Աւագ Շաբաթը Քրիստոնեայի Կեանքին Մէջ Առանցքային Նշանակութիւն Ունի, Որովհետեւ Կոտրեցաւ Երկինքի Անմատչելիութիւնը, Եւ Աստուած Հաշտեցուց Երկինքն Ու Երկիրը

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Պատրաստեց Կարօ Աղազարեան

«Ազդակ»

Ծաղկազարդի կիրակիին կը յաջորդէ Աւագ շաբաթը, որ մեր Տիրոջ` Յիսուս Քրիստոսի տնօրինական կեանքի` չարչարանքներու, խաչելութեան, թաղման, ինչպէս նաեւ դժոխքի աւերման, հոգիներու ազատման եւ հրաշափառ յարութեան շաբաթն է:

Այս շաբթուան ընթացքին Յիսուս Քրիստոս առաքեալներուն հետ, մինչեւ Իր յարութիւնը վերջին անգամ սեղան նստաւ, ապա` մատնուեցաւ, ձերբակալուեցաւ, դատուեցաւ, անարգուեցաւ եւ չարչարանքներով խաչ հանուեցաւ, որուն համար ալ այս շաբաթը կը կոչուի նաեւ Չարչարանաց շաբաթ: Ծաղկազարդէն մինչեւ Ս. Զատիկ ինկած շաբթուան իւրաքանչիւր օր իր հերթին կը կոչուի «Աւագ»:

Աւագ կը կոչուի, որովհետեւ իր մէջ կը պարունակէ չորս մեծ խորհուրդ. նախ` աշխարհի արարման առաջին շաբթուան խորհուրդը, ապա` այս կեանքի եօթը ժամանակաշրջաններու խորհուրդը (ըստ եկեղեցւոյ հայրերու, արարչութենէն մինչեւ Տիրոջ երկրորդ գալուստը եօթը շրջան է), այնուհետեւ` Քրիստոսի չարչարանքներու խորհուրդը, եւ, վերջապէս, աշխարհի վախճանի խորհուրդը:

Աւագ Շաբթուան Իւրաքանչիւր Օրուան Խորհուրդը

Աւագ շաբթուան իւրաքանչիւր օրը ունի իրեն յատուկ հոգեւոր խորհուրդը եւ Մեծ պահքի կիրակիներու նման` կը կազմեն մէկ ամբողջութիւն:

Աւագ երկուշաբթի – Անպտուղ թզենիին չորացումը
Աւագ երեքշաբթի – Տասը կոյսերու յիշատակութիւնը
Աւագ չորեքշաբթի – Քրիստոսի օծումը եւ մատնութիւնը,
Աւագ հինգշաբթի – Վերջին ընթրիք` ս. հաղորդութեան խորհուրդի հաստատում, երեկոյեան` կարգ ոտնլուայի, ապա` կարգ խաւարման
Աւագ ուրբաթ – Մեր Տիրոջ` Յիսուս Քրիստոսի չարչարանքներու եւ խաչելութեան, յիշատակութիւն
Աւագ շաբաթ – Սուրբ Զատկի ճրագալոյց:

Աւագ երկուշաբթին նուիրուած է աշխարհի` երկինքի եւ երկրի արարչագործութեան: Առաւօտեան ժամերգութեան ընթացքին աւետարանական ընթերցումները կը յիշատակեն «Անիծուած թզենիին» պատմութիւնը, երբ Յիսուս, Բեթանիայէն Երուսաղէմ վերադարձին, անէծքով չորցուց անպտուղ թզենին` ըսելով. «Եւ աղօթած ատեն ինչ որ հաւատալով խնդրէք, պիտի ստանաք» (Մատթէոս 21:18-22): Յիսուս անիծելով տերեւներով զարդարուած, բայց անպտուղ թզենին` փարիսեցիներուն կ՛ակնարկէր, որոնք արտաքին բարեպաշտութեամբ զարդարուած էին, սակայն չունէին այդ բարեպաշտութեան հոգեւոր պտուղը` բարի գործերը եւ ողորմածութիւնը: Պտուղը այլաբանօրէն կը խորհրդանշէ մարդկային բարի գործերն ու առաքինութիւնները, որոնցմէ զուրկ մարդը կը պատժուի այս թզենիի օրինակով: Քանի որ կը մօտենային Իր չարչարանքները, Քրիստոս թզենին չորցուց, որպէսզի առաքեալները չմտածէին, թէ Իր ուժերու թուլութեան պատճառով էր, որ չարչարանքներու մատնուեցաւ: Քրիստոս թզենին չորցուց նաեւ ցոյց տալու համար, որ Իր գալուստով այլեւս պէտք չեն թզենիի տերեւները, որոնցմով Ադամ կը ծածկէր իր մերկութիւնը, եւ որոնք կը ծառայէին իբրեւ ամօթի եւ խայտառակութեան ծածկոց: Այս օրուան մէջ Յիսուս նաեւ մաքրագործեց տաճարը: Այս առակով Յիսուս մեզի կը սորվեցնէ անպտուղ թզենիին չնմանիլ` դուրսէն կանաչ, սակայն` անպտուղ, այլ միշտ պատրաստ ըլլալ` ճիշդ ժամանակին մեր կեանքի պտուղը Տիրոջ ներկայացնելու:

Աւագ երեքշաբթին ժողովուրդին մէջ ծանօթ է ՏԱՍԸ ԿՈՒՍԱՆԱՑ յիշատակի օր անունով: Ներքին ձեւով կապուած է նախորդ օրուան հետ. ան կ՛ակնարկէ, որ մեր առաքինի գործերու պտուղներով հոգեպէս պէտք է պատրաստ ըլլանք Քրիստոսի երկրորդ գալստեան, այլապէս կը չորնանք թզենիին պէս եւ երկինքի արքայութենէն դուրս կը մնանք հինգ յիմար կոյսերուն նման: Օրուան աւետարանական ընթերցուածը կը պատմէ «Տասը կոյսերու» առակը (Մատթէոս 25.1-13), որ Յիսուս իր աշակերտներուն պատմեց Զատիկը նախորդող Աւագ երեքշաբթի օր: «Այն ատեն երկինքի թագաւորութիւնը պիտի նմանի հետեւեալին. տասը կոյսեր կային, որոնք իրենց լապտերները առած` դիմաւորելու ելան փեսան: Անոնցմէ հինգը յիմար էին, իսկ միւս հինգը` իմաստուն: Յիմարները առին իրենց լապտերները, բայց իրենց հետ պահեստի ձէթ չառին, մինչդեռ իմաստունները իրենց լապտերներուն հետ սրուակով ձէթ առին: Եւ երբ փեսան ուշացաւ գալու, բոլորն ալ թմրեցան ու քնացան: Կէս գիշերին կանչ մը լսուեցաւ. «Ահա փեսան կու գայ, զայն դիմաւորելու ելէք»: Կոյսերը արթնցան եւ սկսան իրենց լապտերները կարգի դնել: Յիմար կոյսերը իմաստուններուն ըսին. «Ձեր ձէթէն քիչ մը մեզի տուէք, որովհետեւ մեր լապտերները ահա կը մարին»: Իմաստուն կոյսերը պատասխանեցին. «Ո՛չ, որովհետեւ կրնայ ըլլալ, որ մեզի եւ ձեզի չբաւէ. աւելի լաւ կ՛ըլլայ, որ երթաք խանութպաններուն եւ ձեզի համար ձէթ գնէք»: Երբ անոնք ձէթ գնելու գացին, փեսան եկաւ, եւ պատրաստ եղողները փեսային հետ հարսանիքի մտան, եւ դուռը գոցուեցաւ: Քիչ ետք եկան միւս կոյսերը եւ ըսին. «Տէ՛ր, Տէ՜ր, դուռը բա՛ց մեզի»: Փեսան պատասխանեց. «Իսկապէս որ չեմ ճանչնար ձեզ»: Ապա Յիսուս եզրակացուց.  «Ուրեմն արթո՛ւն մնացէք, որովհետեւ չէք գիտեր Մարդու Որդիին գալուն ո՛չ օրը եւ ո՛չ ալ ժամը»: Այս առակով Յիսուս մեզ կը զգուշացնէ եւ կը թելադրէ, որ մեր կեանքի ընթացքին մեր հաւատքի ճրագները միշտ պէտք է վառ պահենք, արթուն հսկենք, որովհետեւ ոչ ոք գիտէ Տիրոջ ահեղ Գալուստին եւ Յայտնութեան օրը կամ ժամը:

Երեկոյեան ժամերգութեան ընթացքին այս առակը նաեւ թատերական ձեւով կը ներկայացուի Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցիներէն ներս: Աւետարանի ընթերցանութեան ժամանակ տասը կոյս փոքրիկ աղջիկներ, շապիկ հագած, կը կանգնին եկեղեցւոյ դասին մէջ` ձեռքերնին վառած մոմեր բռնած: Երբ աւետարանական ընթերցումը կը հասնի տասը կուսանաց առակին, իւրաքանչիւրը անոնցմէ ափսէի մէջ դրուած ու ծալուած տասը թուղթերէն մէկը կը քաշէ: Թղթիկներուն հինգին վրայ գրուած կ՛ըլլայ ԻՄԱՍՏՈՒՆ, իսկ հինգին վրայ ՅԻՄԱՐ: Անոնց, որոնց յիմար գրուած թուղթը վիճակուի կը մարեն իրենց ձեռքի մոմերը, մինչ իմաստուն գրութիւնը ունեցողները` վառած կը պահեն զանոնք:

Աւագ չորեքշաբթի կը յիշատակուի Բեթանիոյ մէջ կնոջ կողմէ Յիսուս Քրիստոսի օծումը եւ Տիրոջ մատնութիւնը: Մեղաւոր կինը նարդոսի ազնիւ ու թանկարժէք իւղով կ՛օծէ Յիսուսը: Այս մասին աւետարանիչները զիրար լրացնող տեղեկութիւններ կը հաղորդեն: Աշակերտները կը բարկանան, քանի որ այդ իւղը վաճառելով` կարելի էր շատ աղքատներու ողորմութիւն տալ: Աշակերտներու այս տրտունջին Յիսուս կը պատասխանէ. «Աղքատները միշտ ձեզի հետ ունիք, եւ երբ որ ուզէք, կրնաք անոնց բարիք գործել, բայց զիս չունիք ձեզի հետ»: Կնոջ կողմէ Յիսուսի օծումը կը կանխանշէ անոր թաղուիլը: «Այս կինը ի՛նչ որ կրնար, ըրաւ. իմ մարմինս սկիզբէն օծեց թաղումիս որպէս նշան», կ՛ըսէ Քրիստոս: Աւագ չորեքշաբթիի աւետարանական ընթերցումը կը յորդորէ չչարաշահել Աստուծոյ ունեցած սէրն ու վստահութիւնը եւ, յիշելով մարդկութեան համար անոր կրած չարչարանքներն ու մահը, չշեղիլ ճշմարիտ ճանապարհէն, երկրպագել ու փառաւորել զԱստուած:

Աւագ հինգշաբթին խորհրդաւոր ընթրիքի յիշատակի օրն է: Աւագ հինգշաբթի առաւօտեան բոլոր եկեղեցիներուն մէջ կը մատուցուի ս. պատարագ` ի յիշատակ խորհրդաւոր ընթրիքի ժամանակ Քրիստոսի կողմէ ս. հաղորդութեան խորհուրդի հաստատման: Քրիստոս վերջին ընթրիքի ընթացքին հացն ու գինին ճաշակելու տուաւ իր աշակերտներուն` ըսելով, որ հացը Իր մարմինն է, իսկ գինին` Իր արիւնը, որ կը հեղու մարդոց մեղքերու քաւութեան համար: Վերջին ընթրիքէն ետք Յիսուս ջուրը լեցուց կոնքի մէջ, ծունկի եկաւ իր աշակերտներուն առջեւ եւ խոնարհաբար լուաց անոնց ոտքերը` հեզութեան եւ խոնարհութեան իբրեւ օրինակ ծառայելով: Այս օրը եկեղեցիներու մէջ կատարուող ոտնլուայի արարողութենէն ետք հաւատացեալներուն կը բաժնուի օրհնուած իւղ, զոր հաւատացեալները կը գործածեն հիմնականին մէջ հիւանդութիւններու պարագային կամ կը խառնեն տան մէջ ունեցած իւղին: Խորանին վրայ բարձրաստիճան հոգեւորականը, գոգնոց կը կապէ եւ կը լուայ ու իւղով կ՛օծէ 12 հոգիի ոտքերը: Ան այս կ՛ընէ Քրիստոսի արարքի նմանողութեամբ, երբ Քրիստոս լուաց իր 12 աշակերտներու ոտքերը` խոնարհութեան նշան ցոյց տալով ու ըսաւ, որ` «Ես ձեզի օրինակ մը տուի, որպէսզի դուք ալ իրարու ընէք այն, ինչ որ ես ձեզի ըրի» (Յովհաննէս 13.15):

Հայոց եկեղեցւոյ մէջ «Խաւարման գիշեր» կամ «Լացի գիշեր» կը կոչուի Աւագ հինգշաբթիէն Աւագ ուրբաթ երկարող գիշերը, անոր համար, որ այդ օրը մարդկութիւնը, Յուդայի եւ եբրայեցի կրօնաւորներուն ընդմէջէն, խաւարի իշխանէն` սատանայէն դրդուած մահուան առաջնորդեց իր Արարիչը, աշխարհի լոյսը` նախընտրելով ապրիլ խաւարի ու մեղքի մէջ, քան թէ` լոյսի ու արդարութեան:

Խաւարման կամ Լացի գիշեր` անոր համար, որ ոչ միայն Յուդան իր կեղծ համբոյրով մատնեց Երկնաւոր Վարդապետը, այլ հաւատարիմ նկատուող առաքեալներն իսկ, որոնք քիչ առաջ Պետրոսի նման կ՛ըսէին` «Նոյնիսկ եթէ մեռնիլ պէտք ըլլայ քեզի համար, քեզ պիտի չուրանամ» (Մատթէոս 26.35), շատ շուտով առանձին պիտի լքէին իրենց Ուսուցիչը, ու մահուան սոսկումէն սարսափած` բոլորը պիտի փախչէին գլուխնին ազատելու համար, իսկ Պետրոս առաքեալ, աքաղաղը դեռ չկանչած, երեք անգամ պիտի ուրանար զՔրիստոս:

Հայ եկեղեցիներէն ներս այս արարողութիւնը կը սկսի գիշերը եւ կ՛երկարի մինչեւ կէս գիշեր: Քրիստոսի խաչելութեան պատկերին դիմաց հաւասար չափով տասներկու մոմեր կը վառեն, մէկ հատ ալ մեծ մոմ կը դնեն անոնց մէջտեղ` խորհրդանշելով Յիսուսն ու Իր տասներկու առաքեալները: Կը կարդացուին եօթը աւետարաններ, որոնք կը բովանդակեն Յիսուսի` Գեթսեմանիի պարտէզին մէջ աղօթելը, Յուդայի գալն ու համբուրելով մատնելը, Յիսուսի ձերբակալութիւնն ու քահանայապետներուն առջեւ տարուիլը, ծեծուիլը, ապտակուիլը, անարգուիլը, Պետրոսի երեք անգամ ուրանալն ու զղջալը: Ամէն անգամ որ աւետարաններէն մէկը կը կարդացուի, վառած տասներկու մոմերէն իւրաքանչիւր կողմէն մէկական մոմ կը մարեն, իսկ «Փառք ի բարձունս» երգի ժամանակ եկեղեցւոյ բոլոր լոյսերը կը մարեն, որ կը խորհրդանշէ առաքեալներուն ձգելն ու փախչիլը, իսկ մէջտեղի մեծ մոմը, վառած, կը խորհրդանշէ զՔրիստոս, որ առանձին եւ անօգնական մնաց: Իւրաքանչիւր Աւետարանի ընթերցանութեան ընթացքին սովորութիւն եղած է, որ հաւատացեալներ նախապէս պատրաստած բարակ թելերով եօթը հանգոյց կապեն` որպէս նշան Քրիստոսի հետ ամուր ագուցուելուն եւ զԻնք երբեք առանձին չձգելուն: Այդ օր կ՛երգուի յայտնի «Ո՞ւր ես, մա՛յր իմ» տաղը:

Աւագ շաբթուան ամէնէն նուիրական ու սուրբ օրն է Աւագ ուրբաթը, որ իր մէջ կ՛ամփոփէ Յիսուսի չարչարանաց, խաչելութեան եւ թաղման խորհուրդները: Առաւօտեան ժամերգութեան ընթացքին կը կատարուին ընթերցումներ` Աւետարաններէն, որոնք կը պատմեն Քրիստոսի դատուիլը հռոմէացի կուսակալ Պիղատոսէն, հրեայ կրօնաւորներու ամբաստանութեամբ եւ պնդումով մահուան Անոր դատապարտումը, խաչը ուսին Գողգոթա բարձրանալը, արեգակին խաւարիլը, տաճարին վարագոյրին պատռուիլը, երկրաշարժ պատահիլը եւ խաչին վրայ Յիսուսի վախճանիլը:

Նոյն օրուան երեկոյեան արարողութիւնը կը յիշատակէ Քրիստոսի թաղումը: Եկեղեցիներուն մէջ խորհրդանշական ձեւով կը պատրաստուի Յիսուսի դագաղը կամ գերեզմանը, որուն վրայ կը զետեղուի ճերմակ պատանքով պատուած խաչ մը` ի նշան Յիսուսի թաղման: Ծնրադիր եւ արտասուալից կ՛երգուին «Սուրբ Աստուած… որ թաղեցար վասն մեր» եւ «Խաչի քո Քրիստոս» շարականները:

Ժողովրդական բարեպաշտութիւն է, երբ հաւատացեալներ երեք անգամ ծունկերու վրայ կ՛անցնին Քրիստոսի դագաղին տակէն` ի նշան վերջին յարգանքի:

Աւագ շաբաթ օրը կը յիշատակուի դժոխքի աւերումը: Երեկոյեան ժամերգութեան ընթացքին դպիրներ մարգարէական ընթերցուածներ կը կարդան, որոնք բոլորն ալ կը պատմեն, թէ ինչպէ՛ս Աստուած կանուխ ժամանակներէն արդէն ծրագրած էր Իր Որդին աշխարհ ղրկել: Ընթերցումներուն կը յաջորդէ Ճրագալոյցի պատարագը: Այդ երեկոյ եկեղեցւոյ վառած մոմերէն կը վառուին բազմաթիւ մոմեր ու ճրագներ, եւ հաւատացեալները այդ մոմին լոյսը կը բերեն իրենց տուները` իբրեւ խորհրդանիշ Յիսուսի յարութեան ուրախ աւետիսին: Այդ երեկոյ վերջ կը գտնէ նաեւ Մեծ պահքը:

Աւագ շաբթուան իւրաքանչիւր օր հաւատացեալները, ներկայ գտնուելով եւ մասնակից ըլլալով եկեղեցական արարողութիւններուն` աղօթքով եւ հաւատքի գործերով կը պատրաստուին Փրկչին գալստեան, յարութեան յոյսով կ՛անցնին Քրիստոսի չարչարանքներու եւ խաչի ճանապարհով:

Աւագ շաբթուան մասին Ս. Յովհան Ոսկեբերան հայրապետը կ՛ըսէ. «Այդ շաբաթ® տրորուեցաւ ու ոտնահարուեցաւ մահը, ջնջուեցաւ մեղքը, փշրուեցաւ երդումն ու դրախտի փականը, կտրուեցաւ երկնքի անմատչելիութիւնը, հեռացուեցաւ բաժանութեան պատնէշը, զաւթուեցան անջրպետող սահմանները, Աստուած աշխարհի մէջ հաշտեցուց երկնայինն ու երկրայինը»: