Բդեշխ Ջա՜ն, Գունտստապլ, Թագաւոր Ջա՜ն, Իմ Ընկերք

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Կարօ Թաշճեան

«Գողնալը յանցագործութիւն է,
շատ գողնալը` բիզնես,
իսկ սաղ ազգին թալանելը` այդ արդէն
քաղաքականութիւն է»:

Իմ հի՜ն ու հարազա՛տ ընկեր բդեշխ ջա՜ն,

Կը յիշե՞ս, սիրելի՛ս, մեր հի՜ն օրերը, երբ պատանի էինք, զուարթ լաճեր, անհոգ` գիւղի դաշտերն ու բլուրները պտտող, կէս անօթի՜:

Կը յիշե՞ս, սիրելի՛ս, այն գիշերը պայծառ, երբ քով քովի նստած, մեր թաղին անկիւնը, Էլիզ հօրքուրենց տունէն քիչ անդին, քաղաքապետարանի պարտէզին պատին նստած` խոստովանեցանք իրար, որ սրբազան հուրը հրահարուած Է ու սիրահարած ենք, ես` Մարալին, նրբագեղ ու սլացիկ հայեացքով, դուն` Թալինին, գեղադէմ ու կլորիկ: Կը յիշե՞ս, ընկե՛ր թագաւոր, այն մեր սիրոյ առաջին նամակները, զորս խմբագրեցինք միասին մեր սիրածներուն աննման: Քու սէրն ընդունեց Թալինը, իմը մերժեց Մարալը, բազմապատկեցի ուրախութիւնդ, բաժնեցիր վիշտս: Յաղթող էիր սկիզբէն, ու աելի խելացի, աւելի փայլուն եւ, հետեւաբար, արդարօրէն միաձայնութեամբ քեզ ընտրեցինք ղեկավարը մեր խումբին:

Շարունակեցինք պտտիլ ոլոր մոլոր ճամբաներով մեր գիւղին` մեր ոտքերով հերկելով գիւղի դաշտերն ու լեռները սիրասուն: Կը յիշե՞ս, վեզի՛ր ընկեր, երբ խարխլած ինքնաշարժդ մարեցաւ սիրած Թամարիս տան դիմաց, ստիպուեցայ մուճակ հագած` ինքնաշարժդ հրմշտկել կարմրած ու զայրոյթո՛վ.  դուրսը, ընկուզենիին տակ նստած սիրուն Թամարն Ախթամարայ, Մալխասի «Զարթօնք»-ը կը կարդար…  Աչքիս պոչովը տեսայ, թէ ինչպէ՜ս շիկնած` քրքիջը կը զսպէր, մարզպետ ջան, ի՛մ ընկեր…

Եւ ԱՆԿԱՍԿԱԾ կը յիշես գետեզերքի ապտակները, ու զէնքերը սրբազան, որոնք պինդ սեղմած մեր սրտին, մեր հոգւոյն, ցեխերուն մէջ մենք խրած` երդում տուինք պաշտպան դառնալ մեր հողին:

Անցան օրե՜ր… Իմ սիրասուն ու իմաստուն ընկեր, դարձար ազգի ղեկավար, ազգը ընտրեց քեզ եւ չէր սխալած: Աստծոյ շնորհով էիր, ազնի՛ւ, խղճո՜վ, խելքով լեցուն ու ճարպիկ: Հայրենիքը սահմաններով  շա՜տ ընդարձակուեցաւ քու օրով, հայ մայրեր անտրտունջ նուիրաբերեցին իրենց մատղաշ զաւակները, ժողովուրդի բանակն արի ազատագրեց շա՜տ տարածքներ, սրբազան մեր հայրենիքի բեկորներ…

Սակայն ափսո՜ս, հազա՛ր ափսոս, հայրենիքը ձեր իսկ մեղքով սնանկացաւ, սրբազան նահատակ զաւակներու մայրերն ու զաւակներն դարձան հացի կարօտ: Իմ հին ընկեր թագաւո՛ր ջան, ես ամէն օր կը լսեմ լացի ձայնը մեր դրացի մանուկ Լալեզարին, որ կը մերժէ ոսպով փիլաւ ուտել նորէն եւ մեծ մօրմէն լաւ ծեծ կ՛ուտէ ատոր համար: Իր մեծ մայրը մի՛ այպանէք, նախագահ ջան, ցաւէն կ՛ոռնայ խեղճ պառաւը, երբ սիրասուն իր թոռանը կը հարուածէ:

Իմ հին ու հարազատ ընկեր բդե՛շխ ջան, ձեզի պատմեմ իմ լաւ ընկեր վարորդ Յարութին պատմութիւնն ալ: Արդէն 72 տարեկան է պարոն Յարութը վսեմ, ունի երկու արու զաւակ, չորս արու թոռ աննման: Աշխատասէր հայ պապուկ է Յարութը, այս տարիքին իր թոռներն ու զաւակները կը կերակրէ Յարութ պապը, խա՜չը վկայ, շատ գործ չկայ մեր երկիրը` Լիբանան, հազիւ տան վարձք կը հասցնեն զաւակները Յարութ պապին, իմ հի՜ն ընկեր վեզիր ջան, դպրոցական հաց ու պանիր Յարութ պապը կ՛ապահովէ, ձմեռն անձրեւին, ցուրտին, ամրան շոգին. առողջութիւնը Յարութ պապին` սկսած է նահանջել, կինն ալ լաւ չէ, մարզպետ ջան, դեղերը սո՜ւղ, Յարութը ծե՜ր, ըլլալիք չէ, հոգի՛դ ուտեմ, գունտստապլ, մեծապատիւ իմ ընկեր: Այս բոլոր տարտն ու ցաւը չէր բաւեր, երէկ գիշեր Յարութ պապի սառնարանն էր աւրուեր…

Իսկ դուք, իմ հին ընկեր նախագահ ջան, 10 միլիոն տոլար, որ ամէն տարի ամբողջ ազգով հայրենիքին համար կը հանգանակենք, մէկ գիշերուան մէջ բախտախաղի սեղաններու վրայ կ՛այրէք: Յարութ պապը ու Լալեզարին մեծ մայրը, միայն գիտնաք, ի՜նչ մե՛ծ սիրով մասնակից են ազգակերտման նուիրական այդ գործին:

Իմ ջինջ ու հարազատ ընկեր, բդե՛շխ ջա՜ն, գունտստապլ, վեզիր ջա՜ն, թագաւոր ջա՜ն, ձեր ջի՜նջ, խրոխտ, հզօր, ու հուր ցայտող աչքե՜րը ես կը յիշեմ… Աւա՜ղ, ափսո՜ս, ես հոն, սակայն, նոյն վսե՛մ, ազնուական փայլքը ա՛լ չեմ տեսներ: Արդեօք ձեր հոգիներն ո՞ւր ծախեցիք, թագաւորք ջա՜ն եւ որո՞ւ…

Իմ հի՜ն ընկեր թագաւոր ջա՜ն, ա՛լ դուն ինծի հարազատ չե՛ս: