Արցախեան Հիմնախնդիրը Մեզի Համար Ճակատագրական Նշանակութիւն Ունի. Բակօ Սահակեան

Հայաստան

Մեր դիրքորոշման մասին, այս տարիներուն ընթացքին, մենք բազմիցս յայտնած ենք, որ թէ՛ տարածքներու եւ թէ՛ կարգավիճակի առումներով վերադարձ անցեալին պիտի չըլլայ:

Այս մասին, ըստ Artsakhpress.am-ի, այսօր, Խորհրդարանին մէջ կայացած լիագումար նիստին ժամանակ, ըսած է ԱՀ Նախագահ Բակօ Սահակեան:

Անդրադառնալով վերջերս Վիեննայի մէջ կայացած ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հանդիպման՝ Հանրապետութեան նախագահը ըսած է, որ մինչ այդ հանդիպումները կ՝ըլլան բազմաթիւ խորհրդատւութիւններ, եւ բացառութիւն չէր նաեւ Վիեննայի մէջ կայացած հանդիպումը:

«ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին, ԱԳՆ գործընկերներուն մենք հնարաւորութիւն ունեցած ենք ներկայացնելու մեր դիրքորոշումը:  Իսկ մեր դիրքորոշումը չէ փոխուած: Այս տարիներուն ընթացքին մեր նուաճումներու շարքին կը դասուի այն, որ որեւէ անգամ մենք չենք առաջնորդուած ծայրայեղութեամբ, մենք որեւէ անգամ չենք տարածած մեծամտութիւն: Արցախեան հիմնախնդիրը մեզի համար ունի ճակատագրական նշանակութիւն: ՀՀ մեր գործընկերները այդ նոյն գիտակցութեան ծիրէն ներս կ՝իրականացնեն իրենց այսօրուան աշխատանքները: Մեր տեսակէտը պաշտպանած ենք եւ կը շարունակենք պաշտպանել ամենայն հաստատակամութեամբ: Այդ ամէնուն հետ մէկտեղ՝ մենք մեր պարտքը կը համարենք ամէն կերպով նպաստելու ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահներու գործունէութիւնը հնարաւորինս արդիւնաւէտ դարձնելուն»,- մասնաւորապէս նշած է Բակօ Սահակեան:

ԱՀ նախագահին խօսքով՝ վերջերս ԵԱՀԿ գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ, դեսպան Անճէյ Գասպշիկի հետ հանդիպման ընթացքին՝ քննարկուած է լրացուցիչ հնարաւորոթիւններու կիրառման մասին հարցը:

«Մենք պիտի շարունակենք մեր աշխատանքները ՀՀ գործընկերներու հետ՝ նշուած դիրքորոշումը պաշտպանելու ուղղութեամբ: Ես չեմ տեսներ որեւէ հաւանական փոփոխութիւն, որ իր ազդեցութիւնը պիտի ունենայ մեր այդ դիրքորոշումը վերանայելու համար: Վիեննայի մէջ կայացած հանդիպման ժամանակ՝ խօսուած է նաեւ շարք մը նոր մօտեցումներու անհրաժեշտութեան մասին, եւ այդ մօտեցումներուն մասին, մենք այս տարիներուն ընթացքին, բազմիցս հնչեցուցած  ենք: Վերջին՝ Մոսկուայի մէջ կայացած երկու երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպման ընթացքին՝ կողմերը հաստատած են պատրաստակամութիւնը սահմանագիծին վրայ աւելորդ լարուածութիւն չստեղծելու մասին: Մենք ալ հետամուտ պիտի ըլլանք այդ համաձայնութիւնները կեանքի կոչելուն»,- աւելցուցած է Բակօ Սահակեան: