Ասիկա Հայերուն Երկիրն Է. Հայ Դարբիններու Քիւրտ Աշկերտը

Աշխարհ, Էրկիր

Տիգրանակերտի բնակիչ քիւրտ երկաթագործ Ազիզ Սապան կը յայտնէ, թէ իր արհեստը ատենօք սորված է հայ վարպետներէ՝ յիշելով, թէ Հայոց Ցեղասպանութենէն առաջ որքան շատ հայեր կային շրջանին մէջ։

1915-էն առաջ, Տիգրանակերտի մէջ կ՛ապրէին նուազագոյնը 65 հազար հայեր, իսկ Լիճէի 33 գիւղերուն մէջ, 1914-ին կային 24 եկեղեցիներ եւ մէկ վանք ու անոնց հայ բնակիչներուն թիւը վեց հազարի շուրջ էր։ Լիճէի մէջ ապրող հայերուն մեծ մասը արհեստաւոր էր։ Դերձակութիւնը, ոսկերչութիւնը, փռապանութիւնը եւ երկաթագործութիւնը՝ հայերուն գլխաւոր զբաղումներն էին։

Հակառակ անոր, որ Ցեղասպանութեան իբրեւ հետեւանք՝ հայերը ստիպուեցան հեռանալ այս շրջաններէն, սակայն անոնց արհեստները մինչեւ այսօր կը յիշուին։

Երկաթագործ Սապան, որ 70 տարեկան է, 50 տարիէ ի վեր, իր փոքրիկ խանութին մէջ, հողագործական գործիքներ կ՛արտադրէ։ «Ասիկա հայերու երկիրն էր, մերձակայ լեռները հայերունն էին։ Հոսկէ անդին Սարնիս անունով գիւղ մը կայ, հոն հայեր կ՛ապրէին։ Տիպէքի մէջ ալ հայեր կային», – կը յայտնէ ան։

Սապան կը պատմէ, որ տակաւին կապի մէջ է արտագաղթած հայերու հետ։ «Մեր յարաբերութիւնները շատ լաւ էին։ Անոնք մեր իրաւունքներուն եւ իրենց գործին նկատմամբ շատ հաւատարիմ էին։ Միայն ես չէի, ուրիշ բազմաթիւ քիւրտեր կ՛աշխատէին հայ վարպետներու քով։ Այս շրջանի մարդիկը բոլորն ալ հիմա մեռած են, մարդ չմնաց։ Միայն երկու եղբայրներ կան Հոլանտա կ՛ապրին, սակայն երբեմն կու գան, կ՛այցելեն, մեր հիւրը կ՛ըլլան։ Երեք-չորս եղբայր էին, Մանասէն կար, Մեսայիրը կար։ Կային ասոնց հօրեղբայրները՝ Հիւսնիւն ու Եուսուֆը կամ Քեամիլը, որոնք իսլամացուած էին, յետոյ դարձեալ վերադարձան իրենց կրօնքին»,- կ՛եզրակացնէ Սապան։