Անաթոլ Ֆրանս (1844-1924). Հայասիրական Շարժումի Յառաջապահն ու Հայ Դատի Անկաշառ Իրաւապաշտպանը

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Ն. Պէրպէրեան

Հայ ժո­ղո­վուր­դին դէմ թրքա­կան պե­տու­թեան գոր­ծադ­րած ցե­ղաս­պա­նու­թեան 104րդ ­տա­րե­լի­ցին ա­ռի­թով, երբ աշ­խար­հով մէկ կը յի­շենք մեր նա­հա­տակ­նե­րը եւ ազ­գա­յին-քա­ղա­քա­կան ամ­բող­ջա­կան ու ար­դար հա­տու­ցում կը պա­հան­ջենք ­Թուր­քիա­յէն, պէտք չէ մոռ­նանք յա­տուկ յի­շա­տա­կու­թեան ար­ժա­նաց­նե­լու են այն օ­տար­նե­րը, ո­րոնք կա­րե­ւոր ներդ­րում ու­նե­ցած են պա­հան­ջա­տէր հա­յու­թեան ­Բո­ղո­քի եւ ­Ցա­սու­մի ձայ­նը, այ­լեւ Ի­րա­ւուն­քի եւ Ար­դա­րու­թեան պա­հան­ջը հա­նուր մարդ­կու­թեան լսե­լի դարձ­նե­լու եւ յա­ռաջ մղե­լու պայ­քա­րին մէջ։

Հա­յա­սէր ու ­Հայ ­Դա­տի պաշտ­պան այդ օ­տար­նե­րու շար­քին ան­պայ­ման իր լու­սա­ւոր տե­ղը ու­նի ֆրան­սա­ցի աշ­խար­հահռ­չակ գրող, մտա­ւո­րա­կան եւ քա­ղա­քա­կան գոր­ծիչ Ա­նա­թոլ Ֆ­րանս։

Ա­զա­տա­խոհ մե­ծա­նուն ֆրան­սա­ցին է, որ «­Կար­միր Հ­րէշ» խա­րա­նին ար­ժա­նա­ցուց Օս­մա­նեան ­Կայս­րու­թեան մար­դա­կեր սուլ­թա­նը՝ Ապ­տիւլ ­Հա­միտ Բ.ը։

Ա­նա­թոլ Ֆ­րանս լոյս աշ­խարհ ե­կած է ­Փա­րի­զի մէջ Ապ­րիլ 16ի օ­րը, 171 տա­րի ա­ռաջ։ Ի­րա­ւազր­կեալ հայ ժո­ղո­վուր­դին եւ մեր ար­դար դա­տին ի սպաս իր բե­րած անգ­նա­հա­տե­լի ծա­ռա­յու­թեանց հա­մար, ֆրան­սա­ցի մե­ծար­ժէք այս մտա­ւո­րա­կա­նը յա­տուկ տեղ գրա­ւեց մեր ժո­ղո­վուր­դի մտքին ու սրտին մէջ՝ ի­րա­ւամբ ար­ժա­նա­նա­լով հայ ժո­ղո­վուր­դի մեծ բա­րե­կա­մի եւ Հայ ­Դա­տի մար­տու­նակ պաշտ­պա­նի ան­մահ պա­տո­ւան­դա­նին։

Ա­ւա­զա­նի ա­նու­նով Francois-Anatole Thibault, Ա­նա­թոլ Ֆ­րանս ա­մէն բա­նէ ա­ռաջ մե­ծա­տա­ղանդ գրող է, որ իր ստեղ­ծած բարձ­րար­ժէք վէ­պե­րուն, պատ­մո­ւածք­նե­րուն, բա­նաս­տեղ­ծու­թիւն­նե­րուն եւ թա­տե­րա­խա­ղե­րուն հա­մար 1921ին ար­ժա­նա­ցաւ ­Նո­պէ­լեան մրցա­նա­կի։

Ա­նա­թոլ Ֆ­րանս միա­ժա­մա­նակ հան­դի­սա­ցաւ ֆրան­սա­կան ա­զա­տա­խո­հու­թեան վա­ւե­րա­կան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րէն մէ­կը, որ իր քա­ղա­քա­կան եւ հա­սա­րա­կա­կան մար­տու­նակ գոր­ծու­նէու­թեամբ, 19րդ ­դա­րա­վեր­ջին ու 20րդ ­դա­րաս­կիզ­բին, մարմ­նա­ւո­րեց ար­դար դա­տե­րու ջեր­մե­ռանդ եւ բարձ­րա­ձայն ար­տա­յայ­տո­ւող ի­րա­ւա­պաշտ­պա­նի ա­ռինք­նող կեր­պա­րը։

Ա­նա­թոլ Ֆ­րանս ան­խոնջ պայ­քար մղեց յատ­կա­պէս ի խնդիր բազ­մա­չար­չար հայ ժո­ղո­վուր­դի ի­րա­ւունք­նե­րուն պաշտ­պա­նու­թեան։ Եր­կար տա­րի­ներ, ա­ւե­լի քան եր­կու տաս­նա­մեակ, Ա. Ֆ­րանս հան­դէս ե­կաւ Օս­մա­նեան ­Կայս­րու­թեան ա­րիւ­նա­լի լու­ծին տակ մեռ­նող հայ ժո­ղո­վուր­դին պաշտ­պա­նու­թեան դիր­քե­րէն։ ­Նա­խա­ձեռ­նեց եւ մղում տո­ւաւ բա­զում հա­սա­րա­կա­կան եւ քա­ղա­քա­կան քայ­լե­րու, ո­րոնց նպա­տակն էր Ֆ­րան­սա­յի եւ ամ­բողջ Եւ­րո­պա­յի լայն հա­սա­րա­կու­թիւ­նը ի­րա­զեկ դարձ­նել ա­րեւմ­տա­հա­յու­թեան նկատ­մամբ ի­րա­կա­նա­ցո­ւող կա­մա­յա­կա­նու­թեանց, բռնու­թեանց եւ կրկնո­ւող ջար­դե­րուն մա­սին։

Ապ­տիւլ ­Հա­մի­տի կող­մէ 1894-96 թո­ւա­կան­նե­րուն կազ­մա­կեր­պո­ւած հայ ժո­ղո­վուր­դի զան­գո­ւա­ծա­յին կո­տո­րած­նե­րուն ժա­մա­նակ, Ա. Ֆ­րանս ֆրան­սա­կան խորհր­դա­րա­նէն ներս բո­ղո­քի մեծ ա­լիք բարձ­րա­ցուց թրքա­կան իշ­խա­նու­թեանց դէմ, նաեւ՝ կազ­մա­կեր­պեց եւ ան­ձամբ մաս­նակ­ցե­ցաւ հայ որ­բե­րուն ի նպաստ հան­գա­նա­կու­թեան մեծ ար­շա­ւին։

Այ­նու­հե­տեւ, Հ.Յ.Դ. հիմ­նա­դիր Ք­րիս­տա­փո­րի ջան­քե­րով կեան­քի կո­չո­ւած ­Հայ ­Դա­տի բա­րե­կամ­նե­րու շար­ժու­մին միա­նա­լով, ­Ժան ­Ժո­րէ­սի եւ Ֆ­րե­դե­րիք տը Փ­րե­սան­սէի հետ, Ա. Ֆ­րանս ե­ղաւ ­Փա­րիզ հրա­տա­րա­կո­ւող «Pro Armenia» ամ­սագ­րի խմբագ­րու­թեան ան­դամ։

1897ի ­Մարտ 9ին, ­Փա­րի­զի Աշ­խար­հագ­րա­կան Ըն­կե­րու­թեան գու­մա­րած մէկ նիս­տին, Ա. Ֆ­րանս հա­յու­թեան մա­սին կա­տա­րեց պատ­մա­կան իր յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րէն մէ­կը.-

«­Մենք պէտք է ըն­դու­նինք, որ այս ժո­ղո­վուր­դը խե­լա­ցի եւ հե­րո­սա­կան է… իր հան­ճա­րի եւ իր ա­նօ­րի­նակ դժբախ­տու­թեանց պատ­ճա­ռով ի­րա­ւունք ու­նի վա­յե­լե­լու ար­դա­րու­թեան եւ ա­զա­տու­թեան հա­մար մարտն­չող ժո­ղո­վուրդ­նե­րու հա­մակ­րան­քը…»։

Իսկ 1903-04 թո­ւա­կան­նե­րուն, ­Սաս­նոյ ապս­տամ­բու­թեան շրջա­նին, Ա. Ֆ­րանս աշ­խոյժ մաս­նակ­ցու­թիւն ու­նե­ցաւ եւ­րո­պա­կան տար­բեր քա­ղաք­նե­րու մէջ կազ­մա­կեր­պո­ւած հա­յու­թեան եւ ա­նոր ի­րա­ւունք­նե­րուն ի նպաստ դա­տա­պաշտ­պա­նու­թեան հան­րա­հա­ւաք­նե­րու, բո­ղո­քի ցոյ­ցե­րու եւ քա­ղա­քա­կան-պե­տա­կան բարձր մա­կար­դա­կի խորհր­դա­ժո­ղով­նե­րու։

Հ­ռո­մի մէջ, 1903ի ­Մա­յիս 24ին, բո­ղո­քի հան­րա­հա­ւա­քի մը ժա­մա­նակ, Ա. Ֆ­րանս իր ե­լոյ­թով ընդգ­ծեց.-

«­Սուլ­թան Աբ­տիւլ ­Հա­միտ Բ.ը հրէշ է, որ մշտա­պէս կը դո­ղայ իր խղճուկ ա­մե­նա­զօ­րու­թեան մէջ եւ, սար­սա­փե­լով իր ո­ճիր­նե­րէն, ինք­զինք կը հանգս­տաց­նէ նո­րա­նոր յան­ցա­գոր­ծու­թիւն­ներ կա­տա­րե­լով. 1893-96ին ան կա­խած եւ վա­ռած է 300 հա­զար հա­յեր եւ այդ ժա­մա­նա­կէն սկսած, նող­կա­լի զգու­շա­ւո­րու­թեամբ, զբա­ղո­ւած է որ­բա­ցած ժո­ղո­վուր­դի հե­տե­ւո­ղա­կան ոչն­չաց­մամբ…»։

Իսկ ­Մեծ Ե­ղեռ­նի օ­րե­րուն եւ այ­նու­հե­տեւ, Ա. Ֆ­րանս հե­տե­ւո­ղա­կա­նօ­րէն բո­ղո­քի ու ցա­սու­մի ա­լիք բարձ­րա­ցուց հայ ժո­ղո­վուր­դին նկատ­մամբ թրքա­կան պե­տու­թեան գոր­ծադ­րած ցե­ղաս­պա­նու­թեան դէմ։

1916 թո­ւի Ապ­րիլ 9ին, ­Սոր­պո­նի մէջ ­Մեծ Ե­ղեռ­նին նո­ւի­րո­ւած սգա­հան­դէ­սի ըն­թաց­քին իր ու­նե­ցած հռչա­կա­ւոր ե­լոյ­թով, Ա. Ֆ­րանս յայ­տա­րա­րեց.-

«Ե­րիտ­թուր­քե­րը, տի­րա­նա­լով իշ­խա­նու­թեան, ի­րենց դա­ժա­նու­թեամբ գե­րա­զան­ցե­ցին Աբ­տիւլ Հա­մի­տին՝ կազ­մա­կեր­պե­լով Ա­տա­նա­յի կո­տո­րա­ծը… ­Մեզ սի­րող այդ ժո­ղո­վուր­դին բնաջն­ջե­լու ո­րո­շու­մը ըն­դու­նո­ւած է թրքա­կան կա­ռա­վա­րու­թեան խորհրդակ­ցու­թեանց ըն­թաց­քին… Ա­րեան այն փոքր քա­նա­կու­թիւ­նը, որ հայ ժո­ղո­վուր­դը տա­կա­ւին կը պահ­պա­նէ իր մէջ, թան­կա­գին ա­րիւն է, որ­մէ հե­րո­սա­կան սե­րունդ է ծնունդ առ­նե­լու: ­Ժո­ղո­վուրդ մը, որ մեռ­նել չ’ու­զեր, եր­բեք չի՛ մեռ­նիր»։

Ա­նա­թոլ Ֆ­րանս վախ­ճա­նե­ցաւ 1924ին, ­Հոկ­տեմ­բե­րի 12ին, ­Սէն ­Սիր-­Սիւր ­Լո­ւա­րի մէջ, նո­ւա­ճե­լով գրա­կան-գե­ղա­րո­ւես­տա­կան մե­ծար­ժէք վաս­տակ մը եւ ա­զա­տա­խոհ մտա­ւո­րա­կա­նի ու քա­ղա­քա­կան գոր­ծի­չի ար­ժա­նա­ւոր հռչակ։

Ա­նա­թոլ Ֆ­րանս ի­րա­ւամբ ար­ժա­նի է հայ ժո­ղո­վուր­դի մեծ բա­րե­կա­մի եւ ­Հայ ­Դա­տի ջեր­մե­ռանդ ի­րա­ւա­պաշտ­պա­նի պա­տո­ւան­դա­նին։

Մե­ծա­րե­լով Ա­զա­տու­թեան եւ Ար­դա­րու­թեան հա­մար մին­չեւ վեր­ջին շունչ պայ­քա­րած մե­ծա­նուն մտա­ւո­րա­կա­նին ու հա­սա­րա­կա­կան գոր­ծի­չին անձն ու գոր­ծը՝ ըն­թեր­ցո­ղի ու­շադ­րու­թեան կը յանձ­նենք 1890ին տպագ­րո­ւած Ա­նա­թոլ Ֆ­րան­սի հան­րա­ծա­նօթ «­Թա­յիս» վէ­պէն քա­ղո­ւած խո­հե­րու եւ պատ­գամ­նե­րու փունջ մը.

— Ոչ մի բան ինք­նին գո­վե­լի, ա­մօ­թա­լի, ար­դա­րա­ցի կամ ա­նար­դա­րա­ցի, հա­ճե­լի, տա­ժա­նե­լի, լաւ կամ վատ չէ: ­Միայն մարդ­կանց կար­ծիքն է ե­րե­ւոյթ­նե­րին այդ յատ­կութիուն­նե­րը տա­լիս, ինչ­պէս աղն է համ տա­լիս ու­տե­լիք­նե­րին:

— ­Դա նոյ­նիսկ ան­տա­րա­կու­սե­լի կը լի­նէր, ե­թէ աշ­խար­հում ընդ­հան­րա­պէս ո­րե­ւէ բան ան­տա­րա­կու­սե­լի լի­նէր:

— ­Գոր­ծել կամ ձեռն­պահ մնալ զուր բան է: Ապ­րել թէ մեռ­նել միեւ­նոյն բանն է:

— Ես յի­րա­ւի հրա­ժա­րո­ւել եմ ա­մէն տե­սա­կի ու­նայն բա­նե­րից, ո­րոնք սո­վո­րա­բար յու­զում են մարդ­կանց:

— ­Թող ոչ մի բան չշե­ղի քեզ հո­գուդ մա­սին հո­գա­լուց:

— ­Դու ննջում ես քո տգի­տու­թեան մէջ, ինչ­պէս յոգ­նած շու­նը` ցե­խում:

— ­Հա­ւա­սա­րա­պէս անմ­տու­թիւն է պար­սա­ւել ինչ­պէս շնե­րին, այն­պէս էլ փի­լի­սո­փա­նե­րին: ­Մենք չգի­տենք, թէ ի՛նչ են շնե­րը, եւ ինչ` մենք: ­Մենք ո­չինչ էլ չգի­տենք:

— ­Մար­դիկ տա­ռա­պում են, ո­րով­հե­տեւ զրկո­ւած են այն բա­նից, ին­չը բա­րիք է թւում ի­րենց, կամ էլ տի­րա­ցած լի­նե­լով դրան՝ վա­խե­նում են զրկո­ւել, կամ էլ հան­դուր­ժում են մի բան, ո­րը չա­րիք են կար­ծում…

— Ար­դա­րեւ գե­ղեց­կու­թիւնն ա­մե­նա­զօր բանն է աշ­խար­հում:

— Եւ այդ­քան սի­րո­ւած լի­նե­լով՝ սի­րում էր միայն ի­րեն:

— ­Սէ­րը հա­մա­կում է միայն հո­գով աղ­քատ­նե­րին: ­Հէնց սէրն է մար­դու թու­լու­թեան վկան:

— Ա­ռա­քի­նու­թեան փի­լի­սո­փա­յու­թիւ­նը տա­կա­ւին մե­ռած է այս աշ­խար­հում:

— Ան­շուշտ ժա­մա­նա­կը ա­մէ­նե­ւին էլ ռեալ չէ: Այն պար­զա­պէս մեր մտքի պատ­րանքն է: Ու­րեմն, ե­թէ գո­յու­թիւն չու­նի, ա­պա ինչ­պէս կա­րող է մահ բե­րել ինձ… Իսկ դա նշա­նա­կում է, որ յա­ւի­տեան պի­տի ապ­րեմ: Ո՛չ, բայց դրա­նից եզ­րա­կաց­նում եմ, որ մահս այ­նո­ւա­մե­նայ­նիւ գո­յու­թիւն ու­նի եւ միշտ էլ ե­ղել է նոյն­չափ, որ­քան լի­նե­լու է: Ես տա­կա­ւին չեմ զգում այն, սա­կայն գո­յու­թիւն ու­նի եւ չպէտք է վա­խե­նամ նրա­նից, ո­րով­հե­տեւ անմ­տու­թիւն է վա­խե­նալ մի բա­նի գա­լուց, որն ար­դէն ե­կել է: Այն գո­յու­թիւն ու­նի ինչ­պէս վեր­ջին է­ջը մի գրքի, ո­րը կար­դում եմ, բայց դեռ չեմ ա­ւար­տել:

— Աշ­խար­հը լի է սար­սափ­նե­րով ու տա­ռա­պանք­նե­րով, եւ ո՜վ եմ ես, որ գան­գա­տո­ւեմ ու տրտնջամ:

— Երբ խռովք է հա­մա­կում մեզ, նման­ւում ենք հար­բած մար­դու եւ օ­րօր­ւում ենք այս ու այն կողմ, պատ­րաստ ա­մէն քայ­լա­փո­խի խայ­տա­ռա­կօ­րէն տա­պա­լուե­լու:

— Իր գի­տե­լիք­նե­րը բազ­մա­պատ­կո­ղը իր վշտերն է բազ­մա­պատ­կում:

— ­Մահն ինք­նին այն­քան էլ սար­սա­փե­լի չէ, կեան­քը որ­քա՜ն ա­ւե­լի սար­սա­փե­լի է լի­նում: