Արամ Ա. Կաթողիկոս Հանդիպում Ունեցաւ Սուրիոյ Հանրապետութեան Միւֆթիին Հետ

Աշխարհ, Սփիւռք

Երեքշաբթի, 14 Մայիս 2019-ի երեկոյեան, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը իր գլխաւորած պատուիրակութեամբ այցելութիւն մը տուաւ Սուրիոյ Հանրապետութեան միւֆթի դոկտ. Ահմետ Պատրէտտին Հասսունին:

Մօտէն ճանչցած ըլլալով հանրապետութեան միւֆթին, մտերմիկ զրոյց մը տեղի ունեցաւ երկու հոգեւոր պետերուն միջեւ` Սուրիոյ այժմու կացութեան, քրիստոնեայ-իսլամ երկխօսութեան ու գործակցութեան, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ հայ համայնքին առնչուած նիւթերու շուրջ:

Վեհափառ հայրապետը կարեւորութեամբ շեշտեց երկրին մէջ համայնքներու միջեւ գործակցութիւնը ծաւալելու հրամայականը` իբրեւ երաշխիք ու մղիչ ուժ ապահովութեան հաստատման ու առկայ հարցերու լուծման: Ան յիշեցուց, որ ներկայ աշխարհին մէջ կրօններու, մշակոյթներու ու ցեղերու խաղաղ գոյակցութիւնը անհրաժեշտութիւն է եւ այդ գծով կրօնները կարեւոր դեր ունին կատարելիք:

Հանրապետութեան միւֆթին յիշեց Արամ Ա. կաթողիկոսին հետ ունեցած իր հանդիպումները, անոր տուած դասախօսութիւնը Դամասկոսի համալսարանին մէջ եւ վեհափառ հայրապետին կատարած կարեւոր դերը յատկապէս քրիստոնեայ-իսլամ երկխօսութեան գծով: Իր կարգին, ան իր պատրաստակամութիւնը յայտնեց առաւել աշխուժութեամբ շարունակելու քրիստոնեայ-իսլամ երկխօսութիւնը: Ան բարձր յարգանքով խօսեցաւ Սուրիոյ հայ համայնքին մասին` զայն նկատելով երկրի կենսական բաղադրիչներէն մէկը: