Ամէն Ինչ Պիտի Ընենք Հայրենիքի Անկախութիւնը, Անվտանգութիւնը եւ Արժանապատւութիւնը Պաշտպանելու Համար. ԱՀ Նախագահ

Հայաստան

2018-ին Պաշտպանութեան բանակը յուսալիօրէն իրականացուցած է իր առջեւ դրուած առաջադրանքները՝ պահպանելով սահմաններու անձեռնմխելիութիւնը եւ պետութեան լիարժէք անվտանգութիւնը:

Այս մասին, ըստ Artsakhpress.am-ի, այսօր, Արցախի Հանրապետութեան Խորհրդարանին մէջ կայացած լիագումար նիստին ժամանակ, ըսած է ԱՀ Նախագահ Բակօ Սահակեան:

Անոր խօսքով՝ վերջին ժամանակահատուածին` յատկապէս անցեալ տարուան Սեպտեմբերէն սկսեալ, ՀՀ վարչապետի եւ Ատրպէյճանի նախագահի միջեւ ձեռք բերուած համաձայնութիւններուն իբրեւ արդիւնք սահմաններու ողջ երկայնքով զինադադարի խախտումներուն դէպքերը կտրուկ նուազած են:

«Բնական է, որ պետութեան թերեւս ամենակարեւոր առաջադրանքներէն եղած է, կայ եւ կը մնայ երկրի ու ժողովուրդի անվտանգութեան ապահովումը, պաշտպանութեան բանակի մարտունակութեան բարձր մակարդակի պահպանումը: Միեւնոյն ժամանակ, ակնյայտ է, որ Ատրպէյճանը չէ վերանայած հայատեացութեան վրայ հիմնուած իր տեսլականն ու մօտեցումները եւ կը շարունակէ յարձակողական, ոչ կառուցողական քաղաքականութիւնը դիւանագիտական, քաղաքական, տեղեկատուական եւ այլ հարթութիւններու վրայ: Ատրպէյճանի մէջ, 2018-ին եւ ընթացիկ տարին իրականացուած են լայնածաւալ զօրավարժութիւններ: Նոյնիսկ Վիեննայի վերջին հանդիպումէն ետք՝ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը կը շարունակէ իր ռազմատենչ հռետորաբանութիւնը եւ կը կատարէ տարբեր յայտարարութիւններ: Այս ամէնը մէկ անգամ եւս ցոյց կու տայ, որ հակառակորդի նպատակները ու անոնց հասնելու ձեւերը չեն փոխուիր, եւ ատրպէյճանա-ղարաբաղեան հիմնախնդրի կարգաւորումը ուժային տարբերակով կը շարունակէ գերակայել անոր ռազմաքաղաքական օրակարգին վրայ: Եւ ատիկա մենք չենք կրնար հաշուի չառնել»,- նշած է Բ. Սահակեան:

ԱՀ Նախագահին խօսքով՝ անցեալ տարուան ընթացքին հետեւողական աշխատանքներ տարուած են բանակի մարտական պատրաստակամութեան, զօրքերու դաշտային պատրաստուածութեան մակարդակի բարձրացման, մարտական հնարաւորութիւններու ընդլայնման, բանակի սպառազինութեան եւ ռազմական սարքերու արդիականացման ու համալրման, ղեկավարման համակարգի կատարելագործման, առաջնագծի ճարտարագիտական յագեցուածութեան եւ ծառայութեան պայմաններու բարելաւման, զինծառայողներու հասարակական պաշտպանութեան մակարդակի բարձրացման եւ շարք մը այլ ուղղութիւններով: Յատուկ ուշադրութեան կեդրոնին էին անձնակազմի հետ տարուող աշխատանքները զինուած ուժերու շարքերուն բարոյահոգեբանական վիճակի բարելաւման, ոչ կանոնադրական յարաբերութիւններու դէմ յամառ պայքարի ուղղութեամբ: Ծաւալուն աշխատանքներ կատարուած են՝ ուղղուած ճարտարապետական ամրակառոյցներու եւ կապի համակարգի զարգացման ու արդիականացման, ինչպէս նաեւ զինծառայողներու ընկերային-կենցաղային պայմաններու բարելաւման:

«2019-ին կը շարունակուի բանակաշինութեան ոլորտէն ներս բոլոր նախատեսուած ծրագրերու իրականացումը՝ ըստ հաստատուած ժամկէտներու եւ ապահովելով կատարուող աշխատանքներու բարձր որակը: Նման մօտեցման հիմքը այն ակնյայտ ճշմարտութիւնն է, որ որքան ուժեղ ըլլան մեր զինուած ուժերը, այնքան աւելի ամուր ու կայուն պիտի ըլլայ իրավիճակը սահմաններուն վրայ եւ մեր տարածաշրջանին մէջ: Մենք կողմնակից ենք Ատրպէյճանի հետ յարաբերութիւններու խաղաղ կարգաւորման, սակայն ցանկացած յարձակման պարագայի, եթէ ըլլայ, մեր կողմէն պիտի իրականացուի ամէն ինչ՝ հայրենիքի անկախութիւնը, անվտանգութիւնը եւ արժանապատւութիւնը պաշտպանելու համար: Մեր անվտանգութեան հետ անմիջականօրէն կ՝առնչուի նաեւ ատրպէյճանա-ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացը: Այստեղ պաշտօնական Ստեփանակերտի դիրքորոշումը մնացած է անփոփոխ. ատրպէյճանա-ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորումը պէտք է ընթանայ խաղաղ ճանապարհով՝ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի ծիրէն ներս՝ Արցախի Հանրապետութեան՝ իբրեւ բանակցային լիիրաւ կողմի մասնակցութեամբ»,- աւելցուցած է Հանրապետութեան նախագահը: