Աննա Յակոբեանի Այցելութիւններ Պոսթըն եւ Ուաշինկթըն

Հայաստան, Սփիւռք

Ապրիլ 1-ին Միացեալ Նահանգներ ժամանեց  վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կողակիցը՝ Աննա Յակոբեան, որ “Իմ Քայլը” եւ “Ժպիտներու Քաղաք” բարեգործական հիմնադրամներու հոգաբարձուներու խորհուրդի նախագահն է: Այս մասին կը հաղորդէ «Հայրենիք»-ը։

Պատուիրակութիւնը այցելեց “Հայրենիք” հաստատութիւնը, ուր դիմաւորուեցաւ անձնակազմին եւ Ա.Մ.Ն. արեւելեան շրջանի Հ.Յ.Դ.-ի Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ Ճորճ Աղճայեանի կողմէ: Յակոբեան այցելեց, հաստատութենէն ներս գտնուող Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան արխիւները: Աղճայեան քանի մը հետաքրքրական գրութիւններ եւ լուսանկարներ ցոյց տուաւ, որոնց կարգին Սիմոն Վրացեանի ձեռամբ գրած “Հայաստանի Հանրապետութիւն”-էն էջ մը։

Նաեւ Յակոբեան այցելեց ցայսօր հրատարակուող ամենահին հայատառ 120-ամեայ թերթին խմբագրատունը: Մեկնելու ժամանակ, անոր յանձնուեցաւ, վերջերս անգլերէնի թարգմանուած Անդրանիկ Ծառուկեանի “Թուղթ առ Երեւան”-էն օրինակ մը։

Նախապէս, տիկին Յակոբեան այցելած էր Ազգային Սուրբ Ստեփանոս երկրորդական , վարժարան, ապա տեսակցութիւն ունեցած էր “Հարվըրտ” եւ “MIT” համալսարաններու հայ ուսանողներուն հետ։Ապրիլ 4-ին, հայրենի պատուիրակութիւնը ժամանած էր Պոսթըն եւ այցելած քաղաքի կեդրոնական շրջանի “Ռոզ Ֆիցճերըլտ Քեննետի Կրինուէյ” հողաշերտին վրայ, գտնուող Հայոց Ժառանգութեան Հիմնարկի կառուցած յուշահամալիրը: Ապա երեկոյեան, նախքան պաշտօնական ընթրիքը, կատարուած էր հանդիպումը՝ գաղութին հետ, Ամերիկայի Հայկական թանգարան-գրատան (ALMA) մէջ, ուր տիկին Յակոբեանին ցուցադրուեցան Հայոց Ցեղասպանութէնէն մնացած յիշատակելի իրեր, նաեւ այլ պատմական եւ մշակութային գործեր: Ընդունելութեան աւարտին, խօսք առաւ  Աննա Յակոբեան՝ ներկայացնելով իր գլխաւորած “Իմ Քայլը” եւ “Ժպիտներու Քաղաք” բարեգործական հիմնադրամներու գործունէութիւնը եւ ծրագիրները:

Ուաշինկթընի մէջ Հայաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Վարուժան Ներսէսեանի, Ամերիկայի Քոնկրէսի գրադարանի փոխտնօրէն Մաքս Սուինի եւ Քոնկրէսի գրադարանի Հայաստանի եւ Վրաստանի նախկին գլխաւոր մասնագէտ Լեւոն Աւտոյեանի ուղեկցութեամբ, տիկին Յակոբեան այցելեց Քոնկրէսի գրադարանը եւ ծանօթացաւ գրադարանի ստեղծման պատմութեան ու ցուցանմոյշներուն:

Ան ծանօթացաւ նաեւ գրադարանի հայկական մանրանկարներուն եւ գիրքերուն:

Քոնկրէսի շէնքին մէջ, ի պատիւ տիկին Յակոբեանի՝ տեղի ունեցաւ ընդունելութիւն մը, որ կազմակերպուած էր Քոնկրէսի հայկական հարցերու յանձնախումբի անդամ Աննա Էշուի եւ յանձնախումբի համանախագահ Ճեքի Սփիրի կողմէ: Ներկայ էին քոնկրէսականաներ Ատամ Շիֆ, Ֆրենք Փալոն, Քեթրին Քլարք, Ճեֆրի Ֆորթենպերի, Մայքըլ Թոմսըն, Ճոն Քոքս, Ճուտի Չու, Ռաժա Քրիշնամուրթի, Թամ Սուազի, Տորիս Մացուի եւ Զօուի Լաֆկրըն:

Ընդունելութեան ընթացքին խօսք առին Աննա Էշու, Ճեքի Սփիր եւ Ատըմ Շիֆ։

Անոնք խօսեցան Հայաստանի մէջ տարի մը առաջ տեղի ունեցած խաղաղ Թաւշեայ յեղափոխութեան, ինչպէս նաեւ Աննա Յակոբեանի ղեկավարած երկու հիմնադրամներուն գործունէութեան մասին: Ընդունելութեան աւարտին, անգամ մը եւս խօսք առաւ  Աննա Յակոբեան՝ ներկայացնելով իր գլխաւորած հիմնադրամներու գործունէութիւնը եւ ծրագիրները:

Յակոբեան նաեւ հանդիպեցաւ հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ, որոնց շարքին Հայ Դատի յանձնախումբի անդամներուն եւ տարբեր ծրագիրներու մասնակցող երիտասարդներու հետ:

Պատուիրակութեան մաս կը կազմեն §Իմ Քայլը¦ բարեգործական հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Յովհաննէս Ղազարեան եւ “Ժպիտներու Քաղաք” բարեգործական հիմնադրամի գործադիր տնօրէն՝ Էսթեր Տեմիրճեան:

Նշենք, թէ աւելի քան երկու շաբաթ տեւողութեամբ Միացեալ Նահանգներ իր այցելութեան ընթացքին, Հայաստանի վարչապետի տիկինը պիտի փորձէ գումարներ հանգանակել “Իմ Քայլը” եւ “Ժպիտներու Քաղաք” բարեգործական հիմնադրամներուն համար։ Մեմֆիս (Թեննըսի) քաղաքի  “Սէնթ Ճուտ” մանկական հետազօտական հիւանդանոցին հետ տիկին Յակոբեան՝ յանուն “Ժպիտներու Քաղաք” բարեգործական հիմնադրամին եւ Հայաստանի մանկական քաղցկեղի եւ արեան հիւանդութիւններու կեդրոնին յուշագիր պիտի ստորագրէ:

Այս շաբաթավերջին, Լոս Անճելըս մեկնելով տիկին Յակոբեան պիտի մասնակցի Հայաստանի հիւպատոսութեան 25-ամեակին նուիրուած ձեռնարկին, նաեւ Ամերիկահայ բժշկական միութեան գործունէութեան 34-ամեակի նուիրուած տօնակատարութեան, որուն գլխաւոր բանախօսն է։ Այս ձեռնարկի ընթացքին, միութիւնը նաեւ պիտի մեծարէ ամերիկահայ երաժիշտ Սերժ Թանգեանը, անոր յանձնելով “Կեանքի Իրագործումներ” մրցանակը:

Ձեռնարկին հասոյթը պիտի տրամադրուի “Ժպիտներու Քաղաք” բարեգործական հիմնադրամին՝ մանկական քաղցկեղի յաղթահարման ծառայութիւններուն: