Մենք, Անպայման, Ներդրում Պիտի Ունենանք Փարիզի Աստուածամօր Տաճարի Վերակառուցման Գործին Մէջ․ Մուրատ Փափազեան

Աշխարհ, Սփիւռք

Ֆրանսայի հայ համայնքը Փարիզի Աստուածամօր տաճարի վերականգնման օժանդակելու հարցը պիտի քննարկէ երկրի կառավարութեան հետ, Ապրիլ 24-ին:  Այս մասին, ըստ Tert.am-ի, յայտնած է Ֆրանսայի հայկական ընկերութիւնները համակարգող խորհուրդի համանախագահ Մուրատ Փափազեան:

«Մենք, անպայման, ներդրում պիտի ունենանք Փարիզի Աստուածամօր տաճարի վերակառուցման գործին մէջ»,- ըսած է ան:

Մուրատ Փափազեանի խօսքով՝ իրենք դեռ այդ հարցը չեն քննարկած Ֆրանսայի իշխանութիւններուն հետ: «Ապրիլ 24-ին մենք նախաձեռնութիւն պիտի ունենանք: Մենք, այդ օրը, Կոմիտասի արձանին մօտ, Ֆրանսայի կառավարութեան հետ նախաձեռնութիւն ունինք, այդ օրը անոնց հետ այդ թեմայով քննարկումներ պիտի ըլլան: Կը նախատեսենք այդ օրը Կոմիտասի արձանին մօտէն շարժիլ դէպի Ֆրանսայի մէջ Թուրքիոյ դեսպանատուն»,- ըսած է ան:

Մուրատեան յիշեցուցած է, որ Փարիզի Աստուածամօր տաճարին մէջ, Ապրիլ 22-ին, նախատեսուած էր պատարագ՝ ի յիշատակ Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերուն, բայց տաճարի հրդեհէն ետք՝ պատարագը չեղարկուած է: