Մեր Արտաքին Քաղաքականութեան Արդիւնաւէտութիւնը Կախուած է Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք Եռամիասնութենէն. Բակօ Սահակեան

Հայաստան, Սփիւռք

Անցեալ տարի շարունակուած է սերտ համագործակցութիւնը Մինսկի խումբի համանախագահներուն եւ ԵԱՀԿ գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչի գրասենեակին հետ։ Հետեւողական աշխատանքներ տարուած են միջազգային կազմակերպութիւններու մէջ ատրպէյճանա-ղարաբաղեան հակամարտութեան տարբեր ուղղութիւններու վերաբերեալ Արցախի Հանրապետութեան դիրքորոշումը ներկայացնելու ուղղութեամբ։ ՄԱԿ-ի, ԵԱՀԿ-ի, Եւրոպայի խորհուրդի եւ այլ միջազգային կառոյցներու մէջ տարածուած են Արցախի արտաքին գերատեսչութեան շարք մը պաշտօնական փաստաթուղթեր։

Ըստ Artsakhpress.am-ի՝ այս մասին, այսօր, Խորհրդարանէն ներս կայացած լիագումար նիստին ժամանակ, ըսած է ԱՀ նախագահ Բակօ Սահակեան եւ աւելցուցած, որ առաջին անգամ պատրաստուած է երկու կամաւոր զեկոյց՝ Արցախի Հանրապետութեան կողմէ 1992 Նոյեմբեր 26-ին միակողմանի կարգով միացած «Քաղաքացիական եւ քաղաքական իրաւունքներու մասին» միջազգային դաշնագրի դրոյթներու կատարման, ինչպէս նաեւ Արցախի մէջ ՄԱԿ-ի «Կայուն զարգացման 2030 օրակարգ»ի նպատակներու իրականացման վերաբերեալ, որոնք ուղարկուած են ՄԱԿ-ի համապատասխան կառոյցներ։

«Մենք բազմիցս նշած ենք, որ արցախեան կողմը պատրաստակամ է ամենայն աջակցութիւն ցուցաբերելու ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահներու միջնորդական ջանքերուն՝ ուղղուած հակամարտ կողմերու սահմանագիծին վրայ միջադէպերու կանխարգիլման ու կայունութեան, բանակցային գործընթացի շարունակականութեան համար բարենպաստ պայմաններու ապահովման։ ՀՀ արտաքին քաղաքական գերատեսչութեան, Սփիւռքի ազդեցիկ կազմակերպութիւններու եւ արտերկրի մէջ Արցախի համակիրներու հետ շարունակուած են Արցախի անկախութեան միջազգային ճանաչման գործընթացին մէջ առկայ դրական միտումներու առաջմղման եւ անոր անշրջելիութեան ապահովման ուղղութեամբ իրականացուող աշխատանքները։ Համագործակցութեան մասին հռչակագրեր ստորագրուած են Արցախի եւ օտարերկրեայ պետութիւններու 6 քաղաքներու միջեւ։ Քայլեր ձեռնարկուած են ապակեդրոնացուած համագործակցութեան շրջանակներու մէջ հաստատուած յարաբերութիւններուն գործնական բնոյթ հաղորդելու ուղղութեամբ, մասնաւորապէս` աշխատանքներ իրականացուած են Արցախի տարբեր համայնքներու մէջ ենթակառուցուածքներու ստեղծման, կրթութեան, գիւղատնտեսութեան եւ զբօսաշրջութեան ոլորտներու մէջ ծրագրերու իրականացման ուղղութեամբ»,- նշած է Բ. Սահակեան:

ԱՀ նախագահին խօսքով՝ մեծ կարեւորութիւն տրուած է միջազգային կապերու զարգացման ու խորացման՝ Արցախի դէմ Ատրպէյճանի կողմէ իրականացուող մեկուսացման քաղաքականութեան դիմակայելու տեսանկիւնէն։ Օտարերկրեայ տարբեր պետութիւններէ եւ միջազգային կառոյցներէ Արցախ այցելած է աւելի քան 70 պատուիրակութիւն։ Շարունակուած են աշխատանքները միջխորհրդարանական կապերու զարգացման, միջազգային կազմակերպութիւններու խորհրդարանական ձեւաչափերու մէջ փոխգործակցութեան ընդլայնման ուղղութեամբ։ Յատկապէս աշխոյժ էին փոխշփումները եւ հանդիպումները Ֆրանսայի, Պելճիքայի, Կիպրոսի, ինչպէս նաեւ ԱՄՆ Քալիֆորնիա նահանգի խորհրդարանական շրջանակներու, Եւրոպական խորհրդարանէն ներս Արցախի հետ բարեկամութեան խումբի հետ։

Հանրապետութեան նախագահը նաեւ նշած է, որ արտաքին քաղաքականութեան ասպարէզէն ներս ծաւալուն աշխատանք պիտի իրականացուի նաեւ ընթացիկ տարին:

«Մենք պիտի շարունակենք կառուցողական ներդրում ունենալ տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան պահպանման, ատրպէյճանա-ղարաբաղեան հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման գործընթացին մէջ՝ յամառօրէն հետամուտ ըլլալով բանակցային լիարժէք ձեւաչափի վերականգնման: Շարունակական պիտի ըլլան նաեւ միջազգային հարթակներու մէջ Արցախի մասին ճշմարտացի տեղեկատւութեան տարածումը, տարբեր երկիրներու հետ փոխգործակցութեան հաստատման ու ընդլայնման գործընթացը: Արտաքին քաղաքականութեան ասպարէզէն ներս մեր ծրագրերու արդիւնաւէտ իրականացումը մեծապէս կախուած է Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք եռամիասնութենէն, որ կը հանդիսանայ մեր բոլոր յաղթանակներուն ու  յաջողութիւններուն գրաւականը, եւ մենք պիտի շարունակենք ընել ամէն ինչ անիկա անսասան պահելու համար»,- աւելցուցած է ԱՀ նախագահը: