝ 2018-ին, երբ հիմնադրամի վերջին տարիներու գործադիր-տնօրէնը եւս յայտնուեցաւ իրեն վստահուած համահայակական կարեւոր այս կառոյցին դրամական միջոցները անձնական իր պերճանքին համար գործածելու… աններելի գայթակղութեան մէջ:

Այդ բոլորը մեր ետին ձգելու յոյսով ու ինքնավստահութեամբ՝ աշխարհասփիւռ հայութիւնը այսօր հպարտութեամբ կ՛արժեւորէ Հայաստան Համահայկական Հիմնադրամի ազգանուէր գործունէութիւնը:

Ըստ Հայաստան Համահայկական Հիմնադրամի կանոնադրութեան՝ ՀՀՀ-ի բարձրագոյն ղեկավար մարմինը Հոգաբարձուներու խորհուրդն է, որուն նախագահը ի պաշտօնէ Հայաստանի նախագահն է:

Հոգաբարձուներու խորհուրդը կը բաղկացնեն Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսը, Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Պատրիարք-Կաթողիկոսը, Հայ Աւետարանական Եկեղեցւոյ ներկայացուցիչը, Արցախի նախագահը, Հայաստանի եւ Արցախի վարչապետները, Հայաստանի Սահմանադրական Դատարանի, Ազգային Ժողովի եւ Կեդրոնական Դրամատան նախագահները, Հայաստանի նախարարներ, համահայկական երեք կուսակցութեանց՝ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան, Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան եւ Սոցիալ-Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան լիազօրած ներկայացուցիչները, ՀՕՄ-ի, ՀԲԸՄ-ի եւ Ամերիկայի Հայկական Համագումարի պատասխանատուները, հանրածանօթ ազգային բարերարներ ու հասարակական գործիչներ՝ Հայաստանէն, Արցախէն եւ Սփիւռքէն:

Հիմնադրամի աշխատանքներուն աշխոյժ մասնակցութիւն եւ մեծ ներդրում ունին համահայկական այս կառոյցին առաջացուցած տեղական մարմինները, որոնք ներկայիս կը գործեն Միացեալ Նահանգներու (Լոս Անճելըս եւ Նիւ Եորք), Ֆրանսայի, Գանատայի (Թորոնթօ եւ Մոնրէալ), Մեծն Բրիտանիոյ, Գերմանիոյ, Հոլանտայի, Զուիցերիոյ, Աւստրիայի, Շուէտի, Լիբանանի, Աւստրալիոյ, Պրազիլի, Արժանթինի (Պուէնոս Այրես եւ Քորտոպա), Յունաստանի, Կիպրոսի, Սուրիոյ, Ուրուկուէյի, Ռումանիոյ, Ռուսիոյ Դաշնութեան, Իրանի, Իտալիոյ եւ Քուէյթի մէջ:

Տեղական մարմիններու ներկայացուցիչները կը մասնակցին Հոգաբարձուներու խորհուրդի նիստերուն:

Հիմնադրամը իր 27 տարիներու գոյութեան ընթացքին իրագործած է այնպիսի կարեւոր ծրագիրներ, ինչպիսիք են ճամբաներու, ջրազտման եւ ջրամատակարարման համակարգներու, բնական կազատարներու կառուցումը («Գորիս-Ստեփանակերտ», Արցախի մէջ՝ «Հիւսիս-Հարաւ» ինքնաշարժի երթեւեկութեան մայրուղիները եւ այլն): Հիմնադրամի ջանքերով են կառուցուած եւ վերակառուցուած նաեւ շարք մը դպրոցներ, մանկապարտէզներ, առողջապահական հաստատութիւններ, մարզական եւ մշակութային կեդրոններ: Հիմնադրամը իրականացուցած է նաեւ 85-է աւելի կրթական, մշակութային եւ գիտական ծրագիրներ: Հիմնադրամի իրագործած բոլոր հայրենանուէր ծրագիրները նպաստած են հայրենիքի մէջ գոյութիւն ունեցող առաջնային խնդիրներու լուծման՝ նպաստելով հասարակ քաղաքացիներու մօտ առկայ հիմնադրամի ծրագիրներուն անմիջական մասնակցութիւն բերելու ցանկութեան:

Հիմնադրամի տարեկան միջոցառումներու ցանկին վրայ կարեւորագոյն տեղը կը զբաղեցնէ տարեկան հեռուստամարաթոնը, որ կը հեռարձակուի Լոս Անճելըսէն: Հեռուստամարաթոնը կ՛ամբողջացնէ տարուան ընթացքին Հայաստանի, Արցախի եւ Սփիւռքի մէջ հաւաքուած գումարները՝ զանոնք ուղղելով դէպի Հոգաբարձուներու խորհուրդին կողմէ մշակուած նոր ծրագիրներու իրագործումը:

Հիմնադրամը արդէն թեւակոխած է նոր փուլ, ուր համահայկական իր առաքելութիւնը լիարժէք եւ ամբողջական դարձնելու ճամբուն վրայ, ան լայն բացած է իր գործունէութեան աշխարհագրական կարկինը, ներառած է նաեւ սփիւռքեան գօտիի այն հայօճախները եւ կառոյցները, որոնք ծանր տագնապ կը դիմագրաւեն իրենց հայապահպանման եւ ազգակերտման գործունէութեան ընթացքին:

Հիմնադրամի ծրագիրներուն իրականացման համար ցարդ հաւաքուած է շուրջ 350 միլիոն տոլար: