Ատրպէյճան Արցախի Պատճառով Արգելակած Է Արեւելեան Գործընկերութեան Յոբելենական Հռչակագիրը

Աշխարհ, Հայաստան

Պրիւքսելի մէջ Մայիս 13-ին աւարտած է Եւրոպական Միութեան «Արեւելեան գործընկերութիւն» ծրագիրի տասնամեակին նուիրուած վեհաժողովի առաջին օրը: Առաջարկուած է հանդիպումին աւարտին ստորագրել յոբելենական հռչակագիր, ինչ որ կարելի չէ եղած, որովհետեւ փաստաթուղթը արգելակած է Ատրպէյճանը` «Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան» հարցը չներառելու պատճառով: Այս մասին կը հաղորդէ «Տէօչէ Վելլէ»-ի ռուսական ծառայութիւնը:

Ուքրանիան եւ Վրաստանը իրենց կարգին պահանջներ ներկայացուցած են Արեւելեան գործընկերութեան անդամ առանձին երկիրներու կողմէ Եւրոպական Միութեան համարկման ձգտման յղումներու բացակայութեան վերաբերեալ:

Իրավիճակին անդրադարձած է Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատար Ֆետերիքա Մոկերինին, որ Պրիւքսելի մէջ տրուած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին ըսած է. «Այստեղ խօսքը տարեդարձի, տօնի մասին է, որուն ընթացքին մենք կ՛ընդգծենք վերջին տարիներուն արձանագրուած ամբողջ յառաջընթացը: Այդ իսկ պատճառով մենք կեդրոնացած ենք անոր վրայ, որուն հասած ենք` գործընկերութեան նշանակութեան, ապագայ հեռանկարներուն վրայ»:

«Արեւելեան գործընկերութիւն» ծրագիրին անդամ երկիրներն են Հայաստանը, Ատրպէյճանը, Պելոռուսիան, Վրաստանը, Մոլտովան եւ Ուքրանիան: Վերջին երեք պետութիւնները Եւրոպական Միութեան անդամակցիլը իրենց արտաքին քաղաքականութեան առաջնահերթութիւնը նկատած են: Ինչ կը վերաբերի Եւրոպական Միութեան համարկման ձգտման յղումներու բացակայութեան, ապա Մոկերինի ըսած է, որ ծրագիրի անդամ երկիրներէն երեքը կապուած են Եւրոպական Միութեան հետ ընկերակցութեան մասին համաձայնագիրով, իսկ միւս երեքը չունին այդպիսի համաձայնագիր:

«Պէտք էր ընտրել մօտեցում մը, որ կը յարգէ բոլորը», նշած է Մոկերինի:

Ատրպէյճանական «Մինվալ» կայքը հաղորդեց, որ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարով յայտնած է, որ հռչակագիրին վերաբերեալ Ատրպէյճանի բողոքին առնչուած հարցը պէտք է ուղարկուի Եւրոպական Միութեան ղեկավարութեան եւ կազմակերպութեան նախագահող Ռումանիոյ: Ըստ անոր, հռչակագիրի նախագիծը Ատրպէյճանի համար «բաւարար չէր»:

«Վստահ եմ, որ ատիկա այդպէս եղած է ո՛չ միայն Ատրպէյճանի, այլ նաեւ ծրագիրի անդամ այլ երկիրներու համար: Երկար քննարկումներէ ետք որոշուեցաւ, որ այս հռչակագիրը չի բաւարարեր մեզ: Յատկապէս, երբ խօսքը Հելսինքեան եզրափակիչ հռչակագիրին եւ ՄԱԿ-ի կանոնադրութեան մէջ նշուած սկզբունքներուն մասին է…», ըսած է ան: