«Ինչի՞ Կը սպասէք, Գուցէ Եւս Մէկ Ցեղասպանութեա՞ն». Սերժ Թանքեան Կոչ Յղած է Միջազգային Հանրութեան

Աշխարհ, Սփիւռք

Անդրադառնալով Նոր Զելանտայի մէջ այս շաբաթ տեղի ունեցած ահաբեկչութեան եւ ատոր յաջորդած Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի յայտարարութիւններուն` աշխարհահռչակ երաժիշտ Սերժ Թանքեան կոչ ըրած է վերջ դնելու Կալիպոլիի ուխտագնացութեան:

«Որպէս ամերիկահայ, որուն նանխնիները անձամբ ականատես եղած են վայրագութիւններուն, Կալիպոլիի ճակատամարտի օրուան նուիրուած ուխտագնացութիւնը միշտ դիտարկած եմ որպէս թրքական քարոզարշաւ: Ես կը յարգեմ իրենց զոհուած հերոսներուն յարգանքի տուրք մատուցող ընտանիքները, սակայն չեմ վստահիր ժամանակակից Թուրքիոյ ղեկավարներու մտադրութիւններուն», — ըսած է Թանքեանի Newshub-ի մէջ հրապարակուած յօդուածին մէջ:

Վերջինս նշած է, որ Էրտողան իր նախընտրական ելոյթներու ժամանակ կ՛օգտագործէ նոր Զելանտայի Քրայսթչերչ քաղաքին մէջ տեղի ունեցած ահաբեկչութեան պատկերները` բացայայտ ահաբեկելով նորզելանտացիներն ու աւստրալացիները. «Ձեր նախնիները եկան, անոնցմէ ոմանք ետ դարձան դագաղներու մէջ: Եթէ դուք գաք ինչպէս ձեր նախնիները, վստահ եղէք, որ կը հեռանաք անոնց նման»:

«Ես հարցում մը ունիմ ողջ աշխարհի մէջ որոշում կայացնողներուն. ի՞նչ պէտք է ձեզի հասկնալու համար, որ բռնակալ մը, որ կը բանտարկէ լրագրողները, ընդդիմութեան առաջնորդներն ու փոքրամասնութեան ներկայացուցիչները, հասանելիութիւն ապահոված է ԻՊ-ի համար Պոլսոյ հիւանդանոցներուն եւ սրճարաններուն մէջ, հեռացուցած է աւելի քան 100 000 ուսուցիչ, ոստիկան եւ ակադեմիկոսներ եւ խստօրէն կը հերքէ հայերու, ասորիներու եւ յոյներու ցեղասպանութիւնը, կը շարունակէ ապակայունութիւն ստեղծել ողջ տարածաշրջանին եւ աշխարհի մէջ: Իսկապէս, ինչի՞  կը սպասէք դուք: Գուցէ եւս մէկ ցեղասպանութեա՞ն», — գրած է Թանքեան:

«Ե՞րբ պիտի գայ ժամանակը ըսելու. «Բաւական է»: Մենք չենք պատրաստուիր համաձայնելու բռնակալի  հետ առեւտուրի, աշխարհաքաղաքական առաւելութեան կամ ռազմական ուղղաթիռներու վաճառքի համար: Նոր Զելանտան ԱՄՆ-ն չէ եւ պէտք է աւելի բարոյական ուղի ընտրէ», — եզրափակած է Նոր Զելանտիա գտնուող երաժիշտը: