Հենրիխ Մխիթարեան Նախագահ Արմէն Սարգսեանին Մարզաշապիկ Նուիրած է

Այլեւայլ, Հայաստան

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան Մարտ 25-ին հիւրընկալած է Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի աւագ, Լոնտոնի «Արսենալ» խումբի կիսապաշտպան Հենրիխ Մխիթարեանին: Հանդիպման ներկայ եղած է նաեւ գիւմրեցի դպրոցական, Մխիթարեանի համակիր Մանուէլ Լոռեցեանը:

Ինչպէս կը տեղեկացնէ ՀՀ նախագահի մամլոյ վարչութիւնը, երբ անցեալ շաբաթավերջը նախագահ Սարգսեան այցելած էր Գիւմրի, քաղաքի կեդրոնը պտոյտի պահուն պատահաբար ականատես եղած է նկարահանուող ֆիլմի մը աշխատանքներուն: Նախագահը ծանօթացած էր ֆիլմի պատմութեան, փոքրիկ դերակատարներուն` Անիին եւ Մանուէլին հետ: Նկարահանման հրապարակէն ջերմ զրոյցը այնուհետեւ տեղափոխուծ էր մօտակայ սրճարան:

Պարզուած էր, որ Մանուէլը ֆութպոլ շատ կը սիրէ եւ յատկապէս Հայաստանի ֆութպոլիստ Հենրիխ Մխիթարեանի կը համակրի: Իմանալով Մխիթարեանի հետ հանդիպելու` փոքրիկ Մանուէլի վաղեմի ցանկութիւնը, նախագահ Սարգսեան խոստացած էր անոր այդպիսի հնարաւորութիւն ընձեռել:

Եւ ահա Հանրապետութեան նախագահի նստավայրին մէջ Մարտ 25-ին այդ հանդիպումը տեղի ունեցաւ: «Երբ ես Մանուէլին հարցուցի, թէ որն է իր երազանքը, ըսաւ` կ՛ուզեմ ֆութպոլիստ դառնալ`Հենրիխ Մխիթարեանի նման»,- Մանուէլին ու Հենրիխին այսպէս ծանօթացուցած է նախագահ Սարգսեանը:

Ոչ պաշտօնական մթնոլորտի մէջ նախագահ Սարգսեան, Հենրիխ Մխիթարեան եւ գիւմրեցի փոքրիկ ֆութպոլասէրը զրուցած են ֆութպոլի ու Մանուէլի մանկական հետաքրքրութիւններու ու նախասիրութիւններու, երազանքներու մասին: «Կը տեսնե՞ս` ինչ պարզ են մարդոց երազանքները, կրնան մէկ օրուան մէջ կատարուիլ» ,- Մանուէլին ըսած է նախագահը:

Հենրիխ Մխիթարեան իր մակագրութեամբ ֆութպոլի գնդակ նուիրած է գիւմրեցի երկրպագուին: Իսկ Հանրապետութեան նախագահին եւ անուանի ֆութպոլիստին հետ համատեղ լուսանկարը ամբողջացուցած է գիւմրեցի Մանուէլին` տպաւորութիւններով հարուստ օրը:

Այնուհետեւ Հանրապետութեան նախագահն ու Հայաստանի հաւաքականի աւագը խօսած են ֆութպոլի զարգացման ընդհանուր միտումներու, հաւաքականի խաղերուն ու անոր առջեւ դրուած խնդիրներուն, Անգլիոյ ախոյեանութեան եւ Լոնտոնի «Արսենալ»-ի մասին:

Հենրիխ Մխիթարեան նախագահ Սարգսեանին իր մակագրութեամբ մարզաշապիկ նուիրած է: