Ֆէթիշ Թուականէն Քսան Օր Առաջ.- 1965-ԷՆ Ի ՎԵՐ ՍԿՍԱԾ ՊԱՅՔԱՐԻ ԶԷՆՔԻ ՈՒՍԸ ԹԵՐԵՒՍ ՊԷՏՔ Է ՓՈԽԵԼ…

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Յ. Պալեան

Նոյնիսկ առանց յոյսի, պայքարը դեռ յոյս մըն է:

Ռոմէն Ռոլէն (1866-1944)

 

1965-ին, քիչ մը ամէն տեղ, հայաշխարհը ՄԵԾ ԵՂԵՌՆի ոգեկոչման 50-ամեակի պատրաստութիւն կը տեսնէր: Յաջորդեցին ցոյցերը: Լոյս տեսան գիրքեր, հին եւ նոր, հայ եւ օտար հեղինակներու, տարբեր լեզուներով, հայերէնի կողքին՝ արաբերէն, ֆրանսերէն, անգլերէն, գերմաներէն: Ժապաւէններ: Կարգախօսներ: Տեսակցութիւններ՝ պետական զանազան մակարդակի ներկայացուցչութիւններու հետ: Հայաստան եւ սփիւռքի հեռու կամ մօտ, մեծ կամ փոքր համայնքները, միահամուռ, ցեղասպանութեան ճանաչում պահանջեցին:

Հայաստանէն դուրսի հայաշխարհը հայրենահանուածներու եւ անոնց յաջորդներու սփիւռք-համայնքներով կազմուած էր, երբեմն կ’ըսենք՝ ցեղասպանութենէ ճողոպրածներովկամ անոնց ժառանգներով: Անոնք չէին գտնուեր հայրենալքում-արտագաղթով կազմուած նոր սփիւռքներու բարոյաքաղաքական անհեթեթութեան եւ հակասութեան մէջ, որ այսօր վարարած է հայկական արտասահմանը, ուր հայրենաթողները կը կարծեն ապրիլ ինչպէս պիտի ապրէին Հայաստանի այս կամ այն մարզին մէջ կամ Երեւան, կը խօսին եւ հիւր կը ծափահարեն՝ առանց անդրադառնալու կացութեան անհեթեթութեան, երբ ծափահարուելիքը լքած են իրենց ազատ կամքով:

Հայաստան անոնց նկատմամբ ունի մարզային վերաբերում, քանի որ անոնք միշտ Հանրապետութեան քաղաքացի են, ինչ որ չէ պարագան հայրենահանուածներու սփիւռքին, որ կը յիշէր եւ կը պահանջէր ճանաչումը եւ դատապարտումը զինք որբացուցած եւ անհայրենիք դարձուցած ոճիրին: Հայրենահանուածներու սփիւռքը ազգային-որակական տարբերութիւն ունի հայրենալքման հետեւանքով յառաջացած գաղթականութենէն: Ծննդոցի եւ նպատակի հասարակաց ոչինչ կայ երկուքին միջեւ, եթէ համրանք ունենալու եւ մարդորսութեան համար լեզուագարութիւններու տուրք չտրուի: Երկու կացութիւններուն համար նոյն եզրի (սփիւռք) ընթացիկ գործածութիւնը հայկական ինքնութեան յստակութեան չի նպաստեր, չի նպաստեր հայոց ազգային իրաւունքի եւ դատի քաղաքական ճիշդ ըմբռնումին:

Թուրք-մոնղոլներու ներխուժումէն ետք կայսրութիւններ փուլ եկան, պատմութեան բեմէն անհետացաւ Բիւզանդիոնը, որպէս պետութիւն եւ մշակոյթ, ծնունդ առաւ աշխարհին այդ շրջանին համար օտար, անհարազատ, եկուոր ժողովուրդի մը իշխանութիւնը, որ տիրեց, իւրացուց: Նոյն հունով, հայկական բազմադարեան աշխարհը, իր քաղաքներով, քաղաքակրթական հարստութիւններով, իր մարդոցմով, տիրապետուեցաւ:

Պատմութեան ընթացքին ազգերու եւ քաղաքակրթութիւններու դէմ գործուած չարիքը կը շարունակուի: Ան կոչուեցաւ օսմանեան կայսրութիւն, այսօր կը կոչուի Թուրքիա, որուն տիրական ուժը հանդիսացող թուրքերը պատմական, քաղաքակրթական եւ մշակութային սեփականատիրութեան ոչ մէկ վաւերականութիւն ունին, հոն են զէնքի ուժով, բռնութեամբ, բնիկները գերավարած ըլլալով, ենիչէրինրու օրէնք եւ բարոյական չճանչցող ուժին կռթնած: Կայսրութիւն մը՝ որ կրօնքը դարձուց անհանդուրժողութեան, այլամերժութեան, ստրկացման զէնք, որուն արմատները միշտ ոռոգուած են տիրապետուած ժողովուրդներու արիւնով, որ տարբերութիւնները արեան մէջ խեղդելով շարունակուեցաւ: Այսինքն՝ բազմապատիկ եւ ամէն օր գործադրուած ցեղասպանութիւն: Չկայ այլ բացատրութիւն:

Հակառակ դար տեւած բարոյախօսական-տիրացուական ճառերու, «չարիքի կայսրութիւն»ը կը տեւէ, եւ միջազգային ոչ մէկ ուժ, ոչ մէկ արդարութեան ըմբռնում, ցարդ չեն յաջողած գերեվարուածներուն եւ իրաւազրկուածներուն վերադարձնել ինչ որ կոյրերու համար նոյնիսկ տեսանելի աւազակային կողոպուտի բնոյթ ունի նաեւ այ-սօր:

Ինչպէ՞ս Ս. Սոֆիա եկեղեցին կրնայ թրքական ըլլալ: Ինչպէ՞ս հազարումէկ եկեղեցիներու Անին թրքական կրնայ ըլլալ:  Պատահա՞ծ է որ Վանի մէջ ըլլայ թրքական թագաւորութիւն երկրին մէջ արմատներ ունեցող թուրքերով:

Միամիտ պէտք չէ ըլլալ եւ խորհիլ որ պատմութեան անիւը ամբողջովին կարելի է շրջել: Բայց գիտական մեծ նուաճումներու, օրէնքներու, բարոյական ըմբռնումներու այս դարուն, ինչպէ՞ս կարելի է դեռ ընդունիլ, որ շարունակուի անտառի օրէնքը, ինչպէ՞ս յաւերժի վկայական տալ այդ օրէնքի հետեւանքներուն: Երբեմն կը մտածեմ, որ նոյնինքն թուրք ժողովուրդը, ըլլալով հանդերձ բիրտ ներխուժողներու ժառանգ, հետեւած է միջազգային քաղաքակրթական-կրթական հոլովոյթին, ունի պայծառ դէմքեր, եւ կրնայ ըմբռնել արդարութիւնը, ընդունիլ գործուած պատմական չարիքները, ժողովուրդներու եւ մարդոց հետ բանալ փոխըմբռնումի, փոխհասկացողութեան, յարգանքի, համագործակցութեան եւ իրաւունքի գերակայութեան շրջան:

Այսօր Թուրքիա կոչուած աշխարհագրական տարածութիւնը եղած է հայրենիքը բազմաթիւ ժողովուրդներու, որոնք որպէս այդպիսին իրենց ինքնութեամբ ինքնիշխան ապրելու իրաւունք ունին: Այդ ընդարձակ տարածութեան մէջ տեղ կայ իւրաքանչիւրին, իր պատմութեան շարունակութիւնը ըլլալու եւ ինքնագլուխ ապրելու, հաստատելով իրարու միջեւ արդարութեան վրայ հիմնուած համագործակցութիւն: Ինչո՞ւ չխօսիլ այս մասին:Ինչո՞ւ չգումարել ինքնատիպ տիեզերական ժողով մը, ճշդելու համար զարգանալու եւ յառաջդիմելու բաւարար պայմաններ ունեցող հայրենիքներու սահմաններ թուրքերուն, հայերուն, քիւրտերուն, յոյներուն, ասորիներուն, բոլորի՛ն, զորս նուաստացնելով կը կոչեն փոքրամասնութիւններ:

Հայոց իրաւունքը վերականգնելու համար, ցեղասպանութեան ճանաչումը մասնակի է, անհրաժեշտ է այդ նուաստացած փոքրամասնութիւնները միացնել, անոնք ըլլան հայ, քիւրտ, ալեւի, ասորի, քաղդէացի եւ այլ, որոնք հաւասարպէս տուժած են եւ կը տուժեն թրքական հին եւ նոր կայսրութեան բռնակալութենէն: Պահանջել ամբողջական եւ ոչ մասնակի լուծումներ, ըսել որ արդարութեան տեսանկիւնէ Թուրքիան ժամանակավրէպ կայսրութիւն մըն է: Միջազգային համայնքը, ներառեալ իսլամական աշխարհը, այս պէտք է ըմբռնէ եւ ըստ այնմ գործէ:

Միջազգային պատմութեան դասաւորումները (գաղափարախօսական, զինուորական, տնտեսական եւ այլ), պատճառ եղան, որ Թուրքիան պաշտպան գտնէ Արեւմուտքի մէջ, ան օսմանեան կայսրութեան օրերէն ի վեր գիտցած է օգտագործել «պասքիւլ»ի խաղը, իր գոյութիւնը պահելու համար: Թուրքիոյ Աքիլլէսի կրունկն է փոքրամասնութիւններու թնճուկը՝ որպէս մնայուն խռովութիւններու պատճառ է եւ արտաքին աշխարհին կողմէ իր դէմ օգտագործուող զինք սանձելու միտող միջոց:

Թուրքիա հանրապետութիւն է, բայց իրողութեան մէջ կայսրութիւն է, օսմանեան փոքրացած կայսրութեան շարունակութիւն, քանի որ ստեղծուած է բազմաթիւ ժողովուրդներու հայրենիքներուն բռնագրաւումով, միշտ ունի կայսրութեան վերականգնման երազանք: Վիէննայի դռներուն կանգ առած օսմանեան կայսրութիւնը (1863) Եւրոպա հասած է իր զանգուածային աշխատաւոր-գաղթականութեամբ եւ կ’ուզէ մուտք գործել Պրիւքսէլի դուռով: Այդ ժողովուրդները ի սպառ չեն կորած, հետեւաբար չէ կորած նաեւ անոնց իրաւունքը, նոյնիսկ եթէ դրամի միջազգային կայսերապաշտութեան աշխարհը շահախնդրուածի կամաւոր կուրութեամբ կ’ընդունի կացութիւնը:

Պրիւքսէլի դուռով եթէ Թուրքիա Եւրոպա մտնէ, կը դառնայ անդամ ամենէն բազմամարդ երկիրը, իր ամենէն մեծ բանակով: Անդամակցութեան բանակցութիւնները սկսած են 3 հոկտեմբեր 2005ին: Եւրոպայի ղեկավարները բաւարար խելք ունին եւ պատմութիւն գիտեն, տեսնելու համար վտանգը: Երեւութապէս փոքրամասնութիւններու հարցը կը խոչնդոտէ Թուրքիոյ Եւրոմիութեան անդամակցութիւնը: Արդեօք ա՞յդ միայն: Ի՞նչ պէտք է հասկնալ գունաթափուած եւ պատմութենէն անջատուած փոքրամասնութիւններեզրով: Անհետացման դատապարտուած մարդատեսակնե՞ր են, ոչ-հետաքրքրական: Օրակարգ չեն մեծերու սեղանին: Ի՞նչ իմաստ տալ Մարդկային Իրաւանց:

«Յաղթական դաշնակիցները»,- ինչպէս սովորութիւն էր ըսել, այսօր եզրը փոխարինուած է «Արեւմուտք»ով, ծնունդ տուած էր «Ազգային Լիկային», որուն շարունակութիւն-ժառանգորդն է Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութիւնը,- Խաղաղութեան Վեհաժողովի սկզբունքները դրժեցին, խոստումներու դաշնագրերը մոռցուեցան, մրցակցութիւններու եւ մեծպետական շահերու հետապնդման ընթացքին: Այսօր ոչ ոք կը գայթակղի, ըսելով եւ գրելով «փոքրմասնութիւններ»՝ հաւաքականութիւններու մասին՝ որոնք իրենց պատմական հայրենիքին մէջ ապրած էին, փոքրացուած եւ տիրապետուած են: Իրենց երկրին մէջ ապրող ազգային հաւաքականութիւնները «փոքրամասնութիւն» կոչել քաղաքականութեան յոռեգոյն շնականութւնն է, ցինիզմ, մեղսակցութիւն չարին եւ չարիքին, ուրանալով Սեւրի դաշնագիրը, դառնալով անսկզբունք յաղթականներու ակումբ:

Առաջին աշխարհամարտի աւարտին, քաղաքակիրթ աշխարհը, կոյր դրամատիրութեան գերին դառնալով, անատակ եղաւ արդարութիւն եւ ճշմարտութիւն վերականգնելու, եւ այդ հունով առաջնորդեց մոլորակը, այդպէս կը շարունակէ այսօր: Սեւրի դաշնագիրը ուրանալով, քաղաքակիրթ աշխարհը վատութեամբ Թուրքիոյ հետ1923ին ստորագրեց Լոզանի դաշնագիրը, որ այլ բան չէր եթէ ոչ լքումը Թուրքիոյ լուծին տակ ապրած ժողովուրդներու: Քաղաքական հասարակ լեզուով Լոզանի դաշնագիրը կը համարուի ժամանակակից Թուրքիոյ ծննդեան վկայագիրը: Անով պաշտօնապէս ընդունուած եւ ճանչուած են միայն երեք փոքրամասնութիւններ. հայերը (55-600000), յոյները (5000), հրեաները (25000): Ոչ մէկ տեղ ճշդուած է, որ հայերը եւ յոյները աշխարհի այդ շրջանին մէջ եղած են տէր եւ բռնագրաւուած են անոնց բազմադարեան հայրենիքները, ուր ունեցած են արմատներ, պատմութիւն եւ մշակոյթ: Այլ է հրեաներու պարագան, որոնք եկած են որպէս գաղթական, հալածուելէ ետք Սպանիոյ մէջ, անոնք այդ հողերուն վրայ չեն ունեցած ոչ պատմութիւն, ոչ մշակոյթ, ոչ արմատ: Արեւելեան Եկեղեցիներու պատկանողները, ասորիներ, քաղդէացիներ, շուրջ 40.000, պաշտօնապէսփոքրամասնութիւն չեն, թէեւ որպէս այդպիսին նկատի կ’առնուին, իսկ անոնք ալ բռնագրաւուած հայրենիքներու ժառանգորդներ են: Եւ դեռ կան եզիտիները:

Macro-politique-ը այս մանրամասնութիւններով չի զբաղիր, անոնք ոչ թնդանօթի եւ ոչ ալ օդանաւի առք-վաճառքի հիւթալի շուկայ չեն:

Փոքրամասնութիւն եզրին ետին իրականութիւններ կան, որոնք նկատի չեն առնուիր: Թուրքիոյ տարածքին, փոքրամասնութիւն համարուող 50-60000 հայերէն անդին, կայ «հայկական» անգիտացուած զանգուած, զոր կը կոչենք իսլամացուած-թրքացուած, կանթաքուն հայեր, որոնք հազուադէպերէն հրապարակ կու գան, քանի որ չկան ապահովութեան երաշխիքներ, իրենց գոյութիւնը անգիտացող իշխանութեան եւ բրտութեան պատրաստ մոլեռանդութեան դէմ:

Թուրքիոյ մէջ փոքրամասնութիւն հասկացողութիւնը նկատի չունի ոչ ազգային պատկանելիութիւնը եւ ոչ ալ բնիկի քաղաքական իրաւունքը, ան սոսկ կրօնական դասակարգում է. հայ առաքելական, հայ կաթողիկէ, հայ աւետարանական, ասորի, քաղդէացի, յոյն ուղղափառ: Փոքրամասնութիւն պիտակով հաւաքականութիւններ:

«Թուրք ազգ»ը պատմութեան մէջ նոր երեւոյթ է, ներխուժող եւ որպէս  այդպիսին ներկայացող: Ան ընդունուած կամ պարտադրուած ցեղային պատկանելիութեան եւիսլամութեան հասարակ յայտարարով ինքզինք կը սահմանէ եւ կը հաստատէ, ոչ այդ աշխահագրական տարածքին հետ ունեցած արմատներով եւ ոչ ալ ինքնուրոյն մշակոյթով: Այս ըմբռնումով մէկութիւն ստեղծելու քաղաքական կամքի հետեւանքով, Թուրքիոյ մէջ ոչ մէկ ոչ-թուրք իսլամ խմբաւորում ընդունուած է որպէս տարբեր կամ ինքնուրոյն փոքրամասնութիւն: Կացութիւնը պարզացուած է. քիւրտերը (12-15 միլիոն), արաբները (1միլիոն), ալեւիները (թուրք եւ քիւրտ համատեղ 12-15 միլիոն), համագումար՝ 30 միլիոն:Ամէնքը կը համարուին թուրք, քանի որ իսլամ են, կամ թուրք ըլլալով իսլամ են: Օղակը սեղմուած է եւ փակ: Կան գաղթականներ, Կովկասէն, Խրիմէն, որոնք կառուցային ոչ մէկ կազմակերպութիւն ունին. աբխազներ, ալպանացիներ, պոսնիացիներ, որոնց ընդհանուր գումարը, ըստ գնահատումներու, 1 միլիոն է: Նաեւ չերքէզներ, վրացիներ, լազեր, թաթարներ: Կարգ մը խմբաւորումներ արագօրէն կը ձուլուին, խառն ամուսնութիւններու, լեզուական տեղատուութեան եւ հասարակաց կրօնի պատճառով:

Կառավարական քարոզչական մեքենան կը բանի: Հակադրուող լուսաբանական աշխատանք չկայ, ցոյց տալու համար, որ Թուրքիոյ պատմութիւնը ոչ մէկ է, ոչ միացեալ, ոչ հոն ապրողներու ներդաշնակութիւն: Գիրքեր, հեռատեսիլ, այլ միջոցներ, կը խօսին հայոց, յոյներու, հրեաներու կրած հալածանքներու եւ ապրելու դժուարութեան մասին: Յաճախ քիւրտերու եւ ալեւիներու դէմ եղած բռնութիւնները եւ հալածանքները կը յիշեցնեն, որ Թուրքիոյ մէկութիւնը ուժի վրայ հիմնուած է, ոչ արդարութեան կամ այլ հասարակաց արժէքի: Պետութիւնը կը մերժէ լսել այդ «փոքրամասնութիւններ»ը, պաշտօնապէս կ’անգիտանայ անոնց ինքնուրոյն գոյութիւնը, երբ աշխարհ գիտէ, որ հրամցուած մէկութեան թրքական պատկերը կեղծիք է:

Եւրոմիութիւնը կ’ակնկալէ, որ արմատական բարեկարգումներ կատարուին այս հարցերով, որպէսզի Պրիւքսէլ դռները բանայ: Թուրքիան կրնա՞յ գոհացում եւ երաշխիքներ տալ Եւրոմիութեան:

Հարցը ոչ տեսական է եւ ոչ բարոյախօսական:

Թուրքիոյ մէջ փոքրամասնութիւններու հարցը ծնունդ առած է երբ անոնց համար վարչական-քաղաքական բարենորոգումներու պահանջ դրուած է ԺԹ դարու կէսէն սկսեալ: Անոնք կը պաշտպանուէին փոխան ենթակայութեան, ունէին ներքին իրաւունքներ, զորս սուլթանները կը շնորհէին: Բարենորոգումներու պահանջը ոչ-իսլամ համայնքներու համար, պատճառ եղաւ, որ պետութիւնը ինքզինք սահմանէ իսլամութեան խորքի վրայ, որուն հետեւանքով քրիստոնեայ եւ քիչ մըն ալ իրենք զիրենք արեւմտականացած համարող փոքրամասնութիւնները շեշտուած կերպով զգան իսլամներու եւ իրենց միջեւ եղած տարբերութիւնը, առաջիններու տիրողի շեշտումով: Մէկ կողմէ խտրականութիւնը շեշտուեցաւ, միւս կողմէ քրիստոնեայ փոքրամասնութիւնները որդեգրեցին արեւմտեան ազատական եւ ազգային ազատագրական գաղափարները:

Ծնունդ առաւ խաւարամտութեան եւ մոլեռանդութեան մթնոլորտի մէջ թրքանան ազգայնականութիւնը, աւելի ճիշդ պիտի ըլլայ ըսել՝ թուրք-իսլամական ազգայնականութիւնը, որ պատճառ եղաւ հայերու ցեղասպանութեան եւ հայրենահանման: Անմասն չմնացին ասորիները եւ քաղդէացիները:

Առաջին աշխարհամարտի իր պարտութենէն եւ կայսրութեան փլուզումէն ետք, Թուրքիան վերականգնեցաւ շահագործելով կրօնական-ազգայնական մոլեռանդութիւնը, որ ծնունդ տուաւ իսլամներու եւ քրիստոնեաներու միջեւ պատերազմի, որուն արդիւնքը եղաւ Պոնտոսի յոյներու ջարդը եւ հեռացումը: Հեռացուեցան դաշնակից ուժերը, մանաւանդ՝ յունական, հարիւրհազարաւոր յոյներ հեռացան, բացի Պոլսոյ յոյներէն, փոխարէն Յունաստանէն 400.000 իսլամներ եկան Թուրքիա:

Լոզանի դաշնագիրը փոքրամասնութիւններու պաշտպանութեան դէմ գործուած մեծագոյն դաւաճանութիւնը հանդիսացաւ: Այս անվարան պէտք է պոռալ արդարութեան, ժողովրդավարութեան եւ մարդկային իրաւանց պաշտպան պետութիւններուն: Անոնք մնացին երկրորդ դասի քաղաքացիի վիճակին մէջ: Անոնք կը համարուէին «ներքին թշնամիներ», քրիստոնեաները, հրեաները: 1955-ին անոնց պարտադրուեցան տուրքեր եւ եղան հալածանքներ. յիշել 6-7 սեպտեմբերի հալածանքները, հայերու, յոյներու եւ հրեաներու դէմ: Նուազեցաւ Թուրքիոյ մէջ քրիստոնեաներու թիւը: Անոնք այսօր ոչ իսկ 1տոկոս են: Պատմութեան վերջին անզօր վկաներ:

Թուրքիոյ մէջ գոյութեան իրաւունք ունի միայն թուրքը: Միւսները կը հանդուրժուին, նոյնիսկ երբ իսլամ են, ալեւի, արաբ, քիւրտ, եզիտի, թաթար, կամ չեչէն:

Հակառակ Եւրոմիութեան պահանջներուն, փոքրամասնութիւնները երկրորդ դասի քաղաքացիներ են, մասնաւորաբար քրիստոնեաները, որոնց Լոզանի դաշնագրով սահմանուած նուազագոյն իրաւունքներն անգամ չեն յարգուիր: Անոնց զլացուած է կրօնական նոր հաստատութիւններ եւ դպրոցներ ստեղծել, կրօնականներ պատրաստել: Եթէ կրօնականներ չպատրաստուին, օր մը Տիեզերական պատրիարքական աթոռը թափուր պիտի մնայ, նոյնը կրնայ պատահիլ նաեւ հայկական պատրիարքութեան համար, քանի որ երկուքին համար պատրիարք ընտրուելու համար թուրքիոյ քաղաքացի ծնած ըլլալ նախապայման է, եւ ոչ մէկ կամ միւս եկեղեցիի կրօնական:

Թուրքիան ինքնիրեն կը թոյլատրէ ընդունիլ եւ մերժել իրաւունքներ եւ ճշմարտութիւններ: Ան չ’ընդունիր Պոլսոյ յոյն պատրիարքին տիեզերական ըլլալու հանգամանքը, կը մերժէ ալեւիները ընդունիլ որպէս կրօնական համայնք, զանոնք կը համարէ մշակութային խնդիր:

Քեմալական քաղաքական միտքին համար քրտական հարց չկար, քիւրտեր չկային կամ թշնամի էին: Հակառակ կարգ մը բարեկարգումներու, քիւրտերը կը մնան երկրի գլխաւոր ընդդիմադիր ուժը: Հետաքրքրական է գիտնալ, որ քիւրտերուն արտօնուած է իրենց զաւակներուն քրտական անուններ տալ, մէկ պայմանով, որ անոնք չունենան քրտական այբուբենի երեք տառերը, q, w, x, որոնք չկան թրքական այբուբենի մէջ: Անոնք կրնան քրտերէն ուսուցանել, բայց ոչ միայն քրտերէն, եւ ենթարկուիլ Կրթական նախարարութեան խիստ հսկողութեան:

Պետական քաղաքականութիւն է ընթացք չտալ փոքրամասնական ցանկութիւններու, ինչ որ կը համարուի թուրք ազգային ծրագրի տկարութիւն: Իր ստեղծման օրէն, թուրք պետութիւնը կը հիմնուի երկրի պատմական եւ ժողովրդագրական իրականութիւններու ժխտման վրայ, ինչպէս հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը, յոյներու, ասորիներու քաղդէացիներու դէմ հալածանքները: Յանցանք է յիշեցնել, որ քրիստոնեաներու թիւի 3 միլիոնը նուազած է եւ հասած է միայն 200.000ի:

Պարզ է, թուրք պետութիւնը հիմնուած է յաջորդական ոճիրներու եւ անարդարութիւններու վրայ:

Վերլուծաբաններ եւ տեսաբանններ կը սիրեն բառերը չարչրկել, կրնան խորհիլ, որ Թուրքիոյ հանրապետութիւն-կայսրութիւնը կրնայ ընթանալ դէպի յետ-ազգայնական վարչաձեւ մը, զինք բաղկացնող ազգերու համակեցութեամբ: Կայ նաեւ միւս պատկերացումը. Թուրքիան կրնայ ընթանալ դէպի աւելի կարծր ազգայնականութիւն, կայսերական երազներով, ինքզինք հալածուած համարելով եւ մեկուսանալով, զարգացնելով կայսերական Թուրքիոյ երազանքը, զոր արդէն բացորոշ կերպով կ’ուզէ մարմնաւորել այժմու նախագահը:

Պատմական չարիքին մեղսակից կ’ըլլայ միջազգային համայնքը, եթէ քաջութեամբ չվերադառնայ Սեւրի դաշնագրի պայմաններուն, ստոյգ անհետացումէ փրկելու համար ինչ որ կը կոչէին փոքրամասնութիւններ, եւ աշխարհի խնայելու համար նոր համաշխարհային պատերազմ մը՝ խարսխուած թրքական մոլեռանդութեան, ծաւալապաշտութեան եւ անհանդուրժողովութեան վրայ, որոնք, իրենց կարգին կրնան շահագործուիլ դրամի միջազգային կայսերապաշտութեան կողմէ: Բայց այս անգամ համաշխարհային պատերազմէն ոչ յաղթականներ, ոչ հերոսներ եւ ոչ արդարութիւն ալ պիտի ծնին: Հիրոշիման եւ Նակազաքին մանուկներու հեռատեսիլի պատերազմական խաղերուն պիտի նմանին:

Թուրքիան չի կրնար յաւերժացնել անարդարութիւնները եւ բռնագրաւումները: Սրբագրութիւններ եւ վերականգնումներ անյետաձգելի են: Համաշխարհային պարտականութիւն: Անիմաստ կ’ըլլայ օր մը ըսել՝ ուշացանք:

Այսօր պարտականութիւն է ըմբռնել, քաղաքակիրթ եւ օրէնքով առաջնորդուող երկիրներուն համար, Etats de droit, որ Թուրքիան բռնութեան, անիրաւութեան եւ ոճիրներու վրայ հիմնուած պետութիւն է, անոր կառոյցը եւ սահմանները հարկ է վերանայիլ յանուն ժողովուրդներու եւ մարդու իրաւունքին, այս՝ իրաւազրկուածներուն եւ նոյնինքն թուրք ժողովուրդին համար, եւ վասն համաշխարհային խաղաղութեան:

Այս կ’ըլլայ Խաղաղութեան Վեհաժողովի ուիլսընեան մեծ գաղափարներուն վերականգնումը, խաղաղութեան հաստատումը, եւ ազգերու խաղաղ գոյակցութիւնը:

Այս պէտք է ըլլայ կրկնուող եւ անվաղորդայն ցեղասպանութեան ճանաչումներու արշաւը փոխարինող հայկական քաղաքականութիւնը, հաստատելով իրաւ գործակցութիւն տուժած եւ տուժող ժողովուրդներուն, նաեւ իրաւ խաղաղութեան հետամուտ հեռուի եւ մօտի ժողովուրդներուն եւ երկիրներուն հետ, չբաւարարուելով մխիթարութեամբ եւ բարոյախօսութեամբ:

Ինչո՞ւ որպէս ամենէն աւելի տուժած երկիր եւ ժողովուրդ, հայութիւնը՝ Հայաստան եւ հայրենահանումի հետեւանք սփիւռքներ, պիտի չձեռնարկեն ապագայակերտ եւ համամարդկային այս աշխատանքին:

Փոխան յանկերգանման ոգեկոչումներու, ինչո՞ւ աշխարհէն պիտի չպահանջենք վերջ տալ թրքական եւ ազրպէյճանական ցեղապաշտական-կրօնապաշտական մոլեռանդութեան քաղաքականութեան եւ նկրտումներուն, ոչ միայն հայերու բարիքին համար, այլ նաեւ ու մանաւանդ աշխարհի խաղաղութեան, այլապէս խոտորումները կը բազմապատկուին եւ կը դառնան ընթացիկ, աստ եւ անդ: Այսինքն, քաջութեամբ պէտք է ստնաձնել այսօրուան եւ վաղուան պատասխանատուութիւնները: Այս ըսել՝ առանց ճապկումներու:

Կրնա՞ն մեծեր եւ նուազ մեծեր չհասկնալ ապագայի համար նման մեծ առաքելութեան մը քաղաքական իմաստութիւնը:

Բայց նախ մենք պէտք է հասկնանք՝ մեր սիրած ամէն կարգի շաուներէ առաջ: