Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը Վշտակցութիւն եւ Զօրակցութիւն Կը Յայտնէ Ֆրանսային

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

Փարիզի Աստուածամօր տաճարին պատուհասած ողբերգական դէպքին կապակցութեամբ՝ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը իր վշտակցութիւնն ու զօրակցութիւնը կը յայտնէ Ֆրանսայի բարեկամ ժողովրդին եւ իշխանութիւններուն:

Ֆրանսան յայտնի է ամէնուր համամարդկային մշակութային յուշարձաններու հանդէպ ցուցաբերած մեծագոյն յարգանքով ու խնամակալութեամբ: Հաւանաբար այդ է նաեւ պատճառներէն մէկը, որ անկախ կրօնական համոզմունքներէն ամբողջ աշխարհը զօրավիգ է Ֆրանսայի ժողովուրդին՝ դժբախտութիւնը դիմագրաւելու համար:

Լիայոյս ենք, որ աշխարհի տարբեր կողմերէն մէկտեղուած ջանքերուն իբրեւ արդիւնք Աստուածամօր տաճարը կրկին վեր պիտի յառնի իր ամբողջ վեհութեամբ, իբրեւ համաշխարհային խորհրդանիշ Քրիստոնէական հաւատի եւ ֆրանսական մշակութային ժառանգութեան:

 

ՀՅԴ հանրային կապերու գրասենեակ
16.04.2019