Ծաղկազարդը՝ Ախալցխայի Սբ․ Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ Մէջ

Սփիւռք

Ծաղկազարդը մեծ շուքով նշուած է Ախալցխայի Սբ․ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ։

Ըստ Akhaltskha.net-ի՝ պատարագիչ, Ախալցխայի եւ յարակից շրջաններու հոգեւոր հովիւ, Հոգշ․ Տ․ Թորգոմ քհնյ․ Վարդանեան յաւուր պատշաճի մեկնած է օրուան խորհուրդը։

Նշենք, որ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ Ամենայն հայոց կաթողիկոսի բարձր տնօրինութեամբ՝ այս տօնը յայտարարուած է երեխաներու օրհնութեան օր։

Հոգեշնորհ Տէր Հայրը՝ պատարագի աւարտին՝ կատարած է երեխաներու օրհնութեան կարգ եւ, այս գեղեցիկ տօնին առիթով, շնորհաւորած է հաւատացեալ ժողովուրդը։