Վիրահայոց Թեմի Առաջնորդը ու Սամցխէ-Ջաւախքի Ընդհանուր Առաջնորդական Փոխանորդը Այցելեցին Վանդալութեան Ենթարկուած Ճգնաւորի Վանք

Սփիւռք

Վիրահայոց թեմի առաջնորդ Գերաշնորհ Տէր Վազգէն եպիսկոպոս Միրզախանեան եւ Սամցխէ-Ջաւախքի ու Ծալկայի ընդհանուր առաջնորդական փոխանորդ Հոգեշնորհ Տէր Մաղաքեայ վարդապետ Ամիրեան, Ապրիլ 5-ին, իբրեւ ուխտաւոր՝ այցելեցին 12-րդ դարու Ճգնաւորի վանք, որ Ապրիլ 3-ին ենթարկուած էր վանդալութեան: Հոգեւոր հայրերը, ճանապարհին, հանդիպեցան Ախալքալաքի ոստիկանութեան ներկայացուցիչներուն, որոնք կը վերահսկէին վայրը: Սրբավայրին մէջ, Գերաշնորհ Սրբազան Հայրն ու Հոգեշնորհ Հայր Սուրբը աղօթեցին եւ շարականներ երգեցին եւ մեծ ցաւ ապրեցան՝ տեսնելով վանդալութեան հետքերը:

Հոգեւոր հայրերը կը դատապարտեն կատարուածը եւ համոզուած են, որ ասիկա,  ամենայն հաւանականութեամբ, կատարուած է ո՛չ հաւասարակշիռ մարդոց կողմէ, քանի որ մատուռին մէջ չէ եղած որեւէ արժէքաւոր իր, որ կրնար հետաքրքրութիւն առաջացնել: Կոտրած են ներսը գտնուող սրբապատկերները, քանդակները, խաչերը: Հարեւանութեամբ ապրող մարդոց կողմէ մաքրուած են վանդալութեան հետքերը եւ կրկին կը շարունակեն այցելել եւ մոմ վառել սրբավայրին մէջ: Ճգնաւորի վանքը յայտնի է անով, որ Սուրբ Ծննդեան եւ Ջրօրհնէքի օրը՝ Յունուար 6-ին, Ախալքալաքի հաւատացեալ երիտասարդները կ՝երթան վանք, անոր տակէն բխող աղբիւրին մօտ գոյացած աւազանին մէջ լողալու: Ըստ աւանդութեան՝ շատերը նաեւ կ՝առողջանան:


Սամցխէ-Ջաւախքի եւ Ծալկայի ընդհանուր առաջնորդական փոխանորդութեան մամլոյ դիւան