Մեկնարկած է Զինուած Ուժերու Ղեկավար Կազմի Գործնական Հաւաքը

Հայաստան

ՀՀ ՊՆ վարչական համալիրին մէջ Մարտ 25-ին մեկնարկած է զինուած ուժերու ղեկավար կազմի հաւաքը: Հայկական երկու հանրապետութիւններու զինուած ուժերու փոխգործակցութեան ծիրէն ներս հաւաքին կը մասնակցին նաեւ Արցախի պաշտպանութեան բանակի հրամատարական կազմի ներկայացուցիչները:

ՀՀ պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեան հանդէս եկած է «Ռազմաքաղաքական իրավիճակը տարածաշրջանին մէջ, անկէ բխող հնարաւոր զարգացումները» նիւթով դասախօսութեամբ:

ՀՀ պաշտպանական նախարարը հաւաքի մասնակիցներուն ներկայացուցած Հայաստանի եւ Արցախի շուրջ անվտանգային միջավայրի հիմնական մարտահրաւէրները, արտաքին, ինչպէս` ռազմական բնոյթի սպառնալիքները, տարածաշրջանային շահերու եւ հակամարտութիւններու ոլորտին մէջ առկայ եւ հաւանական զարգացումները, Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման գործընթացին մէջ հայկական կողմի համար բարենպաստ բանակցային պայմաններ ապահովելու հիմնական գրաւականները:

Զինուած ուժերու ղեկավար կազմի գործնական հաւաքին դասախօսութեամբ հանդէս եկած է նաեւ ՀՀ արտաքին գործոց նախարար Զոհրապ Մնացականեան:

Ան ներկայացուցած է Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի խաղաղ կարգաւորման գործընթացին մէջ Հայաստանի մօտեցումները եւ սկզբունքային դիրքորոշումը, տարածաշրջանային զարգացումները եւ այն կարեւորագոյն ազդակներն ու գործօնները, որոնք կրնան դերակատարութիւն ունենալ այս հարցով:

ՀՀ արտաքին գործերի նախարարը եւս մէկ անգամ փաստած է, որ Լեռնային Ղարաղաբի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման գործընթացը այլընտրանք չունի:

Յիշեցնենք, որ կը նախատեսուի նաեւ վարչապետ նիկոլ Փաշինեանի մասնակցութիւնը հաւաքին: