Իրանի Հայ Բժիշկները Իրենց Մասնագիտական Կարողութիւններով Կ’օժանդակեն Արցախին

Հայաստան, Սփիւռք

Ապրիլ 1-ին Թեհրանի «Թեւանիկ», «Իրանի հայ բժիշկներու միութեան» անդամները եւ Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի «Դաշնակցութիւն» խմբակցութեան անդամ Ռիթա Մնացականեան հանդիպած են Արցախի Հանրապետութեան առողջապահութեան նախարար Արայիկ Բաղրեանի հետ: Հանդիպման ընթացքին նախարարը ներկայացուցած է Արցախի առողջապահութեան ոլորտի առանձնայատկութիւնները, որոնք եւ պէտք է հիմք հանդիսանան յետագայ համագործակցութեան եւ պարբերական շփումներու:

«Քննարկուած են Իրանի հայ բժիշկներու մասնագիտական կարողութիւններն Արցախին ծառայեցնելու հնարաւոր տարբերակները եւ մասնագիտական փոխանակման հարցեր»,- Ապառաժի փոխանցմամբ՝ ըսած է «Թեւանիկ» խումբի պատասխանատու Իւեթ Դանիէլեան եւ նշած, որ այս ճանաչողական այցը ունի մեծ ծրագիր դառնալու նախադրեալ:

Իրանէն ժամանած բարեգործները այցելած են Հանրապետական բժշկական կեդրոն, Շուշիի եւ Ասկերանի շրջանային բժշկական միաւորումներ, ուր իրականացուցած են փորձնական գործնական աշխատանքներ` «Արդիւնաւէտ հաղորդակցութեան հմտութիւններն առողջապահական համակարգին մէջ» թեմայով` առողջապահական ոլորտին մէջ աշխատող աւելի քան 50 մասնագէտի հետ:

Ատամնաբուժական ոլորտի մասնագէտներն ալ հանդիպած են «Տենտեքս» եւ «Ձեռք ձեռքի» կազմակերպութիւններու տնօրէններու եւ մասնագէտներու հետ, ուր եւս կատարած են գործնական աշխատանքներ:

Նախարար Բաղրեան ողջունած է առողջապահական ոլորտի մասնագէտներու այցն Արցախ եւ վստահութիւն յայտնած յետագայ համատեղ ծրագիրներու իրականացման հարցին մէջ: