«Մեծ Եղեռն. Հայոց Ցեղասպանութենէն Մէկ Դար Անց» Խորագիրով Համաժողով՝ Իտալիոյ Պատգամաւորներու Պալատին Մէջ

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

Ապրիլ 16-ին, Իտալիոյ Պատգամաւորներու պալատի «Սալվատոր»ի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Մեծ Եղեռն. Հայոց Ցեղասպանութենէն մէկ դար անց» խորագիրով համաժողովը՝ կազմակերպուած Պատգամաւորներու պալատի Իտալիա-Հայաստան խորհրդարանական բարեկամութեան խումբի անդամներուն կողմէ։ Այս մասին կը  տեղեկացնեն ՀՀ ԱԳՆ տեղեկատւութեան վարչութենէն:

Համաժողովին, ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ Իտալիոյ մէջ ՀՀ դեսպան Վիքթորիա Պաղտասարեանը՝ շնորհակալութիւն յայտնելով պատգամաւորներուն Ապրիլ 10-ին Պատգամաւորներու պալատին մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման վերաբերեալ որոշման ընդունման համար։ Դեսպանը նշեց, որ Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային դատապարտման ու ճանաչման գործընթացը շարունակական է, որ պէտք է լուրջ ազդակ ըլլայ առ այն, որ այդ հարցով ժխտողական կեցուածքը ոչ մէկ ձեւով կը տեղաւորուի 21-րդ դարու արժեհամակարգային իրողութիւններուն մէջ: Ան աւելցուց, որ այս քայլով՝ իտալական կողմը վերահաստատեց ՄԱԿ-ի Ցեղասպանութեան յանցագործութիւնը կանխելու եւ ատոր համար պատիժի մասին պայմանագիրով ստանձնած իր յանձնառութիւնները եւ պարտաւորութիւնները ու հաւատարմութիւնը համամարդկային արժէքներուն։

Ելոյթներով հանդէս եկան Իտալիոյ քաղաքական, գիտական, մշակութային շրջանակներու շարք մը ներկայացուցիչներ, որոնք իրենց ելոյթներով ընդգծեցին Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման վերաբերեալ որոշման ընդունման կարեւորութիւնը Իտալիոյ հասարակական-քաղաքական շրջանակներուն մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ իրազեկուածութեան բարձրացման եւ ապագային նմանատիպ յանցագործութիւններու կանխարգիլման գործին մէջ։