Ողջմ­տու­թեամբ եւ մա­սամբ նո­րին

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Ար­դէն մօ­տե­ցած են օ­րե­րը, երբ հա­մայն հա­յու­թիւ­նը ամ­բողջ աշ­խար­հի վրայ, ան­գամ մը եւս, պի­տի բարձ­րաց­նէ իր ձայ­նը՝ յի­շեց­նե­լու հա­մար մարդ­կու­թեան եւ, մա­նա­ւա՛նդ, ցե­ղաս­պան ­Թուր­քիոյ՝ ­Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ան­հա­տոյց ո­ճի­րը։

Պոռկ­թու­մը՝ միա­բե­րան, կը լսո­ւի ա­մէն մէկ հա­յու շրթնե­րէն։

Պա­հան­ջա­տի­րու­թեան ո­գին կը հա­մա­կէ իւ­րա­քան­չիւր հա­յոր­դիի էու­թիւ­նը, որ Ապ­րի­լեան այս օ­րե­րուն, հա­ւա­տա­րիմ ցե­ղի ձայ­նին՝ կը յի­շէ ու կը պա­հան­ջէ, որ­պէս­զի ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նա­չու­մէն ան­դին, մի­ջազ­գա­յին ըն­տա­նի­քէն ներս, հա­յու ար­դար ցա­սու­մը ի վեր­ջոյ յան­գի հայ ժո­ղո­վուր­դի բռնագ­րա­ւեալ՝ կո­րու­սեալ հայ­րե­նի­քի վե­րա­դար­ձին ու ա­նոր վրայ ստեղ­ծո­ւած ազ­գի դա­րա­ւոր գան­ձե­րու հա­տուց­ման՝ ցե­ղաս­պան ­Թուր­քիոյ կող­մէ։

Յու­նա­հա­յու­թիւ­նը եր­բե՛ք ան­մասն չմնաց եւ, տաս­նեակ­նե­րով տա­րի­նե­րէ ի վեր, իր ձայ­նը միա­ցու­ցած է հա­յու պա­հան­ջա­տի­րա­կան պայ­քա­րի բո­լոր ար­տա­յայ­տու­թիւն­նե­րուն։

Իւ­րա­յա­տուկ է նաեւ մեր գա­ղու­թի պա­րա­գան, մա­նա­ւանդ երբ մեր ապ­րած երկ­րի նո­րա­գոյն պատ­մու­թիւ­նը կը շա­րու­նա­կէ կա­պուած մնալ ­Թուր­քիոյ հետ իր դրաց­նու­թեան դառն ի­րա­կա­նու­թեամբ, յատ­կա­պէս վեր­ջի­նի ռազ­մա­շունչ քա­ղա­քա­կա­նու­թեան եւ ռազ­մա­կան զա­նա­զան ա­րարք­նե­րու լկտիու­թեան մթնո­լոր­տին մէջ։

Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան 50ա­մեա­կի տա­րե­լի­ցէն ետք, յու­նա­հա­յու­թիւ­նը եր­կար ճամ­բայ կտրեց յու­նա­կան քա­ղա­քա­կան մի­ջա­վայ­րին մէջ, բարձ­րաց­նե­լու հա­մար ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան քա­ղա­քա­կան եւ ի­րա­ւա­կան ճշմար­տու­թիւ­նը, որ յան­գե­ցաւ հել­լէն խորհր­դա­րա­նին կող­մէ ա­նոր ճա­նաչ­ման՝ 1996-ին։

Յու­նաս­տա­նի խորհր­դա­րա­նին կող­մէ ճա­նաչ­ման աք­թը, իր պատ­մա­կան նշա­նա­կու­թե­նէն ան­դին, ու­նի քա­ղա­քա­կան ի­մաստ, ո­րով­հե­տեւ թե­րեւս մեր գա­ղու­թը այն հա­զո­ւա­գիւտ հայ հա­մայք­նե­րէն է, ուր ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ո­գե­կո­չու­մը, իր պաշ­տօ­նա­կան բո­լոր ե­րես­նե­րով, կը կազ­մա­կեր­պո­ւի պե­տու­թեան հո­վա­նիին տակ՝ պե­տա­կան օ­րէն­քի ի­րա­ւա­կան ու­ժի ո­գիով ու, միա­ժա­մա­նա՛կ, հայ ժո­ղո­վուր­դի ի­րա­ւունք­նե­րուն որ­պէս ­Յու­նաս­տա­նի պե­տա­կան ար­դար զօ­րակ­ցու­թիւն։

Ճա­նա­չու­մը տո­ւաւ նաեւ ազ­դան­շա­նը, որ­պէ­սի այ­լեւս մեր գա­ղու­թը մէկ ձայ­նով եւ պա­հան­ջա­տի­րա­կան միաս­նա­կան ո­գիով ներ­կա­յա­նայ ու նշէ իր մի­լիոն ու կէս զո­հե­րու յի­շա­տա­կը, ա­ռա­ւել՝ ա­նոնց ա­նու­նով պա­հան­ջէ, որ ցե­ղաս­պա­նը դէմ յան­դի­ման գայ պատ­մու­թեան ըն­թաց­քին իր գոր­ծած ոճ­րա­գոր­ծու­թիւն­նե­րուն հետ՝ մե­ղան­չե­լով ու հա­տու­ցա­նե­լով։

Վեր­ջին գրե­թէ քսան տա­րի­նե­րու ըն­թաց­քին, յու­նա­հա­յու­թեան միաս­նա­կան կե­ցո­ւածք­նե­րը յա­տուկ նշա­նա­կու­թեամբ դի­մա­ւո­րուե­ցան յու­նա­կան պե­տա­կան եւ քա­ղա­քա­կան ա­տեան­նե­րուն կող­մէ։ Այս կե­ցո­ւածք­նե­րը ա­ռա­ւել վարկ ա­ւել­ցու­ցին հա­յու­թեան հան­դէպ յոյն ժո­ղո­վուր­դին ու­նե­ցած եղ­բայ­րա­կան զգա­ցում­նե­րուն, ինչ­պէս նաեւ՝ զօ­րա­ցու­ցին մեր գա­ղու­թի բո­լոր հա­տո­ւած­նե­րուն մէջ միաս­նա­կա­նու­թեան ան­փո­խա­րի­նե­լի ու­ժը, որ­պէս մէկ եւ ազ­դու ար­տա­յայ­տու­թիւն՝ հայ ժո­ղո­վուր­դի ան­ժա­ման­ցե­լի ի­րա­ւունք­նե­րուն պա­հան­ջա­տի­րու­թեան հա­մար։

Այ­սօր սա­կայն, միաս­նա­կա­նու­թեան ո­գին ան­բա­ցատ­րե­լիօ­րէն խախ­տած է։

Մէկ ու ազ­դու ձայ­նի փո­խա­րէն՝ բազ­մա­ձայ­նու­թիւն մըն է, որ կը փոր­ձո­ւի յա­ռաջ բե­րել, ո­րուն ձայ­նե­րը հե­ռու են միա­բե­րան ու ներ­դաշ­նակ ար­տա­յայ­տու­թիւն­նե­րէ։

Ինչ­պէ՞ս կա­րե­լի է՝ պե­տա­կան օ­րէն­քով հաս­տա­տո­ւած եւ մին­չեւ օրս ճամ­բայ կտրած ­Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան նշու­մի պե­տա­կան հո­վա­նա­ւո­րու­թիւ­նը եւ մաս­նակ­ցու­թիւ­նը կրող ե­լոյթ­նե­րուն դի­մաց, դառ­նու­թեամբ ա­կա­նա­տես ըլ­լալ նոր փոր­ձար­կում­նե­րու։

Ե՞րբ այ­լեւս պի­տի սթա­փինք ու տես­նենք, թէ ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան նշու­մը մրցակ­ցու­թեան են­թա­կայ չէ, ոչ ալ՝ մեր ժո­ղո­վուր­դը ու մեր ապ­րած քա­ղա­քա­կան ու ըն­կե­րա­յին մի­ջա­վայ­րը ա­պա­կողմ­նո­րո­շե­լու մի­ջոց։

Ա­ւե­լի՛ն, ա­նա­խորժ մրցակ­ցու­թիւն ստեղ­ծե­լու նման ա­պա­ռողջ փոր­ձե­րը կը ջլա­տեն միաս­նա­կա­նու­թեան ո­գիով ցարդ ար­ձա­նագ­րո­ւած բո­լոր նո­ւա­ճում­նե­րը յու­նա­կան քա­ղա­քա­կան միտ­քին մօտ, մա­նա­ւանդ երբ այս վեր­ջի­նը հայ ժո­ղո­վուր­դի պա­հան­ջա­տի­րա­կան միաս­նու­թիւ­նը՝ մէկ բռունցք ցու­ցա­բե­րե­լը հիա­ցու­մով գո­վա­բա­նած է եւ այդ մէ՛կ ըլ­լա­լու նո­ւա­ճու­մը որ­պէս օ­րի­նակ կը շա­րու­նա­կէ ներ­կա­յաց­նել՝ իր սե­փա­կան ժո­ղո­վուր­դին ­Թուր­քիոյ ձե­ռամբ կրած ա­նի­րա­ւու­թիւն­նե­րու ճա­նաչ­ման փոր­ձե­րու ծա­ւա­լու­մին մէջ։

Այ­լա­մերժ ու վա­նո­ղա­կան մտքե­րուն դի­մաց, ողջ­միտ եւ տրա­մա­բա­նա­կան կե­ցո­ւածք­նե­րը վերս­տին պէտք է տի­րա­պե­տեն՝ թօ­թա­փե­լով հնա­մաշ բար­դոյթ­ներն ու ա­նի­մաստ պատ­րանք­նե­րը։ Ա­նոնք տեղ չու­նին ­Հայ ­Դա­տի ար­դար պայ­քա­րի հա­մազ­գա­յին մեր ուխ­տին մէջ։

Յու­նա­հա­յու­թիւ­նը պի­տի շա­րու­նա­կէ իր պա­հան­ջա­տի­րա­կան եր­թը։

Այդ եր­թը իր մէջ պէտք է պար­փա­կէ ողջ յու­նա­հա­յու­թիւ­նը, ե­րի­տա­սար­դու­թեան պայ­քա­րող ո­գին, մեր զա­ւակ­նե­րու ձեռք-ձեռ­քի բռնած միաս­նա­կան բռունց­քը։

Ժա­մա­նա­կը հա­սած է սթա­փե­լու։

Դէ­պի ողջմ­տու­թիւն դար­ձը կը պա­հան­ջէ քա­ջու­թիւն, զոր պէտք է վե­րագտ­նել, ի հար­կին՝ վերս­տին սրսկել։

ԴԻՏՈՂ

«Ազատ օր»

Յունաստան