Աւստրալահայ Բարերարներ Վերանորոգած Են Մարտակերտի Մանկապարտէզը

Հայաստան, Սփիւռք

Մայիս 11-ին Ամերիկայի Հայ աւետարանչական ընկերակցութեան Մարտակերտի Մովսէս Ճանպազեանի անուան մանկապարտէզը հիւրընկալեց Աւստրալիոյ միաւորուած եկեղեցւոյ եւ Աւստրալիոյ Հայ աւետարանչական ընկերակցութեան խումբ մը ներկայացուցիչներուն՝ վերապատուելի Գրիգոր Եումուշակեանի գլխաւորութեամբ: Այս մասին կը հաղորդէ “Ասպարէզ”-ը։

Աւստրալիոյ Հայ աւետարանչական ընկերակցութեան ֆինանսաւորումով այս տարի վերանորոգուած եւ կահաւորուած է Մարտակերտի Մովսէս Ճանպազեանի անուան մանկապարտէզը: Կրթօճախը կը գործէ 2003-էն ի վեր: Այնտեղ կը յաճախեն 3-5 տարեկան 70 երեխաներ: Երեխաներուն համար ստեղծուած են բոլոր պայմանները՝ հանգիստը, կրթական եւ դաստիարակչական աշխատանքներ իրականացնելու համար:

Երեխաները հիւրերը դիմաւորեցին աւանդական աղ ու հացով: Նորամուտի ժապաւէնը կտրելէ ետք, հիւրերը ծանօթացան մանկապարտէզի պայմաններուն: Այնուհետեւ, մանկապարտէզի դահլիճին մէջ ելոյթ ունեցան մանկապարտէզի սաները: