«Աշխատեցէք մարդ ըլլալ, մարդը տիեզերքի բարձրագոյն արժէքն է». Լեւոն Շանթ 150-ամեակ

Այլեւայլ, Յօդուածներ – Զրոյցներ

Այսօր Լեւոն Շանթի ծննդեան օրն է, 150-ամեակը։

Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան ողջ ընտանիքի անունով կը շնորհաւորենք մեր ժողովուրդին հայ գրականութեան եւ հայոց պատմութեան մէջ Լեւոն Շանթ ունենալու համար:
Տաղանդաշատ գրողն ու քաղաքական գործիչը Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան հիմնադիրներէն է, ով յստակ գիտակցեցաւ, որ հայրենիքէն դուրս հայապապանութիւնը հնարաւոր է, եթէ տէր կանգնիս քու ազգային հոգեւոր արժէքներուն ու ստանձնես հայ մշակոյթը սերունդներուն փոխանցելու առաքելութիւնը:
Հայ գրականութեան երեւելիներէն գրող մանկավարժ, հասարակական գործիչ ՝ Լեւոն Շանթի ողջ կեանքը նուիրում էր հայրենիքին ու հայութեան, սակայն տարիներ շարունակ, ան մերժուած էր Խորհրդային Հայաստանի մէջ: Անոր հանճարեղ գործերը կը կարդային թաքուն, կ’ոգեւորուէին ու կ’ոգեշնչուէին, բայց կը վախնային՝ բարձրաձայնել:
Բարեբախտութիւն է, որ այսօր իւրաքանչիւր հայ մարդ հնարաւորութիւն ունի հաղորդակցուիլ հանճարեղ գրողին:
Լեւոն Շանթի բարոյական սկզբունքները չէին բխեր անոր կրօնական հաւատալիքներէն: Ան կ’ուզէր կանոնակարգուած դաւանաբանութիւնը խարսխուած տեսնել օրէնքներու վրայ: Անոր հիմնական ստեղծագործութիւններուն հիմքը ունայնութեան գաղափարն է: Ըստ Շանթի կեանքը ունայն է, եւ այդ ունայնութիւնը կոծկելու համար ամէն մէկը իւրովի կ’իմաստաւորէ իր կեանքը: Շանթը խորհրդապաշտութենէն կ’երթայ իրապաշտութիւն «Հին աստուածներէն» մինչեւ՝ «Օշին Պայլ»: Շանթի կարծիքով գրականութեան մէջ չկան մերկապարանոց ճշմարտութիւններ: Ճշմարտութիւն ասուածը մէկ մարդու կարծիք է, որ կրնայ նոյնքան սխալ ըլլալ, որքան մարդը:
Ինքն իր մէջ նայող Շանթը կը սկսի դուրս նայիլ եւ յանգիլ հետեւեալին՝ «Աշխատեցէք մարդ ըլլալ, մարդը տիեզերքի բարձրագոյն արժէքն է»։

«Համազգային»ի Երեւանի գրասենեակի տնօրէն

Ռուզան Առաքէլեան